Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցան Տիարպաքըրի մէջ։ Ներկայ շաբթուան դրութեամբ Տիարպաքըրի մէջ կը սկսին Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալի ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով քաղաքի պատմական կեդրոնի բազմաթիւ սրբավայրեր վնասուած էին։ Ընթացքին անոնցմէ ոմանք վերանորոգուեցան, ոմանք ալ կը սպասէին հերթի։ Այս իրավիճակին մէջ Պատրիարքական Աթոռը միշտ հետեւողական եղած էր՝ ապահովելու համար Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը։ Վերջապէս այս ծրագիրը հասունցաւ եւ այս շաբթուան դրութեամբ թէ՛ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ եւ թէ շրջանի քաղդէական եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները կը սկսին։ Շինարարական աշխատանքներու մեկնարկը զուգադիպեցաւ նախագահ Էրտողանի շաբաթավերջի Տիարպաքըր այցելութեան։ Այս իրավիճակին մէջ հաւանական է, որ Հանրապետութեան նախագահը այցելէր այդ եկեղեցիները։ Ուստի, տուեալ եկեղեցիներու հովուապետները արդէն Տիարպաքըրի մէջ էին։ Թէեւ անվտանգութեան նկրտումներով վերջին պահուն սրբավայրերու այցելութիւնը յետաձգուեցաւ, սակայն Հանրապետութեան նախագահը Տիարպաքըրի կուսակալութեան մէջ տեսակցեցաւ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Հարկ է նշել, որ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը պիտի իրականանայ պետական միջոցներով եւ ծրագրի վերահսկողութիւնը վստահուած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։
Նախագահ Էրտողանի եւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիպումը շաբաթ երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ Տիարպաքըրի կուսակալութեան մէջ։ Ժամկէտի զուգադիպութեամբ այս տեսակցութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ նախագահ Էրտողան անձամբ նորին սրբազնութեան վշտակցութիւն յայտնէ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման կապակցութեամբ։ Ընդհանուր փոխանորդն ալ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահի բարոյական զօրակցութեան համար։
Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վախճանման կապակցութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ կապ հաստատելով ցաւակցութիւն յայտնեցին նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու։
Միւս կողմէ, այսօր կէսօրուան ժամերուն Գումգաբու կ՚այցելեն Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ գլխաւոր քաղաքապետ Մեւլիւտ Ույսալ, որոնք Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին պաշտօնապէս կը յայտնեն իրենց վշտակցութիւնները։
Ժամանակ