կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-10-19 14:12
Աշխարհ

Լիբանանահայ երեք կուսակցությունների ներկայացուցիչները ժողով են գումարել Ազգային առաջնորդարանում

Լիբանանահայ երեք կուսակցությունների ներկայացուցիչները ժողով են գումարել Ազգային առաջնորդարանում

Աղբյուրը` Aztagdaily

Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբերի կէսօրին, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ժողով մը գումարեցին Ազգային Առաջնորդարանին մէջ` քննելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ հայութեան ներկայացուցչութեան հարցը:

Ժողովականները ողջունեցին կառավարութեան կազմութեան համար ի գործ դրուող ճիգերը` յուսալով որ անոնք կ’արդիւնաւորուին ամէնէն արագ միջոցին` երկիրը դուրս բերելով քաղաքական ներկայ տագնապէն: Անոնք նաեւ շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը ազգային համախոհութեան եւ համայնքային հաւասարակշռութեան հիմերով կառավարութեան մը կազմութեան, ուր յարգուած ըլլան Թաէֆի համաձայնութեամբ ճշդուած պայմանները եւ երկրի բաղկացուցիչ բոլոր համայնքներուն արդար ներկայացուցչութիւնը ապահովող չափանիշները:

Այս առիթով, ժողովականները խոր մտահոգութիւն յայտնեցին վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւններուն մասին, որոնք 30 հոգինոց կառավարութեան մը մէջ կը նախատեսեն միայն մէկ հայ առաքելական նախարար, երկրորդ նախարարի համար նկատի ունենալով փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ մը:

Ժողովականները իրենց նախանձախնդրութիւնը յայտնեցին, ինչպէս բոլոր համայնքներու, նաեւ հայ համայնքի արդար իրաւունքներուն պահպանման եւ առ այդ` մերժեցին ընդունիլ համայնքին դէմ գործուելիք այս անիրաւութիւնը:

Ժողովի աւարտին, ներկաները կոչ ուղղեցին կառավարութեան կազմութեան մասնակից քաղաքական բոլոր ուժերուն` յարգելու հայ համայնքին արդար իրաւունքները եւ ապահովելու անոր ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը նոր կառավարութեան մէջ: