Փոխարժեքներ
17 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 388.25 |
EUR | ⚊ | € 410.42 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.9 |
GBP | ⚊ | £ 491.99 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.19 |
Վերջին 128 տարիներուն ընթացքին քիչ չեն եղած այն մարդիկը, որոնք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նկատած են դաւաճան կուսակցութիւն. անոնցմէ շատեր փորձած են նոյնիսկ հայ ժողովուրդի գլխուն եկած բոլոր դժբախտութիւնները վերագրել Դաշնակցութեան:
Դժբախտաբար, այսօր ալ կան անձեր, որոնք կը յամառին քննադատել մեր ազգային զարթօնքը կերտած այս կուսակցութիւնը: Փաստն այն է, որ վերջերս հակադաշնակցական պայքարը, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, կը թուի թափ ստացած ըլլալ:
Հակադաշնակցական պայքարին ծաւալման գլխաւոր մեղաւորը հաւանաբար նոյնինքն Դաշնակցութիւնն է, որ երբէք չէ կրցած ինքզինք բացատրել: Որովհետեւ դժուար է բացատրել Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցականութիւնը. որովհետեւ դժուար է հասկնալ զանոնք. որովհետեւ Դաշնակցութիւնը միշտ հաւատացած է, որ բացատրելու որեւէ փորձ պիտի ծառայէ Դաշնակցութիւնը նսեմացնելու. որովհետեւ Դաշնակցութիւնը անանձնական զգացում է եւ ապրում:
Որպէսզի սխալ չմեկնաբանուինք՝ ըսենք, որ չենք ուզեր Դաշնակցութեան դէմ խօսողները կամ գրողները բոլորն ալ համարել հակադաշնակցականներ: Այդ պատճառով ալ Դաշնակցութեան գործունէութիւնն ու գաղափարախօսութիւնը քննադատողները պիտի բաժնենք երեք խումբերու:
ԱՌԱՋԻՆ ԽՈՒՄԲ
Անկասկած, որ այս խումբին մէջ կան մարդիկ, որոնք նոյնիսկ մօտ են Դաշնակցութեան եւ կը բաժնեն անոր գաղափարախօսութիւնը, սակայն իրենց ակնոցով դիտուած՝ Դաշնակցութեան գործած սխալները քաղաքավարի ու կառուցողական ոճով, բանաւոր թէ գրաւոր ձեւով, կ՛ուզեն մեր ուշադրութեան յանձնել ինչ, որ ընդունելի եւ ողջունելի է:
ԵՐԿՐՈՐԴ ԽՈՒՄԲ
Ինչպէս միշտ ալ եղած են, կան նաեւ մարդիկ, որոնք իրենց տգիտութեան եւ պարզապէս ուրիշներէն տարբեր ըլլալու ախտէն վարակուած՝ իրենք զիրենք նետած են հակադաշնակցական պայքարի դաշտը եւ յաճախ հանդէս կու գան երեւակայական եւ քիչ մըն ալ մանկական ձաբռտուքներով: Այս տեսակի մարդիկ ոչ մէկ ձեւով կրնան ազդեցութիւն ունենալ դաշնակցութեան գործունէութեան վրայ, այդ ըլլայ դրական կամ ժխտական, եւ ժամանակի ընթացքին, կամ դաստիարակուելով կը փոխեն իրենց կարծիքը կամ պարզապէս կը չքանան:
ԵՐՐՈՐԴ ԽՈՒՄԲ
Այս խումբը կը բաղկանայ այն մարդոցմէ, որոնք թուրքերէ, համայնավարներէ, եւ ապազգային բոլոր ուժերէ ժառանգաբար ստանձնած են հակադաշնակցական ըլլալու պարտականութիւ-նը: Անոնք կը թուին երդուած ըլլալ, որ ինչ ալ ըլլան պարագաները իրենք պիտի մնան հակադաշնակցական: Այս խումբին պատկանող մարդիկ առիթը չեն փախցներ իրենց մաղձը թափելու դաշնակցութեան հասցէին այնքան մը, որ մարդ կը սկսի մտածելու, որ եթէ Դաշնակցութիւն չըլլար ի՞նչ պիտի ընէին անոնք. ինչպէ՞ս պիտի ապրէին. ի՞նչ պիտի ըլլար անոնց գոյութեան իմաստը:
Անոնք, գիտնալով հանդերձ պատմական, մօտիկ անցեալի եւ ներկայի փաստերը՝ տգիտութեան պատմուճանը հագած, խեղաթիւրելով անցեալն ու ներկան կը գրեն եւ կը խօսին դաշնակցութեան մասին առանց անդրադառնալու, թէ այդ ընելով աւելի կը զօրացնեն Դաշնակցութիւնը:
Հետեւաբար, մեր խօսքը ուղղելով բոլոր հակադաշնակցականներուն՝ հարց տանք. բնաւ մտածա՞ծ էք, որ եթէ Դաշնակցութիւնը չըլլար մեր պատմութեան վերջին 128 տարիներուն ընթացքին ի՞նչ կրնար ըլլալ հայութեան վիճակը. ի՞նչ կրնար ըլլալ արեւմտահայութեան վիճակը. ի՞նչ կրնար ըլլալ Սփիւռքի վիճակը. ի՞նչ կրնար ըլլալ Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարին վիճակը. ի՞նչ կրնար ըլլալ 1918ին Հայաստանի վիճակը. ի՞նչ կրնար ըլլալ Արցախի ազատագրական պայքարին վիճակը: Բնաւ հարցուցած էք դուք, թէ կա՞յ ուրիշ կուսակցութիւն, որ մինչեւ օրս կը պահէ մեր հայրենիքի սահմանները պաշտպանող կամաւորներու գումարտակ: Տեղեա՞կ էք, որ Արցախեան ազատամարտին ընթացքին Հայաստանի Դաշնակցական շարքայիններուն 10էն 1ը, իսկ Արցախի Դաշնակցական շարքայիններուն 4էն 1ը զոհուած է:
Ուստի, թող ոչ ոք փորձէ Դաշնակցութիւնը նմանցնել ուրիշին: Ոչ ոք թող փորձէ Դաշնակցութիւնը նսեմացնել: Դժուար է Դաշնակցութիւնը վերացնել մեր ազգային կեանքէն, որովհետեւ անիկա իր ծնունդէն ի վեր է՛ ու կը մնայ մեր ժողովուրդին անքակտելի մասնիկը: Սերտէցէ՛ք պատմութիւնը եւ պիտի տեսնէք, թէ բոլոր անոնք, որոնք փորձած են՝ չկան այսօր:
Վերջացնելով՝ մէջբերենք Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմի խօսքը Դաշնակցութեան մասին.
«Ես ինչպէ՞ս բացատրեմ անբացատրելի մի բան: Դաշնակցութիւնը կարելի չէ բացատրել. բացատրելու ամէն մի փորձ փոքրացնում է Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցութիւնը կարելի է եւ պէտք է զգալ միայն: Զգալ, ապրել եւ հաւատալ: Մարդ հաւատում է Աստծու, բայց չի կարողանում ասել, թէ ի՞նչ է Աստուած»:
asbarez.com
ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ