կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-18 20:03
Առանց Կատեգորիա

Արդի ու ժողովրդավար ուղիով

Արդի ու ժողովրդավար ուղիով

Ահաւասիկ դարձեալ փետրուար 18 է: Ահաւասիկ դարձեալ առիթ մըն է յիշելու, փառաբանելու եւ յարգելու Փետրուարեան ապաստամբութիւնը կազմակերպած, անոր մասնակցած եւ գործի ճամբուն վրայ ինկած հերոսները:

Ի տարբերութիւն Փետրուարեան ապստամբութեան նախորդ ամեակներուն, այսօր ո՛չ միայն պէտք է յիշենք փետրուար 18-ն, այլ նաեւ վերանորոգենք անոր ժողովրդավարական շունչը: Արդիականացնենք անոր խոր ըմբռնումն ու հիմքը եւ յարմարցնենք զայն այսօրուան մեր հայրենիքի իրականութեան հետ, այլապէս անիմաստ պիտի ըլլայ յիշել Փետրուարեան ապստամբութիւնը: Սիմոն Վրացեանի, Կարօ Սասունիի եւ անոնց գաղափարակիցներուն կտակած աւանդները գործի վերածելու ոգին պէտք է ժառանգենք, բայց նաեւ արդիականացնենք զանոնք: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը բարձրացուց Փետրուարեան ապստամբութեան դրօշակը ընդդէմ պոլշեւիկներու վարած ամբողջատիրական քաղաքականութեանց՝ յանուն ազատ ու ժողովրդավարական կարգերու վերականգնման:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը բարձրացուց Փետրուարեան ապստամբութեան դրօշակը յանուն խօսքի ազատութեան՝ ընդդէմ գրաքննութիւններուն, յանուն հաւաքի ազատութեան՝ ընդդէմ հաւաքներու արգիլման, յանուն բազմակուսակցականութեան՝ ընդդէմ միակուսակցականութեան, եւ ամէնէն կարեւորը՝ յանուն հասարակութեան միասնականութեան՝ ընդդէմ յեղափոխականի եւ հակայեղափոխականի (Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան կ՛ակնարկուի) բաժանումին:

Այսօր Փետրուարեան ապստամբութեան 100-ամեակի (1921) սեմին ենք, սակայն դժբախտաբար տակաւին չենք ըմբռնած այդ մեծ ապստամբութեան խոր հիմքն ու արժէքը: Տակաւին հասարակութեան մէջ սեւի եւ սպիտակի, յեղափոխականի եւ հակայեղափոխականի ու ազգայինի եւ ապազգայինի միջեւ բաժանումները կը շարունակուին եւ բեւեռացման կ՛երթան: Այսօր, դժբխատաբար Փետրուարեան ապստամբութեան 100 ամեակի(1921) սեմին ենք տակաւին չենք ըմբռնած այդ մեծ ապստամբութեան խոռ հիմքն ու արժէքը: Տակաւին հասարակութեան մէջ սեւի եւ սպիտակի, յեղափոխականի եւ հակա-յեղափոխականի ու ազգայինի եւ ապազգայինի միջեւ բաժանումները կը շարունակուին եւ բեւեռացման կերթան:

Հայաստանեան քաղաքական կեանքէն ներս, այսօր ժողովրդավարութեան մարտահրաւէրներն են՝ քաղաքական բեւեռացումը, կիներու դէմ շարունակուող բռնութիւնը եւ փոքրամասնութիւններու դէմ լարուած ատելութիւնը: Այսօր, յիշեալ մարտահրաւէրները կրնայ դիմագրաւել նոյնինքն Փետրուարեան ապստամբութեան դրօշակիր ՀՅԴ-ն: ՀՅ Դաշնակցութիւնը 1890-էն ասդին եղած է հայկական ընկերութեան մէջ յառաջդիմական գաղափարներ տարածող գաղափարաքաղաքական ուժ եւ իր աւելի քան 125 տարուան փորձառութեամբ պայքար մղած է իրականացնելու զանոնք՝ համաձայն իր ծրագիրին, ուր ազգային, կրօնական-դաւանական եւ սեռային խտրութիւնները բացարձակապէս մերժուած են:

Ժողովրդավարութիւնը չ'ամրապնդուիր, ո՛չ ալ կը զարգանայ հասարակական կեանքին մէջ, եթէ հանրութեան առջեւ քանի մը կին կամ փոքրամասնութեանց անհատներ դնելով ուզենք փաստել, թէ խտրութիւն չկայ: Այլ հասարակութեան պատկանող բոլոր անդամներուն համար առանց ազգի, կրօնի կամ սեռի խտրութեան արժանապատիւ կեանք ապահովելով է, որ ժողովրդավարութիւնը կ'ամրապնդուի ու կը զարգանայ: Ժամանակն է Փետրուարեան ապստամբութեան ժողովրդավարական հիմքերուն տալու արդի շունչ եւ խորքային ոգի:

Նաթան Բետրոսեան