Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արծուիկ Մինասեան. «Ցոյց Տանք Մեր Դիմադրութիւնը, Հայութիւնը Ամէնուրեք Պէտք Է Պարտադրէ Իր Կամքը, Թէ Պատրաստ Չէ Նոր Զիջումներու»
Արթուր Խաչատրեան. «Համահայկական Դիմադրութեան Մէջ Լիբանանի Հայ Համայնքը Ունի Հիմնական Դերակատարութիւն»
Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր մտահոգիչ կացութեան լոյսին տակ, երէկ` երեքշաբթի, 2 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, Շահէ արք. Փանոսեանի, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպս. Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներու` Յակոբ Խաչերեանի եւ Բենիամին Պչաքճեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, նախկին նախարարներ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի եւ Աւետիս Կիտանեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի, Ալեքսանտր Մաթոսեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիգրան Ճինպաշեանի, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ խուռներամ բազմութիւն մը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Հանրային կապերու պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեան, որ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի զոյգ պատերազմներու նահատակներուն յիշատակը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ օրուան հաւաքի շարժառիթին եւ նպատակին ու ըսաւ. «Մենք Արցախի համար ոչ մէկ բան խնայած ենք, անցնող մէկ տարուան ընթացքին խոր ընդվզումով, յուզումով ու մտահոգութեամբ ընդունեցինք պարզուած իրականութիւնը»: «Մէկ բան յստակ է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին համար, որ մենք հոս հաւաքուած ենք, որովհետեւ Հայաստանը, Արցախը եւ համայն հայութիւնը կը գտնուին վտանգաւոր անկիւնադարձի դիմաց», ընդգծեց Հաւաթեան` նշելով, որ այս իսկ պատճառով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց Լիբանան հրաւիրել Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, նախկին նախարար, ակադեմական, տնտեսագէտ ընկեր Արծուիկ Մինասեանը, որպէսզի հայ երիտասարդութեան, ուսանողութեան եւ միութիւններուն պարզէ տիրող իրավիճակը: «Սակայն ի յայտ եկաւ, թէ արգիլուած է անոր ելքը Հայաստանէն, բայց «անմիջապէս մենք դասաւորեցինք ընկեր Արթուր Խաչատրեանի ժամանումը եւ որոշեցինք ընկ. Արծուիկին խօսքը լսել «Սքայփ»-ի միջոցով»: Ապա Հաւաթեան ներկայացուց Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արծուիկ Մինասեանն ու Արթուր Խաչատրեանը` նշելով, որ անոնք Հայաստանի մէջ ունին քաղաքական եւ յատկապէս տնտեսական կենսափորձ, նաեւ ընկեր Արթուր ունի բանակային ծառայութեան փորձառութիւն:
Ապա «Սքայփ»-ի միջոցով խօսք առաւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան, որ նախ եւ առաջ ողջունեց ազգային հերոս Համբիկ Սասունեանի ապահով հայրենիք ժամանումն ու հոն հաստատումը: Իսկ անդրադառնալով Հայաստանի եւ Արցախի կացութեան` Մինասեան նշեց, որ պէտք է գնահատականը տանք եւ մեր պայքարը ճիշդ հունաւորենք: «2018-ին, երբ բոլորը գօտեպնդուած էին նոր իշխանութեամբ, մենք մտահոգ էինք, եւ արդիւնքը` այդ իշխանութիւնը մեր ազգային ներկայացուցիչները իրար դէմ հանեց, ազգային ճակատին մէջ պառակտում հրահրեց` ջանալով Արցախը Հայաստանէն անջատել», ընդգծեց Արծուիկ Մինասեան` դիտել տալով, որ եթէ օրին իշխանութեան գլուխ չգար ներկայ իշխանութիւնը, վստահաբար մենք չէինք կորսնցներ մեր հողերը եւ իրարու դէմ չէինք ելլեր: «Մենք քրէական գործ յարուցեցինք Նիկոլ Փաշինեանին դէմ, սակայն ան կը շարունակէ Հայաստանը նոր պարտութեան մղելու, դիրքեր յանձնելու պարտուողական վարքագիծը», շեշտեց Ազգային ժողովի պատգամաւորը` կոչ ուղղելով, որ 9 նոյեմբերի Ա. ամեակին առիթով Հայաստանի թէ այլ շրջաններու կողքին նաեւ Լիբանանի մէջ բողոքի ելոյթ կազմակերպուի, ցոյց տալու համար Հայաստանի իշխանութեան, որ «հայ ժողովուրդը պատրաստ չէ որեւէ զիջումի, ցոյց տանք մեր դիմադրութիւնը, մենք պէտք է պարտադրենք մեր կամքը, թէ պատրաստակամ չենք նոր զիջումներու, նոր պարտութիւններու»: «Նախ եւ առաջ մենք պէտք է դիմադրենք վերահաստատելու, վերամրագրելու համար մեր ազգային արժանապատուութիւնը», ընդգծեց Արծուիկ Մինասեան: «132 տարուան ընթացքին ՀՅԴ-ն հերոսապատում ցոյց տուած է, ՀՅԴ-ն մեծագոյն ներդրումը ունեցած է Արցախի մէջ, յատկապէս` քաղաքական ու տնտեսական առումով», շեշտեց ան` դիտել տալով, որ «27 սեպտեմբեր 2020-ին` պատերազմի առաջին օրը, ՀՅԴ-ն մէկ կողմ դնելով ամէն հակառակութիւն` առաջին ուժն էր, որ ճակատ ուղղուեցաւ»: «Ունեցանք աւելի քան յիսուն նահատակ, բայց մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը վասն ազգային արժանապատուութեան եւ վասն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ», շեշտեց Արծուիկ Մինասեան:
Ապա խօսք առաւ Արծուիկ Մինասեանի փոխարէն հիւրաբար Լիբանան գտնուող Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց հայկական այժմու երեք մայրաքաղաքներու` Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան կեդրոն նկատուող մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ըլլալու` յիշեցնելով, որ Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան եւ Աշոտ Սիմոնեան շինծու մեղադրանքով արգիլուած են Հայաստանէն դուրս ելլելու` համոզում յայտնելով, որ այս հարցը շուտով կը լուծուի, եւ Արծուիկ Մինասեան կու գայ Լիբանան: Արթուր Խաչատրեան ընդգծեց, որ համահայկական դիմադրութեան մէջ Լիբանանի հայ համայնքը ունի հիմնական դերակատարութիւն: Անդրադառնալով Արցախի եւ Հայաստանի կացութեան` Արթուր Խաչատրեան ըսաւ. «Մեր հարցը զուտ Արցախի հարց չէ, մենք կորսնցուցինք Արցախի 70 առ հարիւրը եւ Հայաստանը Արցախին միացնող 7 քմ լայնութեամբ Լաչինի անցքը, որ նախատեսուող համաձայնագրով պիտի դառնայ 70 քմ լայնութեան եւ 1800 մեթր բարձրութեամբ լեռներու վրայով անցնող ճամբայ: «Հարցը միայն Արցախի կամ Հայաստանի հարց չէ, այլ աւելի խորը` այստեղ ամբողջ հայ ժողովուրդի իրաւունքները հարցականի տակ են, սա մեր ազգի ապագայի՛ խնդիրն է», շեշտեց ան եւ աւելցուց. «Մենք չենք ըսեր, թէ յարաբերութիւն պէտք չէ ունենանք Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանի հետ, բայց հարցը հայութեան դէմ սպառնացող վտանգն է»: «Ամբողջ հայ ժողովուրդը պէտք է դէմ կանգնի այս պայմաններուն դէմ», շեշտեց Խաչատրեան` նշելով, որ աղքատութիւնը կ՛աճի, մարդոց կենսամակարդակը ցած է, միայն տղամարդիկ չեն, որ կը մեկնին երկրէն, այլ` հայաթափում տեղի կ՛ունենայ: «Մենք թոյլ պիտի չտանք, որ Արցախն ու Հայաստանը թրքանայ», ընդգծեց Արթուր Խաչատրեան` վերահաստատելով, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ եւս բողոքի ելոյթներ տեղի պիտի ունենան 9 նոյեմբերի առիթով: Հարցումի մը պատասխանելով` Արթուր Խաչատրեան նշեց, թէ եթէ ռուսական զօրքը չըլլար, Արցախը ամբողջութեամբ կրնայինք կորսնցնել: Ան նաեւ շեշտեց, որ կայացող ու գաղտնի պահուող բանակցութիւնները պէտք է ըլլան քաղաքական եւ ոչ զինուորական բնոյթով` շեշտելով, որ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները տեղեակ չեն այդ բանակցութեանց մանրամասնութիւններէն:
Երկու զեկուցաբերներն ալ իրենց խօսքի աւարտին պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:
aztagdaily.com
Լուսանկարները`
ԱԼԵՔՍ ԿԻՒՐԻՒՆԵԱՆի