կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-14 12:15
Հասարակություն

ՀՅԴ-Փաղանգավոր հանդիպում. «Ապրիլ 24»-ը Ցեղասպանության հիշատակման օր հռչակելու օրինագիծ

ՀՅԴ-Փաղանգավոր հանդիպում. «Ապրիլ 24»-ը Ցեղասպանության հիշատակման օր հռչակելու օրինագիծ

Աղբյուրը` Aztagdaily

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան երէկ կէսօրին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն ընկերակցեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեան, կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Փիեռ Ժալըխ, կուսակցութեան Լեռնալիբանանի պատասխանատու Միշել Հըրաուի եւ իրաւաբանական հարցերու խորհրդատու Լարա Սաատէ:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահին` մեզի բարեկամ Սամի Ժեմայէլի այցելութիւնը տարօրինակ չէ: «Ճիշդ է, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երբեմն քաղաքական տարակարծութիւններ կ՛ունենան, սակայն երբ հարցը Լիբանանին եւ լիբանանցի քաղաքացիին կը վերաբերի, ապա Դաշնակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նման քաղաքական ուժեր միասնականութեամբ կը գործեն», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկրին տնտեսական կացութիւնը եւ ժողովուրդի ապրուստին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան երկար հոլովոյթը: «Զոյգ կուսակցութիւնները միակարծիք են, թէ կառավարութիւնը պէտք է կազմուի եւ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի ի խնդիր կառավարութեան կազմութեան, որովհետեւ ժողովուրդը այլեւս չի կրնար ներկայ կացութիւնը հանդուրժել: Կոչ կ՛ուղղենք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին, ինչպէս նաեւ բոլոր պատասխանատուներուն կրկնապատկելու իրենց ջանքերը` յանգելու համար այնպիսի լուծումի մը, որ գոհ կը պահէ լիբանանցիները: Անշուշտ պայման չէ, որ քաղաքական բոլոր ուժերը գոհ մնան, կարեւորը այն է, որ կեանքը շարունակուի եւ լիբանանցիները, յատկապէս երիտասարդները ապահով զգան, որպէսզի իրենց հայրենիքին եւ անոր ապագային նկատմամբ իրենց վստահութիւնը պահեն», ըսաւ ան:

Իր կարգին, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ուրախութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ իր բարեկամին` երեսփոխան Յ. Բագրատունիին տուած իր այցելութեան համար: Ան շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Դաշնակցութեան միջեւ յարաբերութիւնը պատմական է` հաստատելով, որ ինք կը փափաքի այդ յարաբերութիւնը պահպանել` անկախ ընտրութիւններէն եւ կարգ մը հարցերու շուրջ տարակարծութիւններէն: «Մեզի միացնողը Լիբանանի նկատմամբ մեր սէրն է, լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր միջեւ միացեալ արժէքները, որոնց պահպանումը մեզի համար կարեւոր է», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են հիմնական երկու հարցեր, որոնցմէ առաջինը Լիբանանի ներկայ իրավիճակն է, որ պէտք չէ նոյն ընթացքով շարունակուի: «Կառավարութեան կազմութիւնը պէտք չէ ուշանայ` նկատի ունենալով լիբանանցիներուն դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային աղէտալի պայմանները: Կառավարութեան կազմութեան ուշացումը եւ ներկայացուած պատճառաբանութիւնները անհասկնալի են, անբնական եւ մերժելի` բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ, յատկապէս նախագահական համաձայնութենէն ետք, որուն շնորհիւ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ քաղաքական առաստաղը ճշդուեցաւ եւ համախոհութիւն գոյացաւ` տարակարծութիւն պատճառող հարցերը մէկդի դնելու: Հետեւաբար մեզի համար հասկնալի չէ, թէ ի՞նչ է տարակարծութիւնը, ինչպէս նաեւ հասկնալի չէ, թէ ինչո՞ւ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը հարց է, ի՞նչ նպատակի համար պիտի օգտագործուի եւ ի՞նչ հարցով: Եթէ երկրին մէջ տակաւին Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի մթնոլորտ գոյութիւն ունենար, կարելի էր կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի հարցը հասկնալ», յայտնեց Ժեմայէլ:

Ան վերահաստատեց, որ եթէ կարելի չըլլայ քաղաքական ուժերէն բաղկացած կառավարութիւն մը կազմել, ապա պէտք է կազմուի մասնագէտներու եւ փորձագէտներու կառավարութիւն, որուն զուգահեռ պէտք է ընթանայ խորհրդարանին մէջ կայանալիք ազգային երկխօսութիւն մը` լուծելու համար տարակարծութիւնները, որովհետեւ լիբանանցիները այլեւս չեն կրնար հանդուրժել տիրող կացութիւնը: «Լիբանանցի ժողովուրդը ամէն տեսակ տագնապ կը դիմագրաւէ, ըլլայ ան բնութեան, տնտեսական թէ ընկերային, եւ ան չի կրնար իր գոյատեւումը շարունակել, երբ զգայ, թէ երկիրը ղեկավար չունի: Մենք այսօր կը գտնուինք տնտեսական վեհաժողովի մը դիմաց, իսկ երկիրը առանց կառավարութեան կը շարունակէ մնալ: Այս իրականութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիին վարկին վայել չէ», շեշտեց ան:

Սամի Ժեմայէլ նշեց, որ երկրորդ հարցը, որուն մասին քննարկումներ կատարած են, խորհրդարանին ներկայացուելիք օրինագիծ մըն է: «Նախքան այդ օրինագիծին խորհրդարան ներկայացումը, ուզեցինք զայն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առաջարկել:

Օրինագիծին հիման վրայ Ապրիլ 24-ը Լիբանանի մէջ պիտի հռչակուի Ցեղասպանութեան յիշատակումի օր, որուն ընթացքին կը յիշուին Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Լեռնալիբանանի սովը, որոնց ենթարկուեցան հայ, ասորի, քաղդէացի, մարոնի եւ շիի փոքրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք հալածանքի ենթարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած այդ դժուար ժամանակաշրջանին ընթացքին», շեշտեց Ժեմայէլ:

Ան աւելցուց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ողջունեց օրինագիծը` հաստատելով, որ օրինագիծին գծով նկատի պիտի առնուին երեսփոխան Յ. Բագրատունիի առաջարկած բարեփոխումները: «Օրինագիծը միասնաբար ստորագրելէ ետք պիտի ներկայացնենք խորհրդարան եւ այդ իմաստով պիտի գործակցինք ու խորհրդակցութիւնները շարունակենք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ու քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ` ապահովելու համար անոր շուրջ խորհրդարանին համախոհութիւնը, որովհետեւ Լիբանանը բաղկացնող տարրերը փոքրամասնութիւններն են, եւ բոլոր այս փոքրամասնութիւններն ու համայնքները, որոնք հալածուած են ու անիրաւուած` հիմնած են Լիբանանը եւ անոնք այս երկրին մէջ եղած են նախքան Մեծն Լիբանանի յայտարարութիւնը: Անոնց շնորհիւ է, որ կերտուած է Լիբանանն ու պետութիւնը, հետեւաբար լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ընդունի եւ ճանչնայ այդ փոքրամասնութիւններուն նահատակութիւնը, զոհողութիւնները եւ անոնց շնորհէ իրենց իրաւունքը: Իրաւունքը` ունենալու Ազգային օր մը, որուն ընթացքին յիշատակուին բոլոր նահատակներն ու Լիբանանի պատմութեան ընթացքին այդ համայնքներուն մատուցած զոհողութիւնները», եզրափակեց Ժեմայէլ: