Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը դատապարտէ Կազայի «Մաամատանի» հիւանդանոցին դէմ գործուած իսրայէլեան ռմբակոծումը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ.
«Աշխարհին վկայած քաղաքական բախումներուն լոյսին տակ աշխարհի ոճրագործները առիթը չեն փախցներ ցուցադրելու իրենց ոճրային խառնուածքն ու ոճիրները, յատկապէս` քաղաքայիններուն նկատմամբ: Սակայն ռմբակոծել հիւանդանոց մը, ուր բժիշկները կը փորձեն նոր կեանք շնորհել մարդոց եւ հիւանդներուն, որոնց մէջ տակաւին կեանքի հանդէպ յոյս գոյութիւն ունի, ապա անիկա մարդկայնութեան ամբողջական ջլատումի յայտարարութիւնն է:
Երէկ, յաչս միջազգային հասարակութեան եւ անոր կազմակերպութիւններուն, թշնամի Իսրայէլը կատարեալ սառնարիւնութեամբ ռմբակոծեց Կազայի «Մաամատանի» հիւանդանոցը` զոհերուն թիւը բարձրացնելով ցարդ 3200-ի, որոնց մեծ մասը կիներ են ու երեխաներ:
Տարիներու ընթացքին մեր մղած պայքարին ճամբուն վրայ մնայուն կերպով յիշեցուցած ենք ու անընդհատ կրկնած, որ եթէ գործուած ոճիրներուն համար հաշուետուութիւն չըլլայ եւ ոճրագործները անպատիժ մնան, ապա աշխարհին մէջ պիտի հաստատուի հաշուետուութեան չենթարկուելու սկզբունքը, հետեւաբար մարդկութիւնը պիտի վկայէ քստմնելի ու սահմռկեցուցիչ յաւելեալ ոճիրներ… Սակայն ցաւօք ոչ ոք կը լսէ մեզի կամ կ՛արձագանգէ այդ մասին:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ պաղեստինցիներուն դէմ թշնամի Իսրայէլի գործած ոճիրները: «Մաամատանի» հիւանդանոցին ռմբակոծումը արդէն անցած է բոլոր կարմիր գիծերը եւ ոտնակոխ դարձուցած միջազգային օրէնքներն ու համաձայնագիրները, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու ուխտը, այնպէս մը, որ թուի, թէ անոնք գոյութիւն իսկ չունին:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հասարակութեան անմիջապէս շարժելու` փրկելու համար մարդկայնութեան մնացորդացը, որովհետեւ առանց մարդկայնութեան հասարակութիւն գոյութիւն չ՛ունենար, նուազագոյնը անոր զաւակներուն միջեւ»:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ