կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-18 20:37
Հասարակություն

«Ազատամարտիկը, որ կ՚ուզէր նաւը կրել լեռան վրայ». Երվանդ Հարությունյանի հիշատակին

«Ազատամարտիկը, որ կ՚ուզէր նաւը կրել լեռան վրայ». Երվանդ Հարությունյանի հիշատակին

Հարցազրոյց 

Եւա Մկրտիչեանի հետ

Բ. եւ վերջին մաս

«ՆՅ» - Օրին հայրենասիրական ընկերակցութիւնները հայ համայնքին մէջ գործօն դերակատարութիւն ունէին։ Երուանդ Յարութիւնեանի ղեկավարութեան տակ գործող Ֆրանսայի մէջ Տրապիզոնցիներու ընկերակցութիւնը ինչպիսի՞ գործունէութիւն ծաւալած էր։

Ե.Մ. - Մոնմարթր բլուրի ստորոտին գտնուող փոքրիկ խանութն ու բնակարանը Փարիզի Տրապիզոնցիներու հանդիպման վայրն էր։ Բացի վերը նշածս երկին խմբագրական աշխատանքէն, ընկերակցութիւնը կը կազմակերպէր թէյասեղաններ, ընթրիքներ եւ փիքնիքներ, ուր բարեկամները հաճոյքով զիրար կը վերագտնէին։ Երուանդի զարմիկներէն մէկը՝ Շաւէն Ինճէեան իւղոտ կաթով պատրաստուած մածունի գործատուն մը ունէր, ուրկէ արտադրուած մածունները կը վաճառուէին ճերմակ խեցեղէն փոքրիկ ամաններու մէջ։ Իր մածունը յաճախորդներուն առաքելու նպատակով Շաւէնի գործածած ինքնաշարժը նաեւ կը ծառայէր իր բարեկամները Ֆրանսայի տարածքին արշաւներու եւ պտոյտներու տանելու համար։ Այս ճամբորդութիւններու ընթացքին առնուած լուսանկարները,– որոնցմէ մի քանին ծանօթագրուած են Արաքսիի կողմէ,– տեղեկութիւններ կը փոխանցեն անոնց այցելած վայրերու եւ ճամբարային բնակեցման մասին։ Շաբթուան ընթացքին անոնք ծանր աշխատանք կը տանէին, որպէսզի Կիրակի կամ տօնական օրերը կարենային միասին ճաշելու հաճոյքը վայելել եւ կրկին միասնաբար Վիլլիէ-սիւռ-Մեռ, Տիէփ կամ Ժընեւի լիճին ափը ճամբարի երթալ։ Ուրիշ բարեկամներ իրենց ինքնաշարժով անոնց կը միանային։ Անհոգ օրեր էին, որոնք կը յաջորդէին ցաւոտ եւ հայրենիքէն հեռանալու տառապանքներուն։

Բայց Բ. Աշխարհամարտի բռնկումով՝ անոնք ստիպուեցան գերմանական զօրքերու ներխուժումէն խոյս տալու։ Կրկին աքսոր։ Այն ատեն Տրապիզոնցի Շաւէնը եկաւ օգնելու իր հայրենակիցներուն։ Բոլորս խռնուեցանք անոր ինքնաշարժին մէջ, որ այս անգամ մեզ կ՚առաջնորդէր դէպի Փարթնէ՝ Տէօ-Սեւր նահանգ, ուր կը բնակէր անոր քոյրը՝ Հրանոյշը։ Հրանոյշ եւ իր ամուսինը մեզի ջերմօրէն ընդունեցին եւ մնալու տեղ փնտռեցին բոլորիս։ Այս ճամբորդութեան համար ինքնաշարժին մէջ միայն երկու տեղ մնացած էր, նախատեսուած՝ Երուանդին եւ Արաքսիին համար։ Անգամ մը եւս Երուանդ որոշեց զիս պաշտպանել եւ ինքզինք զոհաբերելով՝ իր տեղը զիջեցաւ ինծի։ Բարեբախտաբար քանի մը ամիս ետք, բոլորս ալ ողջ եւ առողջ զիրար վերագտանք Փարիզի մէջ։

Տրապիզոնցիներուն մէջ կար մեծ գեղանկարիչ Մախոխեանը, զոր հաւանաբար կը ճանչնար Երուանդ։ Բնակարանի սենեակներէն մէկուն մէջ ուր զոյգը կ՚ընդունէր իր հիւրերը, նկար մը կար, որ կը ներկայացնէր փոթորկալից ծովային տեսարան մը, թերեւս Սեւ ծովուն վրայ։ Այս կտաւը կը վերագրուի Վարդան Մախոխեանին (4)։ Երուանդի մահէն ետք եւ ըստ անոր փափաքին՝ Արաքսի սոյն նկարը կը նուիրէ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին՝ Արաքսի Բաբայեանի (*) միջոցաւ, որ նոյն ատեն ամուսնոյն հետ ճամբորդած էր Փարիզ։ Կարճ ժամանակ անց, Արաքսի Յարութիւնեան ստացաւ թանգարանի տնօրէնին 1969 Ապրիլ 14 թուակիր շնորհակալական նամակը։

«ՆՅ» - Արդեօք Փարիզի մէջ Երուանդ կը վերագտնէ՞ Ա. Հանրապետութեան իր զինակիցները։ Ան կապի մէ՞ջ էր անոնցմէ ոմանց հետ։

Ե.Մ. - Փոքրիկ խանութն ու բնակարանը նաեւ անոր անձնական ընկերներու հաւաքատեղին էին, որոնցմէ ոմանք Ա. Հանրապետութեան մէջ առաջատար դիրքեր գրաւած էին, ինչպէս՝ Ռուբէն Տէր Մինասեանը (Պատերազմի նախարար), Վահան Նաւասարդեանը (Եգիպտոսի «Յուսաբեր» թերթին խմբագրապետը), իրաւաբան Յովիկ Եղիազարեան եւ եղբայրը՝ Պետիկ, գրավաճառ Հրանդ Բալուեան եւ քոյրը՝ Զապէլ։ Ասոնք բոլորը կը հաւաքուէին Երուանդին տունը, քանի որ ամէնքն ալ պայքարած էին յանուն նոյն դատին եւ անկախութեան շրջանին իրարու հետ սերտ կապեր հաստատած էին։ Արտասահմանէն եկած դաշնակցական բարեկամի մը այցելութեան առիթով, մենք Մոնմորանսի գտնուող ՀՅԴ-ի թանգարան ուխտի գացինք, ուր տնօրէնը՝ Գերասիմ Բաբայեան մեզ հիւրասիրեց համեղ թէյով մը։ 1964-ին, Երուանդ նաեւ ընդունեց Պոսթընի «Հայրենիք» թերթի խմբագրապետ Ռուբէն Դարբինեանի այցելութիւնը, որ կնոջ հետ Փարիզ կը գտնուէր, քրոջը՝ Վիրժինիի տունը։

Դարբինեանի քոյրը՝ Վիրժինի Փեզնէր, Երուանդ եւ Արաքսի Յարութիւնեանի տան հանդիպումներուն մշտական այցելուներէն էր։ 1940-1950 տարիներուն, ան կը հասնէր սակակառքով (taxi) մը, որու վարորդը ամէն մարդ կը կոչէր Անտրէ։ Վերջինս Ռուսաստանի ճերմակ բանակի նախկին ռազմիկ մըն էր։ Երկուքով կը մտնէին խանութ՝ բարեւելու Երուանդը եւ անոր հետ ռուսերէնով խօսակցելու համար։ Այնուհետեւ Վիրժինին զանոնք կը ձգէր, բարձրանալով բնակարան, ուր ես եւ Արաքսին իրեն կը սպասէինք։ Շատ համակրելի անձնաւորութիւն էր՝ իր առատաձեռնութեամբ, գեղեցկութեամբ, նրբագեղութեամբ եւ մշակութային գիտելիքներու տիրապետութեամբ։ Ասպարէզով օփերայի երգչուհի, Վիրժինին զիս վարժեցուց երաժշտութեան։ Ան ինծի դաշնակի եւ նօթագրութեան դասեր կու տար։ Անոր այցելութիւնը ամէնուս համար իրական հաճոյք մըն էր։

1940-ին, Վիրժինին եւ ամուսինը՝ Անթուան եւս փախուստ տուին գերմանական պաշարումէն, իրենց բարեկամ Անտրէի միջոցաւ։ Անոնք ալ ապաստան գտան Փարթնէ, ուր Շաւէնի քոյրը՝ Հրանոյշ իրենց համար գտած էր բնակարան մը։

«ՆՅ» - Ըսել կ՚ուզէք, որ կը վախնային հալածանքէ եւ ա՞յդ պատճառով է, որ փախան եւ ատիկա ալ կարելի եղաւ Երուանդի՞ յարաբերութիւններուն շնորհիւ։ 

Ե.Մ. - Երուանդ Կովկաս ծանօթացած էր Վիրժինիին, հաւանաբար Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ հայկական կամաւորական բանակին կը ծառայէր։ Վիրժինին կը պատկանէր հողատէր Չիլինկիրեան մեծ ընտանիքին, որ Ախալքալաք հաստատուած էր։ Ան Կովկասը եւ ընտանեկան յարկը թողած էր սասանող երկրի մը մէջ։ 1968-ին Վիրժինին լրագրող Ժիւլիէն Ալվառին պատմած էր Ռուսաստանի միջով կատարած իր ճակատագրական ճամբորդութեան մասին.- «Ես հնգօրեայ ճամբորդութիւն մը ըրի՝ հարաւային ափէն դէպի Մոսկուա, յեղափոխութեան տաք շրջանին, մինչ երկիրը լեցուած էր դասալիքներով (5)»։ Մոսկուայի մէջ է, որ ան հանդիպած է արուեստագէտ նկարիչ Անթուան Փեզնէրին, որ նկարչութեան դասատու էր Ազատ աշխատանոցներուն (Svomas) եւ Արուեստի ու թէքնիքի բարձրագոյն աշխատանոցներուն մէջ (Vkhoutémas)։ Անթուանը եւ Վիրժինին կ՚ամուսնանան 1920 Մարտին։ Անկէ ետք Անթուան Փեզնէր կը դառնայ միջազգային համբաւ վայելող քանդակագործ մը։

Վիրժինին եւ Անթուանը իրենց ընկերները կ՚ընդունէին Կիրակի կէսօրէ ետքերը իրենց փարիզեան բնակարանին մէջ, որ կը գտնուէր 15-րդ թաղամասի «Ժան Սիքառ» փողոցը։ Այնտեղ կրնայինք հանդիպիլ արուեստի աշխարհին պատկանող անձնաւորութիւններու եւ անոնց անձնական ընկերներուն։ Երուանդի գալուստը միշտ ալ ողջունելի էր, մա՛նաւանդ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ կու գար մխիթարելու հիւրերը՝ իր քաղաքական վերլուծումներով։ Զինք «դիւանագէտ» կ՚անուանէինք։ Երուանդը Լոնտոնի ձայնասփիւռը կ՚ունկնդրէր եւ համոզուած էր որ դաշնակիցները պիտի յաղթեն։ Այս կեցուածքը յատկապէս գնահատուած էր Վիրժինի եւ Անթուան Փեզնէրի կողմէ։ Ես երբեմն Երուանդին կ՚ընկերակցէի Կիրակի կէսօրէ ետքերը «Ժան Սիքառ» փողոցը եւ այնուհետեւ 1947-ին, Անթուան Փեզնէրի քանդակներու ցուցահանդէսին բացումին՝ Ռընէ Տռուէն պատկերասրահը։ Շատ աւելի ուշ, երբ Երուանդ արդէն մեզմէ հեռացած էր, ես անոր ձօնեցի «Ուսողութեան նախատիպերը 20-րդ դարու արուեստին մէջ» տիտղոսով իմ դոկտորական աւարտաճառը, որու երրորդ բաժինը յատկացուած է քանդակագործ Անթուան Փեզնէրի եւ անոր եղբօր՝ Նաում Կապոյի քանդակներուն։ ■

_____

(4) - 1869-ին Տրապիզոն ծնած Վարդան Մախոխեան ծովանկարիչ է։ 1891-ին ան իր ուսումը շարունակելու կ՚երթայ Պերլինի արուեստի բարձրագոյն ակադեմիա։ Վերադարձի ճամբուն վրայ 1894-ին կ՚այցելէ ծովանկարիչ Այվազովսկիին, որ խորհուրդ կու տայ եւ կը քաջալերէ զինք։ Յետոյ, 1895-ի կոտորածներէն փախուստ տալու նպատակով, ան ընտանիքին հետ կը վերադառնայ Պերլին։ 1900-էն սկսեալ կը ճամբորդէ եւ կայք կը հաստատէ Եւրոպայի զանազան երկիրներուն մէջ, ուր ալ կը մասնակցի բազմաթիւ ցուցահանդէսներու։ Կը նկարէ Սեւ եւ Պալթեան ծովերու տեսարանները, Շուէտի կղզիները, բայց նաեւ՝ Եգիպտոսը, Նափոլին եւ Գափրին։ Ան մեծապէս գնահատուած էր արուեստի ամենէն խիստ քննադատներուն կողմէ։ 1908-ին Օսմանեան սահմանադրութեան շրջանին, ընտանիքին հետ կը վերադառնայ Տրապիզոն։ Նախքան Ա. Աշխարհամարտը, վերջնապէս կը ձգէ իր երկիրը եւ կ՚երթայ հաստատուելու Լոնտոն, ուր անոր ցուցահանդէսները մեծ ընդունելութեան կ՚արժանանան։ Պատերազմէն ետք կը հաստատուի Նիս։ Քաղաքի թանգարանը անկէ կը գնէ ծովանկար մը։ Ֆրանսական հպատակութիւն կը ստանայ եւ կը պարգեւատրուի Պատուոյ լեգէոնով։ Մախոխեան յաջողութեամբ կը կազմակերպէ ցուցահանդէսներ Մարսիլիոյ «Լամպեր» պատկերասրահին եւ Փարիզի մէջ։ Վերջին տարիներուն շատ յոգնած էր եւ յաճախ՝ հիւանդ։ Հակառակ այս բոլոր յաջողութիւններուն, ան հանգիստ կեանք չէր ապրեր։ Մահացաւ 1937 Փետրուար 11-ին, 68 տարեկանին։

(5)  Փեզնէր Վիրժինի, «Անթուան եւ Վիրժինի», հարցազրոյց լրագրող Ժիւլիէն Ալվառի հետ, Cahier Pevsner 1, Փարիզ, Անթուան Փեզնէրի բարեկամները, 2014, էջ 69։

(*) Արաքսի Բաբայեան Հայաստանի մէջ քիմիագիտութեան յարգելի տիկինն էր։ Երեւանի համալսարանին մէջ վերակազմակերպած էր այս ճիւղին ուսուցումը եւ հետազօտութիւնը։

«Նոր Յառաջ»