կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-17 20:17
Աշխարհ

Երվանդ Հարությունյանի հիշատակին. «Ազատամարտիկը, որ ուզում էր նավը կրել լեռան վրա»

Երվանդ Հարությունյանի հիշատակին. «Ազատամարտիկը, որ ուզում էր նավը կրել լեռան վրա»

Հարցազրոյց Եւա Մկրտիչեանի հետ

Ա.
Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Հայաստանի կարճատեւ անկախութենէն ետք, Ֆրանսայի մէջ Հայութեան կայք հաստատելը դիւրին չէ եղած։ Զրկուած իրենց գոյքերէն, ստիպողաբար աքսորի ճամբան բռնած վերապրողները կը պայքարէին իրենց կեանքի եւ գոյատեւման համար։ Իւրաքանչիւր վերապրող իր մէջ կը կրէր գոյատեւման պատմութիւն մը։ Հայաստանի անկախութենէն 100 տարի ետք անհրաժեշտ եւ շինիչ է անդրադառնալ պատմութեան քանի մը ծանօթ ու անծանօթ գործիչներու, որոնք դժուար, ապերախտ եւ մութ օրեր ապրած են։ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ այժմ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները,– որոնց ականատեսն ենք,– հարիւր տարի առաջ յանցագործութեանց դէպքին վայրը կատարուածին ճիշդ արտացոլումն են։
Կէս դար առաջ կ՚անհետանար Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի խորհրդայնացման վերապրողներէն ազատամարտիկ Երուանդ Յարութիւնեան, որ ֆրանքեւհայկական լայն հասարակութեան համար անծանօթ մըն է։ Իր ծննդավայրէն դուրս, միթէ ոեւէ վերապրող անծանօթ եւ օտարական չէ՞։ Նոյնիսկ եթէ իր հիւրընկալ երկրին մէջ ուրիշներուն օտար էր, ան գիտէր թէ ո՞վ էր ինք եւ ինչի՞ համար պայքարած էր։ Ան ինքնութիւն, համոզում եւ գաղափարներ ունէր, կեանքի, ազատութեան եւ արդարութեան ծարաւն ունէր։
Երուանդ Յարութիւնեանի կեանքի ուղին բնորոշ էր՝ Օսմանեան կայսրութեան Հայերուն։ 1894-96 տարիներէն սկսեալ անոր ընտանիքը Տրապիզոնի մէջ Համիտեան կոտորածները ճաշակած էր, ինչ որ զինք մղած էր զէնք առնելու։ Աւելի ուշ, ան մասնակցեցաւ Հայաստանի անկախութեան պայքարին՝ ապահովելու համար ազգին գոյատեւումը։ Բայց Ա. Հանրապետութեան ձախողութիւնը եւ անոր հետեւող խորհրդայնացումը զինք հարկադրեցին երկրորդ անգամ ըլլալով բռնելու աքսորի ճամբան, բայց այս անգամ՝ Սէնի ափերուն։
CNRS-ի հետազօտող Եւա Մկրտիչեան շատ լաւ ծանօթ էր Երուանդ Յարութիւնեանին, որ կարծէք իր հոգեւոր հայրը ըլլար եւ բնական է որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով յիշէր այս հայորդին եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցանէր անոր։
*
«Նոր Յառաջ» - Դուք մանկութենէն կը ճանչնաք Երուանդ Յարութիւնեանը։ Ի՞նչ յիշատակներ պահած էք իրմէ։

Եւա Մկրտիչեան - Շուրջ 51 տարի առաջ՝ 1967 Դեկտեմբեր 29-ին իր մահկանացուն կը կնքէր Կովկասի մէջ Հայաստանի կամաւորական բանակի նախկին ռազմիկ Երուանդ Յարութիւնեանը։ Իր դամբանական խօսքին մէջ Պետրոս Չպուքճեան արեւմտեան Եւրոպայի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի անունով կ՚անդրադառնար նախորդ սերունդին պատկանող այս հաւատարիմ զինուորեալին եւ ջերմ հայրենասէրին յուշերուն։ Այս դամբանականին ընդմէջէն է, որ ես յայտնաբերեցի Երուանդ Յարութիւնեանի անհատական պատմութիւնը, որ կ՚առնչուէր հայ ժողովուրդի ճակատագրական մէկ ժամանակաշրջանին։

«ՆՅ» - Արդեօք Երուանդ Յարութիւնեանի կեանքը կրնա՞յ բաժնուիլ երկու առանձին ժամանակաշրջաններու. առաջինը՝ նախքան Ֆրանսա եւ Փարիզ հասնիլը՝ Երկրի մէջ անցուցած իր օրերը։ Բայց նախքան երկրորդ շրջանին անդրադառնալը, կրնայի՞ք մեզի ներկայացնել Երուանդ Յարութիւնեանը։ Ուրկէ՞ կու գար եւ ի՞նչ գործունէութիւն ծաւալած էր։
Ե.Մ. - Երուանդ Յարութիւնեան ծնած է Տրապիզոն, 1883-ին։ Տակաւին մանկութենէն խորապէս ազդուած է 1895 Հոկտեմբերին իր քաղաքին մէջ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած կոտորածներէն։ Այս արարքները ամրապնդած են անոր վճռակամութիւնը՝ պայքարելու իր հայրենակիցներուն մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան համար։ 1904-ին ան կ՚երթայ հաստատուելու Ռուսաստանի Կրասնոտար քաղաքը, ուր ալ կը միանայ ՀՅԴ-ի տեղական կոմիտէին։ Այդ թուականէն սկսեալ ան բոլոր ճակատներուն վրայ է, ուր որ Հայ դատի պայքարը զինք կը կանչէ։ Հայ-թաթարական պատերազմի ընթացքին (1905-1906), որ ծայր առաւ Պաքուէն եւ շուտով տարածուեցաւ Անդրկովկասի մնացեալ շրջաններուն մէջ, Երուանդը Օտեսայէն եւ Պաքուէն զէնքեր կը փոխադրէր։

1908 Յուլիսին Երիտ. թուրքերու յեղափոխութիւնը կը յանգի Օսմանեան կայսրութեան 1876-ի Սահմանադրութեան վերականգնումին։ Այդ շրջանին Երուանդ Յարութիւնեան կը վերադառնայ Տրապիզոն։ Ան մաս կը կազմէր ինքնապաշտպանութեան այն մարմինին, որու առաքելութիւնն էր ապահովել հայ բնակչութեան պաշտպանութիւնը, ինչ որ կ՚ընդգծէր անոր բնաւորութեան առանձնայատկութիւնը՝ իր ծննդավայրին հետ ունեցած սերտ կապը, որ Փարիզ հաստատուելէն ետք ալ շարունակուեցաւ։


Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, Թիֆլիսի ազգային կոմիտէն ստեղծած էր հայ կամաւորական մարմին մը՝ օժանդակելու ռուսական բանակին՝ Թուրքերուն դէմ պայքարելու համար։ Երուանդ Յարութիւնեան որ սահուն ռուսերէն կը խօսէր, կը զինուորագրուի կամաւորական բանակին եւ կ՚երթայ Կովկաս պայքարելու, իբրեւ երկրորդ գունդի զինուոր։ Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն եւ կամաւորական խումբերու ցրումէն ետք՝ Երուանդ կը վերադառնայ Տրապիզոն՝ պաշտպանելու տեղւոյն բնակչութիւնը եւ զբաղելու Սեւ ծովի ափը ու Քուպան հաստատուած Հայերու կազմակերպական աշխատանքներուն։

«ՆՅ» - Ի՞նչ կը ներշնչէ ձեզ անոր կեանքի ուղին։
Ե.Մ. - Անոր քաջարի արարքները յայտնաբերեցի՝ նախքան իր Փարիզ հասնիլը։ Ես հիացած եմ անոր մարտական խիզախութեան վրայ, երբ հայ-թաթարական պատերազմի ընթացքին դէպի ճակատ զէնքեր կը փոխադրէր։ Հիացած եմ նաեւ անոր ինքնուրացման վրայ երբ կը պաշտպանէր Տրապիզոնի հայ բնակչութիւնը։ Մեծ մարդ մը որ մտահոգ էր իր ժողովուրդին ճակատագրով, միշտ պատրաստ ծառայելու։ Ան վստահութիւն կը ներշնչէր։ Լուռ հերոս մըն էր, որ կը տպաւորէր զիս՝ պզտիկ աղջնակիս։

«ՆՅ» - Ինչպէ՞ս զգացիք անոր հայրենասիրական խանդավառութիւնը։

Ե.Մ. - Անոր բառերու, անոր հայեացքի եւ անոր լռութեան մէջ։ Ես շատ կանուխէն թաթխուած էի հայրենասիրական մթնոլորտի մը մէջ, ուր Երուանդ Յարութիւնեան մեծ տեղ կը գրաւէր։ Անոր ազդեցութեան տակ ես անդամագրուեցայ Նոր Սերունդին եւ կարծեմ նոյնիսկ ունեցայ կուսակցութեան (ՀՅԴ – «ՆՅ») անդամաքարտ։ Այն ատեն կային նաեւ Միջին Արեւելքէն հասնող երիտասարդները, ինչպէս՝ Վահէ Օշական, Լուսին Տօնապետեան-Մալիքեան եւ քոյրը՝ Սոնան, որոնց ծանօթացայ Հայ ուսանողական միութեան մէջ։ Իրենց կարգին անոնք՝ ինչպէս մենք՝ Ֆրանսայի հայ երիտասարդներս, տոգորուած էին հայրենասիրական խանդավառութեամբ։

«ՆՅ» - Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման օրերուն Երուանդ Յարութիւնեան ի՞նչ աշխատանքով զբաղած էր։

Ե.Մ. - 1918-1920 տարիներուն Երուանդը միացաւ զինեալ ուժերուն՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը ստեղծելու նպատակով։ Պէտք էր կռուիլ բոլոր ճակատներուն վրայ, որպէսզի երկիրը յառնէր մոխիրներու մէջէն։ Ճակատի մարտերէն բացի՝ պակաս չէին «խենթ» ծրագրերը։ Այդպէս էր, որ 1919 Յուլիս 29-ին ան մասնակցեցաւ Պաթումի մէջ կազմակերպուած Տրապիզոնի Հայերու գերագոյն ժողովին։ Այդ նոյն ժողովի ընթացքին, որուն կը մասնակցէին Կարէնը (Արամ Յակոբեան), Մալխասը եւ շատ ուրիշներ, որոշում կը կայացուի Սեւանայ լիճին վրայ կառուցել ռազմածովային ընկերութիւն մը՝ Երուանդ Գասպարեանի ղեկավարութեամբ։ Արամ Յակոբեանէ, Երուանդ Գասպարեանէ եւ Երուանդ Յարութիւնեանէ կազմուած պատուիրակութիւն մը այս ծրագիրը (1) կառավարութեան ներկայացնելու պարտականութիւնը ստանձնեց, որ վերջինիս կողմէ անմիջապէս ընդունուեցաւ։ Սակայն ծրագիրը ձախողեցաւ՝ Թուրքերու դէմ պատերազմին եւ երկրին մէջ ներթափանցած պոլշեւիկներու կողմէ հրահրուած շարունակական խռովութիւններուն պատճառով։ Կոստան Զարեան իր «Նաւը լեռան վրայ» վէպին մէջ կ՚անդրադառնայ այս ծրագրին, նկարագրելով երկրին մէջ այդ օրերուն տիրող ողբերգական կացութիւնը։ Հայաստանի կառավարութիւնը ստիպուած էր դիմակայել սովին, վարակիչ հիւանդութիւններուն եւ արեւմտեան Հայաստանէն եկող գաղթականներու մեծ հոսքին։ Այդ շրջանին Երուանդ Յարութիւնեան կը ծառայէր նաեւ Սեպուհի գումարտակին մէջ։ Հայաստան իր կեցութեան ընթացքին՝ Երուանդը կը վարակուի մալարիա (ճահճատենդ) հիւանդութեամբ, որու հետեւանքները կը կրէ մինչեւ իր կեանքին վերջը։

Ա. Հանրապետութեան անկումէն ետք, Երուանդ կը ձեռնարկէ երկար ճամբորդութեան մը՝ Պաթում, Կոստանդնուպոլիս, Տրապիզոն, վերջը նորէն Կոստանդնուպոլիս եւ հուսկ՝ Փարիզ, ուր կը հաստատուի 1923-ին։ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կը ծանօթանայ Արաքսի Էօրսճեանին՝ Սկիւտարէն Հայուհի մը։ Արաքսին եւ քոյրը՝ Սիրանոյշ (2) ծանօթ էին պոլսահայ համայնքին մէջ, քանի որ Կոստան Զարեանն ու անոր ընտանիքը հիւրընկալած էին շրջանին յատուկ ճարտարապետութեամբ կառուցուած իրենց փայտաշէն մեծ տան մէջ։

«ՆՅ» - Կոստան Զարեանի գործերուն եւ անոր անհատականութեան մասին ձեր վերյիշումները հետաքրքրական են։ Զարմանալի դիպուածը միաւորած է այս զոյգը, մինչ ենթակաները իրարմէ հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու կը բնակէին։ Եւ ահաւասիկ երեւան կու գայ գրող Կոստան Զարեանը իբրեւ կամուրջ Յարութիւնեան զոյգի կեանքին մէջ։

Երուանդ Յարութիւնեան Փարիզի մէջ ինչպէ՞ս կը կազմակերպէ իր գաղթականի կեանքը։

Ե.Մ. - 1923-ին մայրաքաղաք հասնելէն անմիջապէս ետք Երուանդ կ՚աշխատի Ducerf (3) նշանաւոր մոյկ արտադրողի մը քով՝ իր կեանքը ապահովելու եւ ֆրանսական արհեստագիտութեան տիրապետելու նպատակով։ Իր երիտասարդ տարիքին Կրասնոտարի մէջ արդէն զբաղած էր այդ արհեստով։ Շուտով անոր նիւթական պայմանները կը թոյլատրեն հրաւիրել Արաքսի Էօրսճեանը, որ միանայ իրեն Փարիզի մէջ։ Հայուհին Փարիզ կը հասնի 1924 Դեկտեմբերին եւ անոնք կ՚ամուսնանան 1925 Փետրուար 17-ին։
1930-ին, Սէնի Առեւտուրի Պալատը Երուանդ Յարութիւնեանին կու տայ արհեստավարժ արհեստաւորի քարտը, անոր արտօնելով ստեղծել իր սեփական ձեռնարկութիւնը։ Զոյգը այնուհետեւ կը հաստատուի փոքր խանութի մը վերնայարկը գտնուող բնակարանին մէջ, ուր Երուանդը կրնար ապսպրանքի վրայ մոյկակարի եւ կօշկակարի իր արհեստով զբաղիլ։
1924-ին, Երուանդ իր հայրենակիցներուն հետ կը հիմնէ Տրապիզոնցիներու Ֆրանսայի ընկերակցութիւնը, ուր քանի մը տասնամեակ գործօն մասնակցութիւն կ՚ունենայ։ Մինչեւ իր մահը ան կը ղեկավարէ այս ընկերակցութիւնը։ Անոր կենսագրութիւնը հրատարակուած է «Պատմութիւն Հայկական Պոնտոսի» աշխատասիրութեան մէջ, որու խմբագրական կազմին անդամ էր եւ լոյս տեսաւ 1967-ին, այսինքն՝ անոր մահուան տարին։ Խմբագիր Յովակիմ Յովակիմեանի (Արշակունի) մէկ նամակին համաձայն՝ այս աշխատանքին նախաձեռնողը Երուանդն էր։ Զուգահեռաբար ան կը շարունակէ իր քաղաքական գործունէութիւնը կուսակցութեան (ՀՅԴ) մէջ։ Յարութիւնեան Փարիզի «Քրիստափոր» խումբին եւ ՀՅԴ արեւմտեան Եւրոպայի կեդրոնական կոմիտէի անդամ էր։ Ան նաեւ անդամ էր Համազգայինին եւ Հայկական եկեղեցւոյ վարչութեան։

«Նոր Յառաջ»