Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
15 Ապրիլ 2019-ին Մոնթրէալի քաղաքապետարանը յատուկ նիստի մը ընթացքին հրապարակեց յայտարարութիւն մը Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի յիշատակման օրուան առնչութեամբ, որուն մէջ կը նշուի, թէ 1915-1916 թուականներուն տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր, որուն զոհ գացին հայ ժողովուրդին երկու երրորդը: Վերոնշեալ նիստին ներկայ էին Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը եւ Գանատայի մօտ ՀՀ հիւղատոս պրն. Արա Մկրտչեան։
Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի, թէ 1997 թուականէն սկսեալ Մոնթրէալի քաղաքապետարանը ամէն տարի վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որոնց մէջ դատապարտած է մէկուկէս միլիոն հայերու տեղահանութիւնը, ջարդը եւ վերապրողներու խզումը իրենց պապենական հողերէն: Մինչ 28 Նոյեմբեր 2003-ին Քեպէգի քաղաքապետարանը Ապրիլ 24-ը այնուհետեւ յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր:
Նշեալ յայտարարութեան մէջ կը յիշատակուի նաեւ, թէ Մոնթրէալի մէջ կը բնակին 50 000 հայեր, որոնք, որպէս հայ համայնք, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քաղաքի մշակութային, տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին:
Ահունցիք-Քարթիէրվիլ շրջանի քաղաքապետ Էմիլի Թուիէի առաջարկով եւ Մոնթրէալի քաղաքապետ Վալերի Փլանթի վաւերացումով 24 Ապրիլ 2019-ը կը յայտարարուի որպէս Մոնթրէալի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր եւ կոչ կ՚ուղղուի մոնթրէալցիներուն՝ յարգանքի տուրք մատուցել Ցեղասպանութեան զոհերուն՝ հաստատելու համար մոնթրէալցիներուն համերաշխութիւնը հայ ժողովուրդին հետ: