Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Յուլիս 21ի այս օրը կը խորհրդանշէ արդարահատոյց ահաբեկումը հայասպան իթթիհատական եռապետութեան գլխաւոր դէմքերէն՝ դահճապետ հռչակուած Ճեմալ փաշայի։
95 տարի առաջ, 21 Յուլիս 1922ին, խորհրդայնացման իր սկզբնական փուլին գտնուող Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, օր¬ցերեկով ահաբեկուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Ճեմալ փաշան։
Ահաբեկումը թէեւ մաս կը կազմէր Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ 1919ին հաստատուած թուրք ջարդարարներու պատժումի «Նեմեսիս» գործողութեան, բայց իր գործադրութեան վայրով եւ քաղաքական¬կազմակերպական հանգամանքներով՝ կþառանձնանայ ու կը զատորոշուի միւս գործողութիւններէն։
Մինչ Թալէաթ ու Սայիտ Հալիմ, Պեհաէտտին Շաքիր ու Ճեմալ Ազմի ահաբեկուեցան եւրոպական մեծ մայրաքաղաքներու փողոցներուն վրայ եւ «Նեմեսիս»ի իրականացման Հ.Յ.Դ. պատասխանատու յատուկ մարմինի անմիջական հսկողութեամբ ու կարգադրութիւններով, անդին՝ Ճեմալ փաշայի ահաբեկումը տեղի ունեցաւ պոլշեւիկեան յեղկոմներու ամէնէն մոլեգին տիրապետութեան օրերուն եւ ազգամիջեան հակասութիւններու հրահրման կարեւորագոյն կեդրոն Թիֆլիսի մէջ, ուր 1922 թուականին տակաւին կը գործէր, ընդյատակ անցած ըլլալով հանդերձ, Հ.Յ.Դ. Վրաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն։
Ամբողջ տասնամեակներ, խորհրդահայ պատմաբաններն ու քարոզչամիջոցները երկաթեայ լռութիւն պահեցին Ճեմալ փաշայի ահաբեկման գործողութեան շուրջ։ Իսկ վերջին քառորդ դարուն, Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, նկատելի է հետեւողական ճիգ մը՝ Ճեմալ փաշայի ահաբեկման պատմութիւնը մասնակիօրէն վերականգնելու եւ նորօրեայ կողմնակալ ոգիով վերարժեւորելու… փորձելով Դաշնակցութենէն իբր թէ «հեռացած» գործիչներու վերագրելու Ճեմալի ահաբեկման գործողութեան իրականացումը։
Հիմա որ ազատ ու անկախ է Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազգային Արխիւը այլեւս ենթակայ չէ, պէտք չէ՛ ըլլայ գաղափարախօսական գրաքննութեան, մեր ժողովուրդը արդարօրէն կը սպասէ հայ պատմաբաններէն, որ լծուին ամբողջական ճշմարտութեան վերականգնումին ու անցեալի հանգուցային պահերուն անաչառ վերարժեւորումին։ Սպասուածը լրացումն ու պատմագիտական առարկայականութեամբ վերարժեւորումն է 1918ի Անկախութեան Սերունդին թողած յուշագրական եւ պատմագրական ժառանգութեան, այլ մանաւանդ նամակներու արխիւին։
Ճեմալ փաշայի ահաբեկման վերաբերեալ հայ քաղաքական միտքը ունի վկայութիւնը Սիմոն Վրացեանի, որ «Մրրկածին Դրօն» անունով իր յուշագրութեան մէջ պատմութեան յանձնած է հետեւեալ վկայութիւնը.
«Հ.Յ.Դաշնակցութեան Վրաստանի Կենտր. Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, 1922 թ. Յուլիս 21ին, Թիֆլիսում, օրը ցերեկով, ահաբեկուեց Իթթիհատական եռապետութեան վերջին ողջ մնացած անդամ, բոլշեւիկների բարեկամ ու գործակից Ջէմալ փաշան։ Չեկան անհաշիւ բանտարկութիւններ արաւ, բայց չէր համարձակւում սուր միջոցների դիմել՝ վախենալով փոխադարձութիւնից։ Դրօ իրաւունք ստացաւ Մոսկուայից (ուր կ՛ապրէր աքսորեալի կարգավիճակով ¬ Ն.) եւ շտապով մեկնեց Թիֆլիս, ուր բոլոր յայտնի դաշնակցականները ձերբակալուած էին։ Դրոյի հեղինակութիւնը թէ՛ դաշնակցական ընկերների եւ թէ բոլշեւիկների աչքին այնքան բարձր էր, որ նրան յաջողուեց երկու կողմի համար ընդունելի պայմաններով բանտից ազատ արձակել Կենտր. Կոմիտէի անդամներին եւ ձերբակալուածների մեծ մասին։ Այդ առթիւ Վրաստանի Կենտր. Կոմիտէի անդամները եւ Դրօ հրապարակեցին մի «դեկլարացիա», որով ճանաչում էին սովետական իշխանութիւնը եւ կոչ էին անում բոլոր դաշնակցականներին հետեւելու իրենց օրինակին։
«Արտասահմանում մեզ, որ անհաշտ պայքարի մէջ էինք սովետական բռնատիրութեան դէմ, որոշ էին այդ «դեկլարացիա»յի դրդապատճառները եւ իմաստը, բայց եւ այնպէս անթոյլատրելի էինք համարում Դրոյի եւ ընկերների ընթացքը։ Ես նոյնիսկ ստիպուած եղայ հրապարակով, մամուլի միջոցով, դատապարտելու «դեկլարացիա»ն եւ զգուշացնել ընկերներին, որ չընկնեն բոլշեւիկեան ծուղակը։ Հետագային մենք իմացանք, որ «դեկլարացիա»ն մնացել է սոսկ թուղթի վրայ եւ ոչ մի հետեւանք չէր ունեցել, բացի այն, որ Չեկան փաստ էր ձեռք բերել արդարացնելու համար իր մեղմ վարմունքը դաշնակցականների նկատմամբ»։
Եզակի չէ, ոչ ալ իր տեսակին մէջ միակն է Վրացեանի վկայութիւնը։ 1920ականներէն սկսեալ մշակուած ամբողջ գրականութիւն մը կայ, յուշագրական թէ պատմագրական, ուր հայոց նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն պահերը լուսարձակի տակ առնուած են։ Այդ վկայութիւնները ամբողջացնելու եւ առարկայական արժեւորման ենթարկելու սպասումը ունինք, այսօր, վերանկախացեալ մեր երկրի պատմաբաններէն, ազգային մեր յիշողութիւնը վերականգնելու նուիրական գործին պաշտօնակոչուած հեղինակութիւններէն։
Տակաւին ամբողջացման կը սպասէ նաեւ ու նոյնինքն Ճեմալի ահաբեկման գործողութեան մանրամասն պատմութիւնը։ Վկայութիւնները կը յիշատակեն անունները Ստեփան Ծաղիկեանի, Արտաշէս Գէորգեանի, Պետրոս Տէր¬Պօղոսեանի եւ Զարեհ Մելիք¬Շահնազարեանի։ Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս նախապատրաստեց, սակայն, գործողութիւնը եւ արխիւները ի՞նչ լրացուցիչ տեղեկութիւններ կը պարունակեն ահաբեկիչներու քայլերուն մասին։ Յուլիս 21ի տարեդարձը առիթ մըն է՝ շեշտելու այդ սպասումն ու պահանջը միանգամայն։
Թէեւ Ստեփան Ծաղիկեանի անձին եւ գործին մասին կան ժամանակակիցներու վկայութիւններ, բայց անոր գործակիցներուն վերաբերեալ ընդհանրապէս ժլատ են տեղեկութիւնները եւ ազգային մեր պարտքն է շօշափելի դարձնել կերպարն ու կենսագրութիւնը այն հերոսներուն, որոնք օրհնաբեր օր մը, Թիֆլիսի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն վրայ, պոլշեւիկեան բռնատիրութեան ամէնէն բուռն պայմաններուն տակ, արդարագոյն դատ¬դատաստանի ենթարկեցին թուրք ջարդարարներու առաջնային դէմքերէն Ահմէտ Ճեմալը, «արիւնարբու», «մսագործ» եւ «դահճապետ» մակդիրներուն… արժանացած Ճեմալ փաշան։
Աւազանի անունով Ահմէտ Ճեմալ՝ Ճեմալ փաշա ծնած է 1872ի Մայիս 6ին։ Թուրք ականաւոր պետական ու ռազմական գործիչը եղած է «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցության պարագլուխներէն եւ Երիտթուրքերու ղեկավար «եռեակի» (Թալէաթ եւ Էնվեր փաշաներու հետ) անդամ։
1914ին նշանակուած է ծովային նախարար։ Հանդիսացած է օսմանականութեան, համիսլամութեան եւ համաթրքութեան ջատագով՝ այդ գաղափարներուն իրագործումը կապելով Կայսերական Գերմանիոյ հետ Թուրքիոյ զինակցութեան հետ։
Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին Ճեմալ Փաշայ եղաւՍուրիոյ մէջ գործող թրքական 4րդ բանակի հրամանատարը։ Գործուն մասնակցութիւն ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկեան Հայաստանէն հայերու զանգուածային տեղահանման ու կոտորածին։ Արեան մէջ խեղդեց Ուրֆայի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը։ Դաժանօրէն Ճնշեց արաբներու ազգային-ազատագրական շարժումները Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ։ Թուրքիոյ պարտութենէն (1918) յետոյ փախուստ տուաւ դէպի Գերմանիա՝ Իթթիհատի ղեկավարութեան շարքին։ Քեմալական շարժման առաջին քայլերու շրջանին, Ճեմալ Փաշա արդէն վերադարձած էր Անդրկովկաս՝ համաթրքական մեծապետութեան անաւարտ երազը իրագործելու նպատակով։
Թէեւ Կոստանդնուպոլսոյ Ռազմական Ատեանը 1919ին, հեռակայ կարգով, մահուան դատապարտած էր արդէն Ճեմալ փաշային, բայց անոր դէմ արձակուած մահապատիժի դատավճիռը գործադրուեցաւ – յանուն հայ ժողովուրդին — Հ.Յ.Դաշնակցութեան կեանքի կոչած Նեմեսիսի կողմէ։
Իր յուշերուն մէջ Ճեմալ փաշայ փորձած է արդարացնել հայ ժողովուրդին դէմ իր եւ ընկերներուն պետականօրէն գործադրած ցեղասպանական յանցագործութիւնը՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու «վատթարացում»ը վերագրելով Ռուսաստանին։
Ն.