կարևոր
3298 դիտում, 9 ամիս առաջ - 2024-01-31 15:42
Քաղաքական

Ակնարկ. Սթոքհոլմէն Եկած Անգարայի Հարուածը Մոսկուային

Ակնարկ. Սթոքհոլմէն Եկած Անգարայի Հարուածը Մոսկուային

Թուրքիոյ կողմէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դէմ դրուած արգելքի վերացումը սպասուած քայլ էր: Ուաշինկթընը առաջադրած էր սկանտինաւեան երկու երկիրներու անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ին: Պայմաններ բեմադրելէ եւ պատրուակային ձգձգումներէ ետք պարզ էր, որ Անգարան համաձայն պիտի ըլլար ըստ էութեան Ռուսիոյ դաշնութիւնը ՕԹԱՆ-եան ուժերով դարպասելու Միացեալ Նահանգներու կամ ընդհանրապէս հաւաքական Արեւմուտքի պահանջին: Խնդիրը ուղղակիօրէն դրուած էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ, եւ Անգարային ի վերջոյ շատ խուսանաւելու տեղ չէր մնար:

Անգարայի խաղը հասած է վերջնագիծին եւ Շուէտի դէմ դրուած արգելքը վերցուած է: Մոսկուան բնականաբար անհանգիստ է ոչ միայն իր դէմ հիւսուող դարպասումի քաղաքականութեան մէջ ռազմավարական նկատուող այս քայլի կիրարկումէն, այլ նաեւ Անգարայի կատարած ոստումէն: Մոսկուայի համար եւս պէտք չէ անակնկալ եղած ըլլայ այս նախապատրաստուող ոստումը կամ պարտադրուած քայլը:

Չի բացառուիր անշուշտ, որ Անգարան Մոսկուային փոխանցած ըլլայ այս անխուսափելիութիւնը: Այս քայլին զուգահեռ էր, որ ՕԹԱՆ-ի ամէնէն բարձր մակարդակներէն կը հնչէին ռուսական վտանգին դիմաց ռազմական պատրաստուածութեան գալու կոչերը:

Մոսկուայի ներկայացուցիչը Թուրքիոյ իրաւասութեան մէջ կը դիտէր այս որոշումը, պարզապէս երեսփրկութեան (ֆէյս սէյվինկ) յատկանշական յայտարարութիւն կատարելով:

Թուրքիան Շուէտէն ակնկալութիւններ ունէր, յատկապէս քրտական կազմակերպութիւններու գրասենեակները փակելու, կամ իր բառապաշարով` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու նստավայրեր չտրամադրելու առումով: Հիմա այդ բոլորը դուրս եկած են պայմաններու ցանկէն:

Այս քայլին դիմաց, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնակատար Վիքթորիա Նուլընտը այցելած է Անգարա: Այնտեղ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնակատարը հանդիպած է բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու եւ գործարար շրջանակներու ղեկավարներու հետ` քննարկելով երկկողմ, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցերու ամբողջ շրջանակը:

Նուլընտը յայտարարած է, որ «Միացեալ Նահանգները եւ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ին Շուէտի անդամակցութեան Անգարայի համաձայնութենէն ետք կը վերադառնան լիարժէք համատեղ աշխատանքի տնտեսութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ:

Պաշտօնական լրահոսէն այնպէս կ՛ընկալուի, որ ամբողջ տարածաշրջանի եւ համաշխարհային հարցերու թղթածրարներու համատեղ քննարկումը եւ աշխատանքներու սլաքներու համակարգումը կախեալ էր Շուէտի խնդիրէն: Անգարան ենթարկուած է Միացեալ Նահանգներու պահանջին, որուն դիմաց Ուաշինկթընը վերստին կը համատեղէ իր երկրի եւ Թուրքիոյ անվտանգային եւ տնտեսական համագործակցութիւնները:

Տնտեսական ոլորտի տրամաբանութիւնը աւելի երեւելի է: Միացեալ Նահանգները Թուրքիան կը պատանդառեն իր տնտեսութեամբ: Թրքական դրամանիշի կտրուկ անկումները յանկարծակի չեն ըլլար եւ կապուած չեն զուտ շուկայական կամ ֆինանսական ելեւէջներէ: Ուաշինկթընը կը հեռակառավարէ Թուրքիոյ ֆինանսական քաղաքականութիւնը եւ զայն կ՛օգտագործէ իբրեւ ճնշամիջոց` արգիլելով, որ իր կողմէ ճշդուած սահմաններէն դուրս գայ Թուրքիան:

Անվտանգայինը առաջին հայեացքով կրնայ վերաբերիլ «Էֆ 16»-ներու խնդիրին, որ հանգուցային էր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ գործօնային` թուրք-ռուս համագործակցութեան:

Ռուսիոյ դաշնութիւնը կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններուն: Շուէտի ճամբով իրեն հասած թրքական հարուածը անհետեւանք չի մնար: Անգարան այսպիսով լուրջ հարուած կը հասցնէ եւ մասնակից կը դառնայ իր ռազմավարական վերջին գործընկերը թշնամի ուժերով շրջապատելու ամերիկեան քաղաքականութեան:

Անգարայի խաղի լուսանցքը բաւական կը նեղնայ այս ձեւով, հերթական անգամ Մոսկուան համոզելով, որ Հարաւային Կովկասի թէ Միջին Արեւելքի մէջ իբրեւ ռազմավարական գործընկեր հանդէս եկող Թուրքիան աւելի գործընկեր է Միացեալ Նահանգներու հետ եւ ի վերջոյ զինք դարպասող անվտանգային զինուորական ուխտին երկրորդ գլխաւոր ուժն է: Եւ այդպիսով` Հարաւային Կովկաս մտած Տրովադայի ձին:

«Ա.»
aztagdaily.com