կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-05-27 13:13
Հասարակություն

Սարդարապատէն Թալիշ` Մայիս 28-ի ուղիով

Սարդարապատէն Թալիշ` Մայիս 28-ի ուղիով

Մեր նորագոյն պատմութեան պատուանդանը կը կազմէ Մայիս 28, 1918ի անկախութեան նուաճման ու պետականութեան կառուցման կրկնակ աքթը։ Այդ պատուանդանը կերտուեցաւ յեղափոխական խոյանքներով ու ցեղասպանական նահատակութիւններով։ Այդ պատուանդանը մնաց ու կը մնայ անխորտակելի՝ հակառակ մեր հայրենիքին դէմ ցցուող թշնամական կեցուածքներուն, հակառակ մեր ժողովուրդին դիմակալած բազում դժուարութիւններուն, քանի որ այդ պատուանդանը արմատացած է հայրենի հողի ընդերքին ու մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ։

Մայիս 28ն հերկեց ակօսներ եւ բացաւ ուղիներ, որոնք լուսագծեցին մեր ազգային ու հայրենական լինելութեան ճանապարհը։ Վեց դարերու հայրենազուրկ եւ պետականազուրկ գոյութենէ ետք, Մայիս 28ով վերանուաճեցինք մեր պետական անօթը եւ գծեցինք առժամեայ սահմանները Հայաստան աշխարհին։ Պէտք է շեշտել, այդ անօթն ու սահմանները կերտուեցան իւրաքանչիւր հայու, մանաւանդ իւրաքանչիւր Դաշնակցական ֆետայիի արիւնով։

Սարդարապատը, ինչպէս եւ Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսան կազմեցին հնոցները Մայիս 28ի ուղիին։ Այդ ուղիի նուաճման ճարտարապետը հանդիսացաւ Երեւանի գերագոյն ղեկավարը՝ Արամ Մանուկեան։ Երբ 1918 Մայիսի կէսերուն Թուրք զօրքերը հասած էին Երեւանի դռներուն՝ մօտ 40 քիլոմեթր հեռու մեր հնադարեայ մայրաքաղաքէն, անոնք եկած էին ամբողջացնելու Ցեղասպանութիւնը, որ երեք տարի առաջ սկսած էին Արեւմտահայութեան դէմ։ Արշաւող թուրք բանակայիններուն դէմ պարզ եւ մեկին էր Արամին կոչը՝ բոլոր Հայերուն.- «Երեւանը չենք դատարկի մինչեւ մեր վերջին կաթիլ արիւնը»։ Եւ Հայ ժողովուրդը չդատարկեց Երեւանը, այլ՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի ռազմաճակատներուն վրայ պարտութեան մատնեց թշնամիին։

Տարբեր չէր կացութիւնը անցնող Ապրիլ 2ին, երբ մեծաթիւ բանակային ջոկատներով ու արդիական զէնքերով զինուած Ազերիական ուժերը եռաճակատ յարձակում շղթայազերծեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ։ Ատրպէյճանի ռազմավարական նպատակը յստակ էր։ Ծանր հրետանիի լայնատարած ռմբակոծումներով, արդիականօրէն սարքաւորուած հրասայլերով եւ ջոկատային ընտրանի ուժերով անոնք փորձեցին վերագրաւել ազատագրուած Արցախեան հայրենի հողերը։

Կրկին Սարդարապատ էր, այս անգամ Թալիշի մէջ։ Սակայն, Ազերիները ձախողեցան ճիշդ այնպէս ինչպէս իրենց զարմիկները՝ ասկէ 98 տարիներ առաջ, քանի որ Արամին կոչը տակաւին կ՛արձագանքէր.- «Թալիշը չենք դատարկի, մինչեւ մեր վերջին կաթիլ արիւնը։»։ Թալիշը չդատարկեցինք ։ Ընդհակառակը, Ազերիական սկզբնական գրոհի ընթացքին կորսնցուցած մեր դիրքերը կրկին ազատագրեցինք։ Թալիշի մէջ էր Մայիս 28ի ոգին, հոն կը շարունակէր հնչել Արամին կոչը։

Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել խիզախութիւնը Ստեփանակերտցի 20ամեայ զինուոր Մարատ Պետրոսեանի, որ առնածին եւ անվարանօրէն կը խփէր Ազերիական հինգ հրասայլեր։ Ապա ան կր վստահեցնէր, «Հանգիստ մնացէք, Ազերի տանկ չի անցնելու այստեղից»։

Ինչպէ՞ս բացատրել քաջութիւնը 21ամեայ Գիւմրեցի աւագ սարժենտ Շուրա Յակոբեանի, որ քանդեց երեք Ատրպեճանական T72 տիպի հրասայլեր, իսկ մօտակայ դիրքերու վրայ իր 20 ամեայ ընկերը՝ կրտսեր սերժենտ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան խորտակեց յաւելեալ երեք տանկեր։

Մանաւանդ ինչպէ՞ս բացատրել հերոսութիւնը այն հայ զինուորին որ, իր բոլոր ընկերները կորսնցնելէ ետք, կը քակէ երկու ձեռնառումբեր, կը մտնէ Ազերի դիրքէն ներս եւ կը սպառնայ անձնատուր ըլլալ իրեն։

Անբացատրելին կը դառնայ հասկնալի երբ կը կառչինք Մայիս 28ի ոգիին ու կ՛անսանք Արամի կոչին։ Հասկնալին կը պարզէ նոյնիսկ մէկ թիզ հայրենական հողը մահուան գնով պաշտպանելու զոհաբերումը։ Սարտարապատէն Թալիշ այդ զոհաբերութեան նուիրումով հայ մարդը կասեցուց թշնամին եւ չթողուց որ անցնի հայրենի հողէն։ Ընդհակառակը, թշնամին փախուստ տուաւ։ Ինչպէս սերժենտ Շուրա Յակոբեան կը բացատրէ, հարուածներէ ետք մնացած Ազերիները «արագ փախան, շատ արագ: Ինչի՞ փախան, կրակում էինք էլի: Կարճ ժամանակ յետոյ արդեն տանկի հետք չկար, որ խփէինք: Սպասում էինք՝ չկային ու չկային:»

Հայրենի հողին պահպանումը եւ ազատագրուած հայրենի տարածքներու պաշտպանութիւնը կենսական գրաւականներն են մեր հայրենիքի գոյատեւելիութեան։ Ասիկա պահանջն է Մայիս 28ի ուղիին։ Սարդարապատէն Թալիշ եւ նոյնիսկ անկէ առաջ հայու քրտինքով ու արիւնով նուիրագործուած է այդ ուղին։ Մեր պատմութեան դառն օրերուն, եկաւ ժամանակ երբ լեռնաշխարհի հայ մարդը վճռեց իր ազատութիւնը ապահովել յեղափոխական պայքարով։ Յարատեւ կռիւի գիտակցութեամբ, ան խիզախեցաւ բռնութեան դէմ։ Ապա եկաւ ժամանակը երբ ան վճռեց ապահովել ազգին գոյութիւնը եւ նուաճել իր անկախ պետականութիւնը։ Հիմա ժամանակն է հայրենքի գոյատեւելիութեան ապահովման։ Այդ ապացուցեց Թալիշը։

Լսելի են որոշ խռպոտ ձայներ, որոնք սակարկութեան նիւթի կը վերածեն մեր ազատագրուած հայրենական հողերը։ Սակայն Սարդարապատէն Թալիշ Մայիս 28ի խորհուրդը կը պատգամէ հայրենի հողի իւրաքանչիւր շերտին պահպանումը, որպէսզի հասնինք մեր հայրենիքի գոյատեւելիութեան սրբազան նպատակին։ Հայաստանէն ու Արցախէն մինչեւ Հայկական Սփիւռքի ամենէն հեռաւոր ափերը, հայ մարդը կը գիտակցի այդ նպատակին, կը պահանջէ զայն, կը մաքառի անոր համար։

Ասիկա է հայրենի հողերուն կեդրոնացման առաջադրանքը։ Թալիշէն ետք այլոց համար թիզ մը հայրենի հող իսկ չենք կրնար վերադարձնել։ Աւելին, ի խնդիր հայրենիքի արդար ու ապահով գոյութեան, մենք յաւելեալ հայրենի հողեր ազատագրելու պարտաւորութիւնը ունինք։ Գծուած սահմանները հայութեան համար չեն կրնար վերջնական ըլլալ։ Հայկական յեղափոխութեան կերտիչ Քրիստափոր Միքայէլեան ներշնչման աղբիւրն է գծուած քարտէսները պատռելով հայրենի հողերու կեդրոնացման, քանի որ «ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում։»

Մեր լինելութեան ճանապարհը ճշդուած է Մայիս 28ի ուղիով՝ Սարդարապատէն Թալիշ, եւ մինչեւ Նախիջեւան, Կարս, Արտահան ու դեռ աւելի անդին։

Սեդօ Պոյաճեան