կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-09-16 11:46
Հասարակություն

Այցելություն Ատրպատականի հայկական սրբատեղիներ

Այցելություն Ատրպատականի հայկական սրբատեղիներ

Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի ձեռնարկներուն մասնակցելու համար Թեհրանի մէջ համախմբուած են աշխարհասփիւռ հայալեզու մամուլի ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին` «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

15 սեպտեմբերին հեռաձայնային կապով մը անոնք արտայայտեցին իրենց տպաւորութիւնները: Աւետիս Կիտանեան անդրադարձաւ իրենց Թեհրան գտնուելու նպատակին` նշելու «Ալիք»-ի 85-ամեակը, եւ աւելցուց, որ 15 սեպտեմբերին հիւրերը Թեհրանէն ուղղուած են Ատրպատական, Ջուլֆա գիւղ` Արաքս գետի ափին, այսինքն` Նախիջեւանի դիմաց: «Մեր առաքելութիւնը, անկախ 85-ամեակի տօնախմբութենէն, պիտի ըլլայ նաեւ այցելութիւն Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Թադէի վանքեր: «Ալիք»-ի յարկին տակ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ տեղեկատուական այսօրուան հարցերուն շուրջ: Խմբագիրները նաեւ այցելեցին թեհրանեան նշանաւոր թերթերը եւ խմբագրատուները. նաեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Թեհրանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, ուր մեզ ընդունեց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Թեհրանի թեմի Ազգային իշխանութիւնները, ներկայ էին նաեւ Իրանի խորհրդարանի անդամներ Կարէն Խանլարեան եւ Ժորժ Աբրահամեան»:

\"tehran-2_91516\"

Շահան Գանտահարեան աւելցուց, որ անոնք այցելած են 13-րդ դարու Ս. Հովիւի եկեղեցին, որուն ճիշդ դիմացը` ազրպէյճանական կողմը, ըստ պատմութեան, նաեւ նոյն անունը կրող այլ եկեղեցի մը եղած էր, սակայն տեղւոյն իշխանութիւններուն կողմէ քանդումի ենթարկուած է: Իսկ իրանեան իշխանութիւններուն, գաղութին ջանքերով, նաեւ Հայաստանէն մասնագէտներու մասնակցութեամբ Իրանի մէջ գտնուող Ս. Հովիւի եկեղեցին ամբողջովին վերականգնուած է, հոգեւոր զբօսաշրջութեան լաւագոյն կեդրոններէն մէկը կը հանդիսանայ: Ան դիտել տուաւ, որ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած խումբը առիթը ունեցած է ըմբոշխնելու Արաքսի գեղեցկութիւնը, նաեւ տեսնելու այն, որ ազրպէյճանական կողմը ո՛չ միայն Հովիւի եկեղեցին, այլ նաեւ ամէն ինչ որ հայկական է` խաչքարեր, գերեզմաններ, օր ցերեկով քանդած է: Շահան Գանտահարեան աւելցուց, որ հայկական կողմէն օրուան առաջնորդ, լուսահոգի Նշան եպս. Թոփուզեան կրցած էր նկարահանել ազրպէյճանական կողմի ամբողջ քանդումները: Այդ բոլորը համապատասխան փաստերով օրին ուղարկուած էին ԵՈՒՆԵՍՔՕ, սակայն այդ ալ արդիւնք չէր տուած, եւ Ազրպէյճան շարունակած էր իր ջարդարարի քաղաքականութիւնը մշակութային առումով եւս: Շ. Գանտահարեան հաստատեց, որ մեծապէս տպաւորուած են այդ Արաքսով եւ հայկական հոգեւոր արժէքներով:

Աւելի ուշ անոնք յայտնեցին, որ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները այցելեցին պատմական Ս. Թադէի վանք, եւ զանոնք ընդունեց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, որ բացատրութիւն տուաւ պատմութեան ընթացքին Ս. Թադէի ունեցած դերակատարութեան մասին: Եկեղեցին Իրանի մշակութային նախարարութեան եւ իշխանութիւններուն կողմէ վերանորոգման մէջ է, եւ այսօր համաշխարհային մշակութային արժէքներու ցանկին մէջ ներառուած է:

Կրօնական արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք, որ կազմակերպուած էր առաջնորդ սրբազան հօր եւ թեմի Ազգային իշխանութիւններուն կողմէ: Այսօր` ուրբաթ, 16 սեպտեմբերին, պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Թաւրիզի Ազգային իշխանութիւններուն հետ եւ պիտի այցելէ տեղւոյն վարժարաններն ու մշակութային կեդրոնները:

aztagdaily.com