Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երեւանի մէջ երկու օրէ ի վեր տեղի ունեցող ոստիկանական բռնամիջոցները՝ բողոքի հաւաքներու մասնակցող երիտասարդութեան եւ մասնաւորապէս դաշնակցական երիտասարդութեան նկատմամբ, երէկ հատեց չափն ու սահմանը, երբ ոստիկանական ուժեր շրջափակեցին ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնը եւ առանց հարկաւոր բացատրութեան ու պատճառի ձերբակալեցին խումբ մը երիտասարդներ, որոնց շարքին՝ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան ատենապետները:
Ոստիկանութեան այս վերաբերումը լաւագոյնս կ՛ապացուցէ իշխանութեան հոգեբանական անհանգիստ վիճակը ի տես եւ ի լուր ամբողջ երկրով իր դէմ ծայր առած բողոքի երթերուն, հաւաքներուն ու ցոյցերուն: Ընդդիմութեան կազմակերպութեամբ ընթացք առած ու հետզհետէ ծաւալող դիմադրութեան արշաւը փաստօրէն արդէն անյարմար կացութեան մատնած է իշխանութեան աթոռին թիւրիմացաբար յայտնուած անձն ու անոր ապազգային քլանը, որոնք իրենց բռնապետական գործելաոճով կը կարծեն ու կը փորձեն խեղդել բողոքի ձայնը եւ մանաւանդ կանխել Մայիսի 1-ին յայտարարուած մեծ հաւաքը, որուն ուժեղ ոտնաձայնը կը լսուի արդէն …
Այսու հայ հասարակական կարծիքին անգամ մը եւս կը յիշեցնենք, որ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի (Ֆրանսա, Հոլանտա, Պելճիքա) շարքերը, իրենց ձայնը միացուցած՝ ՀՅԴ աշխարհատարած ամբողջ ընտանիքին, անվերապահօրէն կը զօրակցին կուսակցութեան Հայաստանի կառոյցին, խստիւ դատապարտելով քաղաքացիներու կամարտայայտութեան տարրական իրաւունքի ոտնահարումը: Ոստիկանական ապօրինի բռնաճնշումները խաղաղ ցուցարարներուն դէմ անյարիր են ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքին: Կը պահանջենք անյապաղ դադրեցնել հալածանքը սեփական ժողովուրդին դէմ, որ արդարօրէն ու իրաւամբ համոզուած է, որ դէպի կործանում ուղղուող Հայրենիքի փրկութեան նախապայմանը Ազգը պառակտած, Արցախը Ատրպէյճանին զիջելու տրամադիր եւ Թուրքիոյ հետ սիրաբանութեամբ գոհունակ ապազգային ու դաւադիր իշխանութեան հեռացումն է:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Փարիզ
27 Ապրիլ 2022