Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ քաղաքացիներուն դէմ ՀՀ ոստիկանութեան անհամաչափ ուժի կիրառումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններուն ծառայող ոստիկանական ուժերը, ոտնահարելով ժողովրդավարական օրէնքները, Մայիս 27-ին անհամաչափ բիրտ ուժ կիրառեցին Հայաստանի ինքնիշխան սահմանամերձ տարածքները թշնամիին զիջող վարչակարգին դէմ անհնազանդութեան հաւաքներ իրականացնող ցուցարար քաղաքացիներուն նկատմամբ:
Անհամաչափ ուժի օգտագործումով ժողովուրդին դէմ բրտանալու գործելաձեւը կը հակասէ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներուն, եւ նման բռնութիւններու ընթացքը ծանր հարուած է մեր պետականութեան ժողովրդավարութեան հիմքերուն։
Քաղաքացիական անհնազանդութեան իրաւունքը, հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը, տեղաշարժի ազատութեան իրաւունքը, խօսքի եւ խղճի ազատութեան իրաւունքները ժողովրդավարութեան հիմնական բաղադրիչներն են, զորս այս վարչախումբը պարտաւոր է յարգել, նոյն այդ վարչախումբը, որ իշխանութեան հասած է ժողովրդավարութեան արժէքները շեփորահարելով։
Այսօր, հայ քաղաքացիներու հիմնական իրաւունքներու ոտնահարման աղաղակող փաստերը տեսանիւթերով սփռուած են ընկերային ցանցերու վրայ, ուր յստակօրէն կը տեսնենք ցուցարարներու դէմ անհամաչափ ուժի կիրառումը ոստիկաններու կողմէ եւ ցուցարարներու կամայական կալանաւորումներն ու ձերբակալութիւնները։ Նոյնիսկ ականատես ենք անձեռնմխելիութեամբ օժտուած ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորին դէմ գործադրուած անհամաչափ բիրտ ուժի ու բռնաճնշման տեսարաններուն։ Նման պարագաներու, իշխանութիւնը պարտաւոր է այդ օրինախախտ ոստիկաններուն քրէական պատիժի ենթարկել։
Հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը ժողովրդավարական հասարակարգերու հիմնարար իրաւունքներէն է։ Հարիւրաւոր քաղաքացիներ անհամաչափ ուժի օգտագործումով բերման ենթարկելու գործելաոճը կը հակասէ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներուն։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, Գանատայի կազմակերպական իր կառոյցով, խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններու բռնութեամբ դրսեւորուած գործողութիւնները։ Կը դատապարտենք ՀՀ իրաւապահ մարմիններու այս վարքագիծը եւ կը պահանջենք, որ վերոնշեալ մարմինները յարգեն ՀՀ սահմանադրութեամբ ամրագրուած հայ քաղաքացիի իրաւունքները՝ մարդ անհատի իրաւունքները։
Միաժամանակ կոչ կ՚ուղղենք միջազգային կառոյցներուն Հայաստանի մէջ, մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն անդրադառնալու եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան բացայայտ ոտնահարումները կանգնեցնելու առնչութեամբ քայլերու ձեռնարկելու։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Մայիս 27, 2024