կարևոր
0 դիտում, 10 տարի առաջ - 2014-05-27 11:19
Տարածաշրջան

Օգնություն` սիրիահայերին

Օգնություն` սիրիահայերին

Սուրիոյ ապրած եռամեայ տագնապին բերումով, սուրիահայութեան դժուարութիւնները կը շարունակուին բաւական ծանր պայմաններու մէջ: Սուրիահայութեան բաղադրիչ բոլոր կողմերը ընդգրկող` Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնինը, իրեն փոխանցուած բոլոր օժանդակութիւնները, միասնականութեան սկզբունքով եւ ՍՇՕՎՄ-ի ուղեցոյցով առաջնորդուելով` գործող հինգ Գործադիր Մարմիններուն ճամբով կը տրամադրէ կարիքաւոր ազգակիցներուն, փորձելով թեթեւցնել անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները: Քեսապի պարպումով եւ տեղահանութեան հետեւանքով, յատկապէս Լաթաքիոյ մէջ ապաստան գտած մեր բոլոր հայրենակիցները եւս, ՍՇՕՎՄի նիւթաբարոյական օժանդակութեան ներքեւ կը գտնուին:

 

Այսօր, սուրիաբնակ սուրիահայութիւնը, յատկապէս Հալէպի, Ծովափի եւ Հոմսի շրջաններու մէջ, որեւէ ժամանակէ աւելի նեղութեան ու տագնապի մէջ կը գտնուին, որուն համար մեր հայրենակիցներէն կ՛ակնկալուի նոր աշխուժութեամբ անհրաժեշտ օգնութիւն հասցնել մի միայն ՍՇՕՎՄիս, որպէսզի Մարմինս շրջաններու կարիքներուն համաձայն, իր տնօրինմամբ կատարէ օժանդակութեան փոխանցումը համապատասխան Գործադիրներուն:

 

Կրկին կը յիշեցնենք ՍՇՕՎՄի դրամատնային հաշուեհամարը.- Bank: FRANSABANK SAL, Antelias Branch, Lebanon

Account Name: CATHOLICOSSAT ARMENIEN DE CILICIE IBAN #: LB87 0001 0002 4753 8500 0030 3501

Swift Code: FSAB LBBX Address: Catholicossat Armenien De Cilicie P.O. Box: 70317 Antelias-Lebanon

ՍՈԻՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ