Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՍԻՏՆԻ.- Կիրակի, 23 Յունիսին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան Գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին կազմակերպած Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած գրական երեկոն:
«Զենիթ» հանդիսասրահը կը յորդէր առաւել քան 250 հանդիսատեսներով, որոնք հաւաքուած էին անգամ մը եւս անմահացնելու ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը, անոր ծննդեան 150ամեակին առթիւ:
Հանդիսավարութիւնը վստահուած էր երկու խոստմնալից մտաւորական երիտասարդներու՝ Մանուկ Կոտոյեանին եւ Մոսիկ Ինճէճիկեանին, որոնք կատարելէ ետք բացման եւ բարի գալստեան խօսքերը, նաեւ մասնակից դարձան կատարումներուն՝ ասմունքելով Թումանեանի քերթուածներէն եւ քառեակներէն, պատմելով անոր կեանքէն դրուագներ: Կոտոյեան եւ Ինճէճիկեան կատարեցին «Զրոյց Թումանեանի եւ Կոմիտասի միջեւ»՝ վերակենդանացնելով Կոմիտասի Թիֆլիսի մէջ տարած աշխատանքը եւ Թումանեանի ցուցմունքները թիֆլիսահայ կեանքին մասին:
Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Համազգայինի ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարանները: Թումանեան շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտուհի փոքրիկն Ադէլին Գալստեան համարձակութեամբ եւ ճիշդ առոգանութեամբ արտասանեց Թումանեանի «Մի Բաց նամակ Ամէնքին» բանաստեղծութիւնը: Նոյն վարժարանի աշակերտուհի Լուսինէ Օգանեսեան կիթառի ընկերակցութեամբ Լեւոն Մելիք-Վարդանեանի՝ արտասանեց Թումանեանի «Ամենից Լաւ Տունը» հանրածանօթ բանաստեղծութիւնը։ «Կաքաւիկ»ը (երաժշտութիւն՝ Կոմիտասի եւ խօսք՝ Թումանեանի) կատարեց Թումանեան վարժարանի մանկական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Աղունիկ Մարգարեանի:
Համազգայինի «Թարգմանչաց» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին «Մի Կաթիլ Մեղր» թատրոնը, որակաւոր խաղարկութեամբ: «Գոլստըն» Ճեմարանի ուսանող եւ յաճախ Սիտնիի բեմերէն ասմունքող Կարօտ Վարժապետեան ասմունքեց Թումանեանի «Հին Օրհնութիւն»ը: Համազգայինի Սիտնիի պարախումբը ներկայացուց «Մոկաց Հարսներ»ը: Իսկ Համազգայինի «Նայիրի» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավար Մարկարէթ Փորթըրի առաջնորդութեամբ՝ երգեց «Անուշ»էն մասեր իսկ «Անուշ»ի պատմութիւնը ներկաներուն ներկայացուց Մարինա Աւագեան-Չափրազեան:
Իրենց բաժինը բերին նաեւ Համազգայինի «Նուպար Խաչատուրեան» թատերախումբի դերակատարները, որոնք թատերական հմտութեամբ ներկայացուցին Թումանեանի «Քէֆ Անողին Քէֆ Չի Պակսիր»ը եւ արժանացան ներկաներու բուռն ծափահարութեանց:
«Առանց Քեզ» եւ «Հայրենիքիս Հետ» երգերով ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգչուհի Մաշա Մնջոյեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հրանդ Պէօճիկեանի:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Հայկազուն արք. Նաճարեան, որ կը հովանաւորէր ձեռնարկը: Կատարելով փակման խօսքը եւ աղօթքը, ան շնորհաւորեց Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը այսպիսի գեղեցիկ յայտագիր պատրաստելուն համար։
Երեկոն իր լրումին հասաւ սրբազան հօր Պահպանիչով: