Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Aztagdaily
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Հաւաթեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամներ Էլիաս Հանքաշ եւ Սերժ Տաղեր, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան Մեթնի պատասխանատու Միշել Հըրաուի:
Հանդիպումին ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ բարեկամ Սամի Ժեմայէլի այցելութիւնը պատիւ է` աւելցնելով, որ այդ այցելութիւնը առաջինը չէ եւ վերջինը պիտի չըլլայ: «Եթէ նոյնիսկ չըլլան այցելութիւններ` յարաբերութիւնները ամրապնդուած են եւ գործակցութիւնը միշտ առկայ է», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ այսօրուան կարեւորագոյն հարցը ընտրական օրէնքի մշակումն է` աւելցնելով, որ իբրեւ քաղաքական ուժեր իրենք համաձայնած են, որ ընտրական օրէնքը ըլլայ արդար եւ երկրին մէջ գործող քաղաքական ուժերը, ինչպէս նաեւ երկիրը բաղկացնող համայնքներն ու յարանուանութիւնները իրենց քաղաքական ճշգրիտ կշիռով ներկայացնէ խորհրդարանին մէջ: Ան շեշտեց, որ ոչ մէկ նպատակ կայ մշակելու ընտրական օրէնք մը, կամ պարտադրելու ընտրական միջոց մը, կամ ճշդելու ընտրաշրջաններ, որպէսզի այս կամ այն քաղաքական ուժը ջնջուի կամ անոր ներկայացուցած չափը սեղմուի:
«Իբրեւ համայնք եւ կուսակցութիւն, մենք 2000-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն տառապած ենք ընտրական անարդար օրէնքներուն պատճառով, լուսանցքայնացուած են մեր իրաւունքները եւ իրաւազրկուած ենք: Մենք չենք վարանիր այսօր կրկնելու այս խօսքերը, նոյնիսկ երբ կը գործակցինք անոնց հետ, որոնք օրին մշակած էին ընտրական այդ անարդար օրէնքները: Լիբանանի մէջ մենք այսօր հասած ենք այն օրուան, երբ ընտրական վերջնական օրէնք մը պիտի մշակենք ապագայ սերունդներուն համար, որպէսզի անոնք բոլորը ներկայացուին` գիտնալով, որ Լիբանան կայուն չի մնար եւ չի բարգաւաճիր, բացի ճշգրիտ ու արդար ներկայացուցչութեամբ եւ ընտրական օրէնքի բարեկարգումով», յայտնեց Յ. Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն ոչ ոք կը փափաքի ջնջել, «եւ անշուշտ` քաղաքական այս բոլոր գործունէութենէն ետք պիտի չընդունինք, որ մեզ ջնջեն, կամ քաղաքական որեւէ այլ ուժ ջնջեն` ըլլայ մեր շրջաններուն մէջ, թէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:
Իր կարգին, Սամի Ժեմայէլ ըսաւ, որ իրեն համար պատիւ է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ հանդիպիլը: Ան ըսաւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ պատմական յարաբերութիւններ կան` ընդգծելով, որ այդ յարաբերութիւնները ճիշդ հունին վերադարձած են:
Ժեմայէլ նշեց, որ Լիբանանի մէջ իրենք կը գործակցին եւ մաս կը կազմեն քաղաքական ամէն տեսակի գործունէութեան` աւելցնելով միաժամանակ, որ իրենք համաձայն են ընտրական օրէնքին մասին: «Տոհայի անարդար ընտրական օրէնքը պէտք է վերատեսութեան ենթարկել, որովհետեւ անոր գործադրութիւնը անարդար է շատ մը քաղաքական ուժերու հաշուոյն, ինչպէս ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի», յայտնեց Ժեմայէլ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի ընտրական նոր օրէնքի մը, նոր Լիբանան մը կառուցելու օրէնքի մը` ապահովելով Լիբանանը բաղկացնող քաղաքական բոլոր ուժերուն ներկայացուցչութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթ տալով, որ քաղաքական նոր ուժերը` բարեկարգչական շարժումներն ու քաղաքական փոփոխութիւն պահանջող երիտասարդները կարենան փոփոխութիւն իրականացնել` մուտք գործելով խորհրդարան: «Պէտք է առիթ տալ, որ անոնք Լիբանանի համար ըլլան նոր ազդակներ` շրջանցելու ներկայ հանգրուանը եւ հիմնելու լիբանանցի երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն վայել պետութիւն մը: Յատկապէս անոնց համար, որոնք չեն կրնար իրենք զիրենք պատկերացնել Լիբանանի մէջ եւ կը դիմեն արտագաղթի` փնտռելով հզօր, արդի եւ քաղաքակիրթ պետութիւններ, որոնք հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն իրենց հանդէպ եւ կը զօրակցին անոնց», շեշտեց Ժեմայէլ:
Ան յայտնեց, որ իրենց առաջադրանքն է, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ըլլան պետական հաստատութիւններուն գոյութիւնը ամբողջացնող առիթ մը` յոյս յայտնելով, որ հանրապետութեան նախագահին, կառավարութեան եւ խորհրդարանին ներկայութեամբ կարելի ըլլայ իրականացնել այս տեսակարար փոփոխութիւնը:
«Մենք այս ուղղութեամբ պիտի բարձրացնենք մեր ձայնը, որպէսզի դուրս գանք խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու գործողութենէն, ինչպէս նաեւ պիտի պահանջենք վերջ տալ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգող ընտրական օրէնքներու գործադրութեան, ինչպէս` 1960-ի ընտրական օրէնքը, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան քօղարկուած երկարաձգումն է, որովհետեւ ան կ՛արդիւնաւորուի նոյն երեսփոխաններով, քաղաքական ուժերով եւ քաղաքական կշիռներով:
«Մենք եւ ՀՅԴ-ն համաձայն ենք, որ Լիբանանը պէտք է փոխադրել նոր փուլ մը, ուր համայնքներուն մէջ կ՛երաշխաւորուի քաղաքական բազմազանութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛ապահովուի քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ համայնքներուն արդար ներկայացուցչութիւնը:
«Մեր պահանջը այն է, որ բոլոր կողմերը ներկայացուին իրենց չափով: Այս մասին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին խօսքերը առաւելագոյն չափով իրաւացի են: Այսօր պահանջուածը այն է, որ մշակուի ընտրական օրէնք մը, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժի համար խորհրդարանին մէջ համապատասխան եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:
«Կը մաղթենք, որ ընտրական նոր օրէնքը մշակելու ճիգերը արագանան, եւ ասիկա կառավարութեան, հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանի ուսերուն վրայ գտնուող մեծ պատասխանատուութիւն է», եզրափակեց Ժեմայէլ: