Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Յուզումով կը յիշեմ 1989-ի առաջին ամիսները։ Մեղուային եռուզեռ էր Ուաշինկթընի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ համայնքի կեանքին մէջ։ Երկրաշարժի մորմոքը կը ճնշէր մեր կուրծքերուն և սակայն մեծ ու պզտիկ աննախընթաց զօրաշարժի մէջ էինք։ Շատեր կը գիշերէին եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Շտապ օգնութեան փուլն էր և իրաւունք չունէինք դանդաղելու։ Մեր հաւաքական ճիգին կամաւորապէս զօրակցութեան փութացած էին անհամար տեղական ամերիկեան կազմակերպութիւններ Վիրճինիա և Մէրիլէնտ նահանգներու խորերէն, որոնք օր ու գիշեր հեռատեսիլի պաստառներէն կը տեսնէին մեծութիւնը աղէտին։ Կու գային փաթեթներով տալու համար իրենց երեխաներու վրայի տաք հագուստեղէնը և խնդրելով, որ հասցնէինք Սպիտակ ու Գիւմրի...
Այս թոհուբոհին մէջ էր, որ յանկարծ յայտնուեցաւ հայրենի արուեստագէտներու խումբը, երբ մենք ոչ սիրտ ունէինք և ոչ ժամանակ երգի ու արուեստի թանկ հաճոյքին համար...
Այնուամենայնիւ մենք մեր սրտերը լայն բացինք մեր հարազատներուն առջև և ընդունեցինք զիրենք ուրախութեան արցունքներով։ Անոնք մեր երկրի անխորտակելի հաւատքն էին։ Մեր չմեռնող յոյսը։ Մեր անսասանելի վճռակամութիւնը։ Այս մտքերն էին մէջս, երբ բեմէն հնչեց Բարսեղ Թումանեանի հրաշագեղ արիան՝ Ռոսսինիի «Սէվիյի Սափրիչը» աշխարհահռչակ օփերայէն...որուն յաջորդեցին սրտաթունդ կտորներ Արմէն Տիգրանեանի «Դաւիթ Բէկ»էն։ Յանկարծ մեծ բան մը տեղի կ՚ունենար տխրութեամբ թաթաւուն մեր սրահին և մեր կեանքին մէջ։ Մեծ յեղաշրջու՛մ մը՝ որ մեզ կ՚առնէր իր ալիքին մէջ։ Բարսեղ Թումանեանի ձայնը ալեկոծութիւն էր և սխրանք։ Ան կ՚ազատագրէր մեզ նախճիրէն։ Ան յանկարծ մեր մտքերէն կը թօթափէր կնճիռը և մեզի ցոյց կու տար իրական յաղթանակի ուղին։
Ես այսպէս ճանչցայ զինք և ան տարիներու ընթացքին երբեք չփոխուեցաւ իմ մտքիս մէջ։ Ան ոչ միայն քանքարաւոր երգիչն էր, այլև հայ երգի տեսաբանը, գեղագէտը, մշակութաբանը, արուեստի փիլիսոփան։ Կոմիտասեան ջինջ տիեզերքի չլսուած ձայներու մեկնաբա՛նը։
Այս բոլորը յանկարծ վերակենդանացան ինծի համար, երբ այսօր ես վերստին լսեցի զինք Առաջին Ալիքի «Կէս Գիշերն Անց» յայտագրէն։ Իր մտքի թելը յանկարծ տարաւ զինք շատ կարևոր -- և մեզի համար՝ մեծապէս կենսական -- այն եզրակացութեան, որ զարթուցիչ պէտք է ըլլայ այսօրուան հայուն համար։
Արթնցէ՛ք, ժողովուրդ, կը թուէր ըսել ան իր խուզարկու բառերով։ Մենք իրաւունք չունինք վերածնունդի մասին խօսելու...«Մենք չենք մեռած, որ վերածնենք. մենք պիտի ծնենք...» Մենք ծնելու պարտաւորութեան տակն ենք։ ԾՆԵԼՈՒ՛։ Եւ որպէսզի այս հզօր միտքը զոհ չերթայ լեզուական շփոթի, կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ Բարսեղ Թումանեանի լեզուին մէջ «ծնիլ» եզրոյթը պէտք է հասկնալ իր «ծնանիլ», «ծնունդ տալ» իմաստով։
Եւ, անշուշտ, անխուսափելիօրէն այս մտքերը զիս առաջնորդեցին մեր այսօրուան իրականութեան։
Լսեցէ՛ք, ընկերներ։ Մենք այստեղ է, որ պիտի չթերանանք մեր առաքելութեան մէջ։ Մենք գործ ունինք ընելիք։ Մենք ծնած ենք աւելի նորը, աւելի հզօրը, աւելի տոկունը ծնանելու առաքելութեամբ։
Այս օրերուն շատ ընդհանրացած են մեր մահը նախատեսող մահախօսականները...Ամէն առտու, ես կը դրուիմ կացութեան մէջ այն մարդուն, որ ստիպուած է իր աչքերով տեսնելու իր դամբանախօսները և իր ականջներով լսելու եղերերգը իր եղերամայրերուն...Կը բաւէ, սիրելինե՛ր. կը բաւէ աղի արցունք թափէք մեր վրայ։ Մենք լաւ գիտենք ինչպէս կարգի դնել հարանց տունը։ Ձեր հօրեղբայրը չէ մեռած...Ան ողջ է, առողջ և կ՚ապրի ամէն տեղ ուր հայուն սրբազան դատը կը կանչէ զինք։
Կարօ Արմենեան