կարևոր
952 դիտում, 3 ժամ առաջ - 2025-08-27 20:15
Աշխարհ

Մեծվայելչութեան արժանանալու գաղտնիքը

Մեծվայելչութեան արժանանալու գաղտնիքը

Հայոց Ցեղասպանութեան դաժան օրերուն նահատակուած՝ Մարտինի Արք. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը` բազմաթիւ հարցադրումներ յարուցեց, թէ ո՞վ է Սուրբը, ի՞նչ է սրբութիւնը եւ ինչո՞ւ յատկապէս Մալոյեան սրբութեան արժանացաւ։

Նախ փորձենք սահմանել, թէ ո՞վ է «Սուրբ»ը եւ ի՞նչ է «Սրբութիւն»ը։

Այս հարցումին պատասխանը տանք դարձեալ հարցադրումներով։

Ո՞վ է մարդը եւ ինչպէ՞ս կրնայ սրբանալ։

Ուսկի՞ց աշխարհ եկած է։

Ինչո՞ւ գոյութիւն ունի։ Ինչո՞ւ կ'ուզենք ճանչնալ եւ հետազօտել զինք։ Ինչպէ՞ս կը ճանչնանք զինք եւ այլն․․․

Այս բոլոր հարցադրումներուն պատասխանը գտնելու համար, նախ պէտք է ճանչնանք զԱստուած, որովհետեւ ինք կ՛առաջնորդէ մեզ դէպի աւելի բարձր նպատակի, որ ճշմարտութեան հասնիլն է` ամէն բաներու սկիզբի մասին։

Աստուած ճանչնալով կը հասնինք ամէն բանի ծայրագոյն սկիզբին եւ ասոր կը հասնինք կրօնի միջոցաւ, այսինքն ինչպէս մենք կը ճանչնանք աշխարհը եւ թէ որքան մեր ճանաչումը իրականութեան համապատասխան է։

Ուրեմն, նախ կը քննենք մարդը, անոր էութիւնը, տեղը տիեզերքի մէջ։

Ապա կը քննենք անոր բարոյական վարքը եւ կ'ուսումնասիրենք անոր բարոյականութեան աղբիւրները։ 

Այլ խօսքով` կը քննենք աշխարհն ու մարդը։

Կրօնը կ՛ընդգրկէ այս ասպարէզները։

Այսպէս կրօնի միջոցաւ, Աստուած` մարդուն կը յայտնէ ճշմարտութիւնը, որ Աստուած աշխարհի սկիզբն է եւ յաւերժական է։

Այսինքն Ինքն է գոյը, եւ միակ գոյութեան Արարիչը։

Ի՞նչ են գոյի յատկանիշերը։

Գոյն է յաւիտեան, անփոփոխ, կատարեալ, անշարժ եւ յատուկ։ Նման յատկանիշեր միայն Աստուծոյ յատուկ են։

Գոյն է աշխարհի սկիզբը։

Ամէն ինչ միութիւն է եւ մէկ գոյ է։

Անհրաժեշտ է, որ գոյը ըլլայ առաջին շարժողը, որ նիւթը շարժման մէջ դրաւ։ Այս տեսակէտը դարձաւ Աստուծոյ գոյութեան խելամիտ ապացոյցերու սկիզբը։ Այս դրութիւնը հիմնաւորեց նաեւ Թովմա Աքուինացին իր Աստուածաբանական սկզբունքներուն մէջ, որ տիրապետեց արեւմտեան քրիստոնէութեան մէջ։

Իսկ եթէ Գոյն է աշխարհի սկիզբը եւ ինքն է այսքան անթերիօրէն տիեզերքը տնօրինողը, ապա իրեն երկրպագուները եւ Իրեն համար իրենց կեանքը զոհաբերող գերբնական առաքինութիւններով օժտուած անձինք, որոնք ձգտած են Գոյին կամքը կատարելով Սրբութեան հասնիլ եւ իրենք եւս, իրենց հերթին Միակ Գոյին, միակ Սուրբին կողքին յայտնուելով, միջնորդեն մարդուն` Սրբութեան հասնելու եւ փառաւորուելու Աստուծոյ Աջ կողմը, որովհետեւ Ինքն է առաջին Սուրբը` "Եւ փոփոխակի կ'աղաղակէին ու կ'ըսէի "Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ է զօրքերու Տէրը. Բոլոր երկիր անոր փառքովը լեցուն է" (Եսայի 6։3)։

Ուստի Բոլորս կանչուած ենք սրբանալու, քանզի այս է մեր Տիրոջ պատուիրանը, որ կ'ըսէ "Դուք Սուրբ եղէք, քանզի ես, ձեր Տէր Աստուածը, Սուրբ Եմ" (Ղեւ 19, 2)։

Ահա թէ ո՞վ է Սուրբը` "Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ, Տէր Աստուած Ամենակալ, որ Էր եւ Է եւ պիտի գայ" (Յայտ 4, 8)։

Արդ` մարդու կամեցողութենէն կախեալ է Սրբութեամբ ընթանալը եւ մարմնացնել այս խօսքերն ու գործերը` ինչպէս իր վարքովն ու նահատակութեամբը մարմնացուց` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան։

Ահա թէ ինչու Միաբանութեանս համար մեծվայելչութիւն է, Սուրբ Աթոռի կողմէ խոստացուած` Աստուածային շնորհներով օժտուած` միաբանակից Արք. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման հրամանագիրը։

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան եկաւ համալրելու համաքրիստոնէական Սուրբերու օրհնեալ փաղանգը, որ հայոց պատմութեան մէջ եզակի եւ աննախադէպ երեւոյթ է։

Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան

                                                                 Պատրիարքական Փոխանորդ

  Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան

                                                               եւ Մեծաւոր Զմմառու Վանքին