Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Մենք այս պատերազմը կը նկատենք շարունակութիւնը Ցեղասպանութեան, ուղղուած` աշխարհասփիւռ համայն հայ ժողովուրդին դէմ, աւելի մեծ` քան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ կատարուող պարզ յարձակումը, եւ իսրայէլեան բացայայտ ու բացարձակ զօրակցութեամբ», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երկուշաբթի 5 հոկտեմբերի երեկոյեան` նշելով, որ «ազրպէյճանական զինամթերքի 60-70 առ հարիւր համեմատութիւնը իսրայէլեան արտադրութիւն է»:
Լիբանանեան պատկերասփիւռի «Ժատիտ» կայանի հարցումներուն պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, թէ չորս օրեր առաջ իսրայէլեան երկու օդանաւեր Թել Աւիւէն զինամթերք փոխադրեցին դէպի Ազրպէյճան, եւ մասնագէտ պատասխանատուներ կը գտնուին ազրպէյճանական սպայակոյտին մէջ: «Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իսրայէլ երրորդութիւնը կը կազմէ շրջանին մէջ չարիքի առանցքը», ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի:
Պատերազմին մէջ լիբանանահայ կուսակցական տարրերու մասնակցութեան մասին հարցումի մը անդրադառնալով` Բագրատունի ըսաւ. «Անհատական առումով` այո՛, կան երիտասարդներ, որոնք կ՛երթան կամաւոր կերպով զինուորագրուելու: Սակայն կուսակցական իմաստով որեւէ որոշում չկայ, ոչ իսկ քաջալերանք այս գծով, ու թերեւս մեր տղաքը քննադատեն մեզ մեր այս կեցուածքին համար»: Լիբանանեան պետութենէն իր ակնկալութեան գծով երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Մենք գիտենք լիբանանեան պետութեան առանձնայատուկ կեցուածքը այս գծով ու ինքնամեկուսացումը կամ կրաւորական կեցուածքը կապ չունի իրաւունքի եւ արդարութեան հետ»: «Ինչպէս որ Հայաստան միջազգային հարթակներու վրայ կը զօրակցի լիբանանեան ու արաբական հարցերուն, վստահաբար կա՛ն երեսփոխաններ ու նախարարներ, որոնք ծածուկ թէ բացայայտօրէն կը զօրակցին մեզի, վստահաբար կ՛ակնկալենք նաեւ լիբանանեան պետութենէն, որ աւելի յառաջացած կեցուածք ցուցաբերէ Արցախի գծով», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
aztagdaily.com