կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-04-29 11:11
Աշխարհ

«Նրանց Ճամփով». ՀՅԴ Լիբանանի «Հրայր Դժոխք» մասնաճյուղը ոգեկոչել է Ցեղասպանության 102-րդ տարելիցը

«Նրանց Ճամփով». ՀՅԴ Լիբանանի «Հրայր Դժոխք» մասնաճյուղը ոգեկոչել է Ցեղասպանության 102-րդ տարելիցը

Աղբյուրը՝ «Ազդակ»

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին երէկ` ուրբաթ, 28 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ:

«Իրենց ճամբով» խորագիրը կրող սոյն ձեռնարկին  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Գուրգէն Փափազեան:  Ան ըսաւ, որ 102 տարի անցած է, սակայն հարցը միայն անցնող տարիներու թիւը չէ, այլեւ` այդ տարիներուն ընթացքին մեր տարած աշխատանքն ու գործելաոճն է: Փափազեան հարց տուաւ, թէ 102 տարիներու ընթացքին մեր տարած քարոզչութիւնը որքանո՞վ հարցերը կը ներկայացնէ համամարդկային դիտանկիւնէն` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը հայկական ողբերգութիւն մը չէր  միայն, այլ նաեւ` համամարդկային աղէտ: Հետեւաբար անոր ճանաչման, դատապարտման ու հատուցման աշխատանքներուն վերաբերող պայքարի բեռը պէտք չէ միայն մեր ուսերուն վրայ ըլլայ, այլ` համայն մարդկութեան վրայ:

Փափազեան շեշտեց, որ մեր տարած քարոզչութիւնը անհրաժեշտ է, որ հարցերը ներկայացնէ համամարդկային դիտանկիւնէն, որպէսզի այլ ժողովուրդներ եւ պայքարող ուժեր մեր դատը դիտեն իբրեւ համամարդկային դատ եւ անդրադառնան, որ այս տեսակի բոլոր դատերը իրարու հետ կապ ունին, եւ որեւէ մէկուն անտեսումը պիտի տկարացնէ միւս դատերը: Շարունակելով իր խօսքը` Գուրգէն Փափազեան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման ու հատուցման աշխատանքներուն վերաբերող մեր պայքարը պէտք է անպայման ընդգրկէ պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր միւս ցեղասպանութիւններուն եւ մարդկային իրաւանց խախտումներուն նշումն ու դատապարտումը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւնը այլ հալածուած ժողովուրդներուն եւ փոքրամասնութիւններուն:

Փափազեան հարց տուաւ նաեւ, որ 102 տարի ետք արդեօք բաւարար չափով արհեստավա՞րժ է Ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին վերաբերող մեր քարոզչութիւնը` աւելցնելով, որ մեր քարոզարշաւին յաջողութիւնը կը պահանջէ արհեստավարժութիւն, այսինքն` բծախնդիր կերպով կազմակերպել տարուող աշխատանքին բոլոր երեսները` օգտագործելով արդիական բոլոր միջոցները, որոնք կ՛օգնեն, որ նախաձեռնութեան պատգամը ըլլայ յստակ, ուժեղ եւ հասնի առաւելագոյն թիւով մարդոց:

Եզրափակելով իր խօսքը` Փափազեան շեշտեց, որ քայլարշաւներու թէ այլ մարզերու մէջ ձեւագծումի աշխատանքներուն, ինչպէս` ծանուցողական պաստառներուն, տոմսերուն, ընկերային ցանցերու մեր էջերուն եւ այլն, շատ աւելի ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն գծանկարներու միջոցով ներկայացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Մանրամասները՝ սկզբնաղբյուրում: