Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Յարգելի` Տիկ. Դեսպանուհի Հ.Հանրապետութեան
Վերջին շրջանին իշխանութիւններուն վարած բացայայտօրէն թրքահաճոյ ու թրքամէտ վարքագիծին պատճառով Հայաստան կը շարունակէ մնալ ներքին օրհասական իրադրութեան մէջ։ Այս իշխանութիւնները ոչ միայն նսեմացուցած են մեր պետութեան արժանապատուութիւնը, այլև ապահովական իմաստով նորանոր վտանգներու կ'ենթարկեն մեր երկիրը։
Այսօր, շա'տ աւելի ծանրակշիռ է կացութիւնը, ներկայ կեանքի ահասարսուռ իրավիճակը, մեզ պիտի մղէ ինքնաոչնչացման, նոյնինքն Հայաստանի բնակիչը, ձուլումէ և կորսուելէ աւելի` ի սպառ բնաջնջուելու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուի։ Վտանգը չի գար միայն օտարներէն, այլև Երևանի իշխանաւորներէն, որոնց վերջին դաւը` Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերու Ազրպէյճանին յանձնման նախնական համաձայնութիւնն է ու ասոր նախորդածն ու սարսափելին Արցախին Ազրպէյճանական տարածք ըլլալը ու նաև հարցականի տակ ընդունելով Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կը պաշտպանեն թշնամիներու շահերը։ Այո' բոլորս վտանգի մէջ ենք, որովհետև Փաշինեանի իշխանութիւնը չի ներկայացներ ժողովուրդի շահը, հայ ժողովուրդը լաւ կը հասկնայ որ այդ քաղաքականութիւնը հակահայ քաղաքականութիւն է, Փաշինեանն իրաւունք չունի իր որոշումներով գրաւոր և բանաւոր որևէ հայկական հողամաս Ազրպէյճանին յանձնել, այնպէս ինչպէս Արցախը յանձնել Ազրպէյճանին, ան խաբեց հայ ժողովուրդին ու դեռ պիտի խաբէ, եթէ շարունակէ մնալ իշխանութեան գլուխ, և շատ վստահ որ զիջումներու շարքը շարունակուելու է։
Ներկայ կառավարութիւնը կը վարէ ազգային արժէքներու մերժման հստակ քաղաքականութիւն։ Չ'ընդունիր, որ շարունակենք ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները, չ'ընդունիր որ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի պայքարը սեղանի վրայ դնենք, չ'ընդունիր սփիւռքը որպէս ազգի մաս, չ'ընդունիր որ Հայաստանի ժողովուրդին արժանապատիւ ապագայ ապահովէ։ Համաձայնելով Ալիևի հետ կ'ուզէ վախի մթնոլորտ հաստատել Հայաստանի մէջ։
Իսկ հիմա լայն թափ ստացած են նոյնիսկ ազատ խօսքի և հաւաքներու ազատութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնները։ Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներուն հետապնդելը, ընդդիմախօսներու նկատմամբ հնարաւոր միջոցներով քաղաքական հաշուէհարդարներ տեսնելն ու բերման ենթարկելը խաղաղ ակցիաներու ընթացքին դարձած են այս իշխանութեան գործելաոճը։ Հարիւրաւոր անձինք իրենց ընդդիմադիր գործունէութեան համար ապօրինի կերպով կը ձերբակալուին ու կը պահուին անազատութեան մէջ։ Այլ խօսքով հասարակական և քաղաքական գործիչներու հանդէպ այսպիսի վերաբերմունքը կը հետապնդէ մէկ նպատակ` խոչընդոտել խօսքի ազատութեան միջավայրն ու մթնոլորտը։
Առ այդ խստօրէն կը ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆՔ.-
Ա.- Հ.Հ. Վարչապետի և անոր համախոհներու` ցեղասպանութեան ժխտման թուրքական օրակարգին աջակցելու բոլոր ջանքերը։ Ոչ մէկ քաղաքական կուսակցութիւն կամ անհատ քաղաքական գործիչ` հայ կամ այլազգ իրաւունք չունի ոտնահարելու հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը և հայերու արժանապատուութիւնը, որոնցմէ շատերը ցեղասպանութիւնը վերապրողներու ժառանգներ են։
Բ.- Արցախին ազրպէյճանական տարածք ըլլալը։
Արցախը մեզի համար ներկայ է, մեր կեանքին մէջ մնայուն տագնապ է և մեր օրակարգին վրայ միշտ առաջնահերթութիւնէ։
Գ.- Արցախի ռազմաքաղաքական ներկայացուցիչներու և պատերազմական գերիներու վերադարձնելու հարցով լռելեայն ու ձեռնածալ մնալը։
Դ.- Տաւուշի չորս գիւղերու Ազրպէյճանին յանձնման նախնական համաձայնութիւնը։
Յարգանքով`
ՀՅԴ Շուէտիոյ Կառոյց և ուղեկից միութիւններ
29 Ապրիլ, 2024