կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-05-19 11:06
Առանց Կատեգորիա

Կռիվը շարունակվում է. Վաչե Բրուտյան

Կռիվը շարունակվում է. Վաչե Բրուտյան

Տէր Զօրի Նահատակաց մատրան ականահարում եւ 1915ի նահատակներու աճիւններու սրբապղծում, Քեսապի վրայ յարձակում՝ հայ բնակչութեան տեղահանման հետեւանքով (շատ նման 1915ի տեղահանման), Հալէպի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի ռմբակոծում, ինչպէս նաեւ Քառասուն Մանկանց դարաւոր եկեղեցւոյ ականահարում (ոչ թէ ռմբակոծում. տարբեր բաներ են)։

 

Ահաւասիկ ամէնէն ցայտուն օրինակները, թէ ինչպէ՞ս թրքական պետութիւնը պատերազմ կը մղէ ընդդէմ իր արդար իրաւունքներուն համար պայքարող հայութեան՝ օգտուելով Սուրիոյ դէմ մղուող պատերազմէն։ Թրքական տրամաբանութեամբ՝ «ֆրսանթ պու ֆրսանթ»։ Թող ոչ ոք կասկած ունենայ այս ուղղութեամբ։

 

Այնպէս մը չէ, որ ծայրայեղականները նոյնիսկ մզկիթներ բացէ ի բաց ականահարեցին, հետեւաբար մերն ալ այդ ընդհանուր մոլուցքին զոհ գնաց… Մերժելի է այս մօտեցումը, որովհետեւ սխալ է։ Այս յօդուածագրին համոզումով, իրականութիւնը այն է, որ առաջին պարբերութեամբ նշուած օրինակները թրքական որոշումով գործադրուած արարքներ էին։ Կարեւոր չէ, թէ որո՞ւն ձեռքով։ Կարելի է նաեւ մեղադրական շեշտով ըսել, թէ եղածը թրքական պատեհապաշտութիւն է։

 

Բայց այս մօտեցումը զգացական հարթութեան վրայ է. իսկ պատերազմը ֆութպոլ (soccer) չէ, որ չորուցամաք օրէնքներ ունենայ (օրինակ՝ ձեռքով կարելի չէ դպնալ գնդակին, «օֆսայտ» կայ), իրաւարար ունենայ, որուն սուլիչը աւելի ազդու է քան կարգ մը երկիրներու սահմանադրութիւնը։ Իրականութիւնը այն է, որ ամէն ինչ արտօնելի է պատերազմին մէջ։ Կը հաւնի՞նք, չե՞նք հաւնիր, արդա՞ր է, անարդա՞ր է. ասոնք անկարեւոր բաներ են։ Մենք հաշուի պիտի նստինք չոր իրականութիւններուն հետ, հեռու՝ զգացական հարթութենէն։ Սա՝ պատկերին մէկ մասն է։

 

Միւս մասը այն է, որ ամբողջ հայութիւնը (սփիւռք թէ Հայաստան, ժողովուրդ թէ պետութիւն) իր ուժերը լարեց հարիւրամեակին առիթով։ Քարոզչական առումով արձանագրուեցան լուրջ յաջողութիւններ, երբեմն նոյնիսկ աննախընթաց։ Քաղաքական իմաստով եւս, մեզի ի նպաստ արձանագրուած կէտերը արհամարհելի չէին, Վատիկանէն սկսեալ։ Ամէնէն կարեւորը սակայն, ըստ այս յօդուածագրին համոզումին, հայկական կողմը ճանաչման հանգրուանէն անցնելով հատուցման հանգրուան թեւակոխեց։

 

Անկախ անկէ, թէ «պահանջատիրութի՞ւն», «հատուցո՞ւմ», թէ «Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում» բառերը կը գործածենք։ Իրերու այս դրութեան մէջ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դատ բացաւ Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին մօտ, Սիսի կաթողիկոսարանին վերատիրացման պահանջով։ Այս մէկը պէտք է նկատել թրքական դիրքերու «ռմբակոծում»՝ հայկական կողմէն։

 

Թուրքիա տակաւին չսթափած այս «ռմբակոծում»ի որոտէն, հիմա կը դիմագրաւէ այլ հաւանական յարձակողական մը, այս անգամ՝ Ս. Էջմիածինէն, երբ Գարեգին Բ. վեհափառը յայտարարեց, թէ մասնագիտական մակարդակով կը քննուի Ս. Էջմիածնի եկեղեցապատկան կալուածները իրաւական միջոցներով պահանջելու հարցը։

 

Այսինքն դատ ֊ դատաստանով։ Այս մէկը կրնայ նշանակել ոչ միայն Կարսի Առաքելոց եկեղեցին, այլ նաեւ՝ ամբողջ Անիի տարածքին գտնուող հայկական դարաւոր եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան սահմանէն մինչեւ 1914ի Օսմանեան ֊ Ցարական սահմանագիծը գտնուող բոլոր եկեղեցիներն ու կրօնական յուշակոթողները։

 

Սա անշուշտ իրաւագիտական երես ալ ունի եւ տրամաբանական պիտի ըլլայ ենթադրել, որ Վեհափառին յայտարարութիւնը հաւանաբար կը վերաբերի ճիշդ այս հանգամանքին։ Թող ոչ ոք ունենայ այն պատրանքը, որ ջուրը չտեսած բոպիկնալու (կամ…Կիկոսի) տրամաբանութեամբ կ’առաջնորդուի այս յօդուածը։ Բնա՛ւ երբեք։

 

Բայց փաստը այն է, որ եթէ պատերազմի տրամաբանութեամբ մօտենանք (ուրիշ տրամաբանութիւն գործածելը սխալ պիտի ըլլար…), թէ՛ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին առած քայլը եւ թէ Ս. Էջմիածինէն կատարուած յայտարարութիւնը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ թրքական դիրքերու «ռմբակոծում», կամ հայկական «յարձակողականի» շարունակութիւն։ Այնպէս որ, կռիւը կը շարունակուի։

 

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ