Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
17 Ապրիլ 2016ի Կիրակին յիշատակելի ու կարեւոր օր մը եղաւ Յունաստանի եւ յունահայութեան, այլեւ Հայաստանի ու պահանջատէր համայն հայութեան համար։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ Ատտիկէի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ մարզպետարաններու հովանաւորութեամբ, Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանտրուպոլիսի մէջ տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 101րդ տարելիցին նուիրուած քաղաքական հանդիսութիւններ, որոնք ըստ արժանւոյն վերանորոգեցին Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը նորովի թափով շարունակելու եւ յառաջ մղելու յունահայութեան ուխտն ու վճռականութիւնը։
17 Ապրիլ 2016ի քաղաքական ելոյթները (Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանդրուպոլիսի ելոյթներուն կ՚անդրադառնանք մեր վաղուան համարով) առիթ ծառայեցին նաեւ արտայայտելու պահանջատէր հայութեան երախտագիտութիւնը՝ յոյն ժողովուրդին եւ Յունաստանի հանդէպ, Հելլէն խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման 20ամեակին առիթով։
Աթէնքի մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11էն սկսեալ, խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Սինտաղմայի «Բալլաս» թատերասրահէն ներս, որու մուտքին Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները կանոնաւորութեամբ կը դիմաւորէին քաղաքական հաւաքին մասնակցելու համար ժամանող պաշտօնական ու քաղաքական անձնաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ օտար դիւանագիտական կազմերու ներկայացուցիչներ։
Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի կատարողութեամբ Յունաստանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, յանուն Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին՝ օրուան նախագահ ու հանդիսավար ընկեր Սերգօ Գույումճեան պաշտօնապէս բացումը կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակի հանդիսութեան։
Յայտագրի առաջին մասով՝ Հրայր Աւագ Քահանայ Նիկոլեանի ձեռնհաս խմբավարութեամբ եւ դաշնակի արհեստավարժ ընկերակցութեամբ տիկին Մարի Մինասեանի, երգչախումբը յաջողութեամբ ներկայացուց երեք խմբերգ.- «Տէր Զօր», «Կիլիկիա» եւ «Ձօն Մեսրոպ Մաշտոցին»։
Հետեւեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն՝ մեծ պաստառի վրայ, լուսարձակի տակ առնելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի համահայկական ոգեկոչման կարեւորագոյն պահերը։ Ցուցադրուեցան 24 Ապրիլ 2015ին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ, օտար երկիրներու նախագահներու եւ պետական անձնաւորութեանց այցելութեան կապուած դրուագները։
Հարիւրամեակի համահայկական Հռչակագրին ընթերցումը Հ.Հ. նախագահին կողմէ։ Վատիկանի մէջ Ս. Պապի յայտարարութիւնները։ Վերջապէս, աշխարհի տարածքին 100ամեակին առիթով կազմակերպուած հայութեան պահանջատիրական ցոյցերն ու յատկանշական պահերը։
Յաջորդեց Օրուան նախագահ ընկ. Սերգօ Գույումճեանի խօսքը, որ Ցեղասպանութեան պատմական տուեալներուն վրայ նետուած հակիրճ ակնարկէ մը ետք, կեդրոնացաւ Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ազգային մաքրազտման քաղաքականութեան, հայկական հողերու հայաթափման եւ ցեղասպանութեան շարունակուող հետեւանքներուն մասին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ հայութեան մղած պահանջատիրական երկարաշունչ պայքարին, որ պսակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին առաջնորդած յաջողութիւններով ինչպէս այլուր, նաեւ՝ Յունաստանի մէջ։
Ընդգծուեցաւ, որ Ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, հայութիւնը դարձեալ պատնէշի վրայ է։ Պայքարը ոչ միայն կը շարունակուի, այլեւ ընդարձակուած է եւ հայութիւնը պահանջատիրական շարժման նոր օղակ մը կը բանայ ներկայիս, որ ճանաչումէն անդին անցնելով՝ կը պահանջէ հատուցում։ Առաջին քայլը կատարուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ, որ պատմական Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձման դատական հայց ներկայացուցած է թրքական պետութեան։
Իր խօսքի աւարտին՝ օրուան նախագահը խօսեցաւ Ատրպէյճանի թշնամական վերջին յարձակումներուն մասին, լայն անդրադարձ կատարելով պատերազմական վերջին դէպքերուն։ Յիշատակելով նահատակութիւնը հայոց քաջարի զինուորներուն, որոնք զոհուեցան երկրի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ, ան մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ներկաները։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ հելլէն կառավարութեան եւ վարչապետին ներկայացուցիչը՝ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Եանիս Ամանաթիտիս, որ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւն համարելով զայն, եւ պահանջեց բոլոր ցեղասպանութեանց կանխարգիլումը, շեշտելով միացեալ ուժերով չարիքին դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը։
Ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ Ատտիկէի մարզպետարանի հարաւային Ատտիկէի բաժանմունքի փոխ-մարզպետ Խրիսթոս Քափատայիս, որ շեշտեց, թէ եղբայրակից ժողովուրդ ենք եւ կը նոյնանանք արդարութեան ի խնդիր մեր պայքարներով ու պահանջներով։
Այնուհետեւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ ողջոյնի խօսք փոխանցեց ընկեր Ռազմիկ Էրջէնեան, որ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը յաւելեալ մարտունակութեամբ յառաջ մղելու հայոց նորահաս սերունդին վճռականութիւնը շեշտեց։
Հանդիսութեան երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ յատկացուած էր Հելլէն խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան օրինագիծի որդեգրումին, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 1996ին։
Այս բաժնի պատուոյ հիւրերն էին նախկին վարչապետ Անտոնիս Սամարաս, խորհրդարանի նախկին նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիս եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Թէոտորոս Փանկալոս, որոնք օրին իրենց զօրակցութիւնը բերած էին օրինագիծի մշակման ու որդեգրումին։ Մեծարանքի արժանացաւ նաեւ Յունաստանի խորհրդարանի այժմու նախագահ Նիքոս Վուցիս, որ ուղարկած էր իր յատուկ ներկայացուցիչը՝ երեսփոխան Գոսթաս Տուզինասը։
Այս առնչութեամբ նախ կատարուեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն, որ լուսարձակի տակ բերաւ քսան տարի առաջ հելլէն խորհրդարանի քննարկումներուն եւ քուէարկութեան պատմական պահերն ու գլխաոր դէմքերը։
Յաջորդեց Հ.Հ. դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի ողջոյնի խօսքը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 101րդ տարելիցի քաղաքական առաջադրանքները եւ հրամայականները շեշտելէ ետք՝ իր խօսքի աւարտին, յանուն Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի, «Մխիթար Գոշ» շքանշանով պարգեւատրեց Յունաստանի նախորդ վարչապետ Ա. Սամարասն ու Հելլէն խորհրդարանի նախկին նախագահ Ա. Գաքլամանիսը։ Իսկ Հելլէն խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցիչը պարգեւատրուեցաւ Հ.Հ. խորհրդարանի նախագահի յուշանուէրով։
Շնորհակալութեան պատասխան խօսքերով հանդէս եկան Ա. Սամարաս, Ա. Գաքլամանիս եւ Թ. Փանկալոսի ներկայացուցիչը, որոնց յանուն Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին յիշատակի տախտակներ յանձնուեցան, յաջորդաբար՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի նախկին նախագահներ ընկերներ Գեղամ Եաղճեանի, Շահան Ֆարաճեանի եւ Թագւոր Յովակիմեանի կողմէ։
altԱւարտին, յանուն Հայ Դատի Յանձնախումբին՝ Յունահայոց Ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցաւ Հելլէն խորհրդարանի նախագահ Նիքոս Վուցիսի ներկայացուցիչը՝ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Գոսթաս Տուզինաս։
Իր պատասխան խօսքին մէջ պր. Տուզինաս անդրադարձաւ ազգային յիշողութեան արժէքին ու անոր պահպանման անհրաժեշտութեան՝ օրինակներ բերելով ոչ միայն Աթէնքի հնամեայ պատմութենէն, այլեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն Սուրիա ապաստանած հայ բեկորներէն։
Ան դատապարտեց փոքր ազգերու դէմ շղթայազերծուած եւ այսօր ալ շարունակուող բռնութիւնները՝ շեշտելով ազգերու արժանապատուութեան եւ մարդոց իրաւունքներուն տէր եւ պաշտպան կանգնելու հրամայականը։ Իր խօսքը գրական ոճով աւարտելով՝ ան արտասանեց երկու բանաստեղծութիւններ.- «Հալէպ մայրաքաղաքս» եւ «Տիարպեքիրի պարիսպները»։
Հանդիսութեան ընթացքին արտասանուած խօսքերուն կ՚անդրադառնանք կամ ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք առանձինն ու յաջորդիւ։
Եզրափակելով Հայոց Ցեղասպանութեան 101րդ տարելիցի քաղաքական հանդիսութիւնը՝ օրուան հանդիսավարը հանդիսականներուն ներկայացուց ցուցակը պետական, քաղաքական, դիւանագիտական, զինուորական, հոգեւորական եւ հասարակական դէմքերուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ պաշտօնական շուք տուին ձեռնարկին։
Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, հայ կաթողիկէ համանքի առաջնորդ Յովսէփ Ծ. Վարդապետ Պէզէզեանի, հայ աւետարանական համայնքի Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի, ինչպէս նաեւ Հայր Սուրբերու եւ Քահանայ Հայրերու կողքին՝ հանդիսութեան պատուոյ հիւրերու շարքին էին՝
Յունաստանի ներքին գործոց նախարար Փանաեոթիս Քուրուպլիս։ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Եորղոս Փուքամիսաս։
Կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ՝ Նոր Հանրապետութիւն – Օլղա Քեֆալոեանի։ ԱՆԵԼ՝ Տիմիթրիոս Արղիրոփուլոս։ Կեդրոն կուսակցութեան նախագահ Վասիլիս Լեվենտիս։ Երեսփոխաններ.- Հայաստանի երեսփոխան Արագած Ախոյեան, Նոր Հանրապետութիւն՝ Եորղոս Ֆորցաքիս, Սիրիզա՝ Եորղիա Եննիա, Նոր Հանրապետութիւն՝ Եորղոս Քումուցաքոս, Համայնավար կուսակցութիւն՝ Սթաւրոս Թասոս։ Դեսպաններ եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ.- Ռուսաստան, Պոսնիա Հերցեկովինա, Նիկերիա, Վենեզուէլա։
Փիրէայի փոխ մարզպետ Եորղոս Ղաւրիլիս, Փիրէայի քաղաքապետ Եանիս Մորալիս, Վիրոնայի ներկայացուցիչ Քաթերինա Ատամոփուլու եւ Աթէնքի փոխ-քաղաքապետ Փինելոփի Քումա։ Զինուորականներ.- ընդհանուր պաշտպանութեան գլխաւոր շտապի ներկայացուցիչ Վելիսարիոս Փափաս, ոստիկանութեան ներկայացուիչ Լալուսիս, ծովային ուժերու ներկայացուցիչ Խարալամպոս Փափատոփուլոս, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան կողմէ՝ փոխ-զօրավար Թոմայիտիս, օդային ուժերու կողմէ՝ Ֆուսթաերաքիս։
Յունաստանի Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Տիմիթրիոս, Աթէնքի ռաբբունապետը, պոնտական, ասորական եւ փոքր-ասիական մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Հանդիսութեան աւարտին, ներկաներու խուռներամ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Սինտաղմայի Անծանօթ Զինուորի դամբարանը, ուր յանուն Յունաստանի հայութեան եւ Մեծ Եղեռնէն վերապրող մեր ժողովուրդին կատարուեցաւ դափնեպսակի զետեղում՝ ընկեր Հրանդ Միքայէլեանի ձեռամբ։
Նաեւ դափնեպսակներ զետեղեցին Յունական կառավարութեան, Յունաստանի Խորհրդարանի, Ատտիկէի Մարզպետարանի, Աթէնքի Քաղաքապետութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հ.Հ. Յունաստանի դեսպանը, Պոնտոսցիներու, Աթէնքի Հրէական գաղութի եւ Ասորիներու ներկայացուցիչները։