կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-13 19:18
Հասարակություն

Տեղապահ Մաշալեան այցելութիւն տուած է Պոլսոյ կուսակալին

Տեղապահ Մաշալեան այցելութիւն տուած է Պոլսոյ կուսակալին

Պոլսոյ Պատրիարքի Տեղապահ Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, այցելութիւն տուած է Իսթանպութլի կուսակալ Ալի Երլիքայային: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Պոլսոյ Պատրիարքարանի դիմատետրի էջը։

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Տեղապահին ընկերակցած են Աթոռի Լուսարարապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ու Կրօնական Ժողովի անդամ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը։Մօտ կէս ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Տեղապահ Մաշալեան շնորհակալութիւն յայտնած է կուսակալին, իսկ կուսակալ Երլիքայա շնորհաւորելով Նորին Սրբազնութիւնը յաջողութիւն մաղթած է անոր շեշտելով, թէ իրենք պատրաստ են միշտ համայնքին նեցուկ կանգնելու։