կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-10-06 11:38
Հասարակություն

«Ե՛ւ, Ե՛ւ»ը 127 Տարեկան է

«Ե՛ւ, Ե՛ւ»ը 127 Տարեկան է

Մօտաւորապէս չորս տարի առաջ այս օրերուն, Մոսկուայի մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրեց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) միանալու համաձայնագիրը։ Լուրը անակնկալ մըն էր նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքական շրջանակներէն ներս։

Մինչ այդ սակայն, զուգահեռաբար ԵՏՄին, Եւրոպական միութեան հարեւանութեան բանակցութիւններ եւս կը վարուէին։ Եւրոպական միութիւնը այս թղթածրարին ղեկավարումը յանձնած էր Լեհաստանին։ Եւրոպական միութիւնը Հայաստանին պայման դրած էր «կա՛մ ԵՄին հետ, կա՛մ՝ ԵՏՄին»։ Վահան Յովհաննիսեանի վկայութեամբ, եւրոպացիներուն հետ բանակցութիւններուն ընթացքին, երբ հայկական կողմը հարցուցած էր, որ լաւ, ձեզի հետ համաձայնագիր ստորագրելու պարագային, դուք, օրինակի համար, պիտի գնէ՞ք հայկական քոնիակը. եւրոպացիներուն պատասխանը եղած էր կտրուկ ո՛չ մը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան մեկնեցաւ Լեհաստան, փորձելով տարհամոզել լեհերը, որ հարցին մօտենան «ե՛ւ, ե՛ւ» սկզբունքով։ Սակայն ԵՄը մնաց անդրդուելի։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատկերացումով, հայութեան ու Հայաստանի համար երբեք նպաստաւոր չէ այս կամ այն կողմին հետ կապերը խզելով միայն մէկ ուժի հետ գործակցելու գաղափարը։ Մեզի համար նպաստաւոր է թէ՛ ռուսական եւ թէ՛ եւրոպական կողմին հետ միաժամանակ գործակցութիւնը։ Հետեւաբար, երբ Մոսկուայի մէջ ՀՀ նախագահը ստորագրեց ԵՏՄի համաձայնագիրը, Հ.Յ.Դ.ն իր այս կեցուածքը արտայայտող յայտարարութիւն հրապարակեց։

Հիմա փոխուած է եւրոպական կեցուածքը։ Փաստօրէն ԵՄը հրաժարած է «կա՛մ մեզի հետ, կա՛մ ԵՏՄին հետ» իր նախկին որոշումէն։ Այսօր Հայաստանի եւ ԵՄի հետ նշեալ համաձայնագրի ստորագրութեան համար ստեղծուած են նպաստաւոր պայմաններ։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ եւ Հայաստանի խորհրդարանի անդամ Արմէն Ռուստամեան, խօսելով ԵՏՄէն դուրս գալու հարցը քննելու «Ելք» խմբակցութեան առաջարկին մասին, մերժեց այդ նախաձեռնութեան տրամաբանութիւնը եւ շեշտեց կարեւորութիւնը երկու կողմերուն հետ գործակից դառնալու վարքագիծին։ Մօտեցում մը, որ մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան քաղաքական մտածողութեան՝ հինէն ի վեր։

Այսպէս, մեզի համար ուժի յենարաններ ստեղծելու տրամաբանութեամբ էր, որ անցնող դարու սկիզբները, գլխաւորաբար Քրիստափոր Միքայէլեանի գործնական ջանքերով, Եւրոպայի մէջ սկսանք «Փրօ Արմենիա»ն, որ իրականութեան մէջ ոչ միայն հրատարակութիւն մըն էր, այլ՝ ամբողջ քաղաքական աշխատանք մը խորհրդանշող երեւոյթ։ Հայ ժողովուրդին մղած ազգային ազատագրական պայքարին համար Եւրոպայի մէջ վստահելի քաղաքական ու գաղափարական զինակիցներ գտնելու ճիգը անհրաժեշտ էր։ Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, երբ ցարական կայսրութեան մէջ 1905ին տեղի ունեցան յեղափոխական խմորումները, Դաշնակցութիւնը կանգնեցաւ ժողովրդավարացման գործընթացներու կողքին, միաժամանակ լծուելով Կովկասի մէջ հայ ժողովուրդի թէ՛ ֆիզիքական ապահովութեան արիւնոտ գործին եւ թէ՛ հայ աշխատաւորութեան շահերու պաշտպանութեան պայքարին։ Մէկ խօսքով, թէ՛ Եւրոպայի մէջ եւ թէ՛ ռուսական կայսրութեան մէջ, Դաշնակցութիւնը փորձեց հայութեան համար ուժի յենարաններ ստեղծել։
Դաշնակցութեան քաղաքական միտքը անցաւ քայլ մը անդին, երբ զինակցութիւն կնքեց մակեդոնացիներու հետ, որոնք իրենց կարգին պայքար կը մղէին օսմանեան բռնատիրութեան դէմ։ Առաւել, նոյն տրամաբանութեամբ էր նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը ուղղակի մասնակից դարձաւ Պարսկաստանի սահմանադրական շարժումին։ Այս վերջին կէտը բնաւ «հաճելի» չէր ցարական իշխանութիւններուն համար, որովհետեւ անոնք չէին կրնար հանդուրժել, որ իրենց սահմանակից Պարսկաստանը ղեկավարուի սահմանադրական կարգերով. այնպէս որ, պատահական չէին նոյն այդ իշխանութիւններուն կողմէ Դաշնակցութեան դէմ մղուած հալածանքը, ձերբակալութիւններն ու ատոնց յաջորդած աքսորները։

Բայց քանի որ «դաշնակցականները յամառ մարդիկ են» (գործածելով նոյն Վահան Յովհաննիսեանի դիպուկ բնորոշումը), մեր պայքարը չդադրեցաւ, որովհետեւ ատիկա կը բխէր Հայաստանի ու հայութեան շահերը ամէն բանէ վեր դասելու մեր մտածողութենէն։

Քաղաքական փոթորիկներու մէջ նաւարկելու համար, այս սկզբունքը դարձած էր մեր կողմնացոյցը։ Արդարեւ 1920ին, երբ Հայաստանի հանրապետութիւնը Սեւր առաքած էր Աւետոս Ահարոնեանի պատուիրակութիւնը, միւս կողմէ ալ Մոսկուա առաքած էր Լեւոն Շանթը՝ տեղւոյն համայնավար իշխանութիւններուն հետ Հայաստանի ի շահ նպաստաւոր պայմաններով համաձայնագիր կնքելու նպատակով։ Ուրիշ հարց, որ Շանթի առաքելութիւնը իր բաղձալի արդիւնքը չտուաւ. սակայն ատիկա այլ նիւթ է եւ չի վերաբերիր մեր որդեգրած քաղաքական սկզբունքային կեցուածքին։

Եղեռնի յիսնամեակէն ետք, Դաշնակցութիւնը վերամշակեց ու վերահաստատեց իր կեցուածքը, որ 1968ին դրսեւորուած էր «Ազդակ ֊ Շաբաթօրեակ Դրօշակ»ին մէջ լոյս տեսած խմբագրականով մը։ Մեր պաշտօնաթերթի օգնական խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի գրիչին պատկանող եւ «Հայկական օրիանտացիա» խորագիրը կրող այդ խմբագրականին մէջ (թերթի 6րդ թիւին մէջ), հետեւեալը կ’ըսուի. «Կը հարցնենք ուղղակի.֊ ի՞նչ է հայ ժողովուրդի քաղաքական նպատակը։

«Կը պատասխանենք անվարան.֊ Հայ դատի լուծումը, Միացեալ Հայաստանի եւ անկախ ու ամբողջական հայութեան վերակերտումը»։

Խմբագրականը կը շարունակէր հաստատելով. «… հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու ապահովութիւնը արտաքին արեւելումի հարց չէ անպայման, այլ գլխաւորաբար՝ ներքին ամրութեան … Էականը այն չէ, թէ մենք որո՞ւ հետ ենք եւ ի՛նչ չափով թեր ենք այս կամ այն քաղաքական արեւելումին կամ ճակատին. Էականը այն է, թէ ո՛վ թեր է եւ հետամուտ Հայ դատի լուծման եւ ինչ համեմատութեա՛մբ թեր է»։ Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, խմբագրականը կը յայտարարէր. «Մենք դէմ ենք բոլոր անոնց, որոնք Հայ դատը կ’ուզեն վերածել ռուսական հարցի մէկ բաղկացուցիչ մասնիկին, նաեւ բոլոր անոնց, որ զայն պիտի ուզէին արեւմտաեւրոպական կամ ամերիկեան հարցին մէկ բաղկացուցիչ մասին վերածել»։

Մէկ խօսքով՝ կը մերժենք այս կամ այն ուժին լծակից, «պոչ», կամ հետեւորդը դառնալ։ Մենք կը հետապնդենք հայութեան ու Հայաստանի շահերը ու մեր այս ճիգին մէջ, այս կամ այն ուժի կեդրոններուն հետ մեր գործակցութիւնը կը հետապնդէ միայն ու միայն ա՛յս նպատակը։

Հետեւաբար նաեւ, երբ Արմէն Ռուստամեան շեշտեց կարեւորութիւնը թէ՛ ԵՏՄի եւ թէ՛ Եւրոպական միութեան հետ միաժամանակ գործակցելուն, իրականութեան մէջ այդ ձեւով ան ցոյց կու տար Դաշնակցութեան հետեւողականութիւնը այս հարցին մէջ։ Կեցուածք մը, որ յայտարարուած էր նաեւ օրին՝ ԵՏՄի հետ համաձայնագրի ստորագրումէն անմիջապէս վերջ։

Այսօր, պաշտօնական Երեւանը փաստօրէն որդեգրած է դաշնակցական քաղաքական միտքին կողմէ վաղուց որդեգրուած «ե՛ւ, ե՛ւ»ի մօտեցումը, որ ինչպէս տեսանք՝ 127 «տարեկան» է։

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ ամէն ինչ չէ, որ դրական ընթացք ունի։ Սակայն անուրանալիօրէն, այս վարքագիծը կրնայ միայն բարիք բերել մեր երկրին ու ժողովուրդին, պայմանով, որ ռազմավարական այս խնդրին մէջ, կարենանք տեսնել օրուան մարտավարական անհրաժեշտութիւնները։ Այսինքն, կարենանք առաւելագոյն չափով օգտուիլ թէ՛ ԵՏՄի եւ թէ՛ ԵՄի հետ մեր գործակցութենէն։
Իսկ ատոր համար, հայութեան ու Հայաստանի ներքին խոհանոցը կարգի բերելու խնդիրը սուր կերպով կը մնայ սեղանի վրայ։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս
5 Հոկտեմբեր 2017