Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երբ կը խօսինք համակարգային* ցեղապաշտութեան մասին, կ՛անդրադառնանք խտրականութեան մը, որ արմատացած է աշխարհի, ընկերութեան եւ մարդոց կենցաղին մէջ: Այսպիսի իրավիճակ մը ճամբայ կը բանայ տարբեր տեսակի անարդարութիւններու, որոնք կը վնասեն աշխարհի եւ ընկերութիւններու էութիւնը` խլելով մարդ արարածին իրաւունքները:
Մեր առօրեայ կեանքին մէջ ցեղապաշտութիւնը տարբեր երեւոյթներով կը բացայայտուի` անհատներու, փոքրամասնութիւններու կամ այլ ժողովրդային խմբաւորումներու, ինչպէս` սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներու դէմ «հէյթ սփիչ»-ով, սուտանցի գաղթականներուն հանդէպ զատողութեամբ` իրենց մորթի գոյնի տարբերութեան պատճառով, իրաւունքներու կաշկանդում` անձի մը ազգութեան պատճառով: Չմոռնանք նաեւ Քաֆալայի համակարգը, որ կը շահագործէ օտարերկրացի եւ տնային աշխատաւորները` խլելով անոնց մարդկային իրաւունքները:
Մենք միայն մեր անձին նկատմամբ եղած ցեղապաշտութեան դէմ պէտք չէ ըմբոստանանք եւ պիտի չըմբոստանանք, այլ պիտի պայքարինք ամէն տեսակի զատողութեան, անարդարութեան եւ խտրականութեան դէմ: Ցեղապաշտութիւնը դատապարտելի է իր բոլոր ձեւերով, գոյներով եւ տեսակներով:
Իբրեւ մարդ արարած`պէտք է յարգենք ու պաշտպանենք բոլոր մարդ արարածները եւ անոնց իրաւունքները` որքան ալ տարբեր ըլլան անոնք իրենց էութեամբ եւ տեսակէտով:
Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` ըլլան անոնք երիտասարդ կամ տարեց, կին կամ տղամարդ, գործատէր կամ բանուոր, կուսակցական կամ անկուսակցական, հաւատացեալ կամ անհաւատ, որ միանան ցեղապաշտութեան, խտրականութեան եւ անարդարութեան դէմ պայքարին, ունենան իրենց յստակ խօսքը, ըլլան հանդուրժողականութեան ու արդարութեան պաշտպաններ եւ հաւասարութեան համար պայքարող ռահվիրաներ:
Ցեղապաշտութիւնը ներկառուցուած է աշխարհի քաղաքական եւ ընկերային համակարգերուն մէջ: Միացեալ ճիգերով ջանանք յաղթահարել համակարգային* ցեղապաշտութիւնը:
ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ