կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-11-18 09:16
Սփյուռք

Հերթական Հարուածը` Ազգային Քաղաքականութեան Եւ Միասնականութեան

Հերթական Հարուածը` Ազգային Քաղաքականութեան Եւ Միասնականութեան

Խօսքը, անշուշտ, կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան սուփըր, օտարածին արժէքներով տարուած` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի վարած պետական ոլորտներուն յատկապէս` կրթութեան ու մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ անոր դրսեւորած ապազգային մօտեցումներուն եւ ոչ պատշաճ պահուածքին:

ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ուսանողութեան ցասումին, կազմակերպած նստացոյցներուն, բողոքի շարժումներուն եւ հրաժարականի պահանջքին, այլ խօսքով` բաժակը յորդեցնող շարժառիթը բնականաբար հանդիսացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական հաստատութիւններուն մէջ, հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան պարտադիր դասաւանդումը խնդրոյ առարկայ դարձնող նախարարին կրթական քաղաքականութիւնը, ինչ որ զարմանալիօրէն մասամբ կը վերյիշեցնէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրով կրթութեան նախարար Աշոտ Պլէեանի ապազգային մէկ այլ քաղաքականութեան դրսեւորումը, որով ան փորձեց Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը զեղչել կրթական օճախներուն մէջ:

Սակայն, ըստ էութեան, ամբողջ խնդիրը ո՛չ միայն Արայիկ Յարութիւնեանի մօտ է, այլ` ներկայ կառավարութեան ազգային քաղաքականութեան եւ արժէքներու աշխարհահայեացքին եւ անոնց ընկալման մէջ է, երբ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններու ղեկավարը, յանձինս վարչապետը, փաստօրէն միակ ղեկավարը երկրի, հերթական հարուած մը եւս հասցուց ազգային քաղաքականութեան եւ միասնականութեան` իր հերթական «խիզախ» յայտարարութեամբ, երբ երիտասարդ եւ ուսանող ցուցարարներու հետ զրուցելով շեշտեց, թէ Արայիկ Յարութիւնեանի կրթական քաղաքականութիւնը Հայաստանի կառավարութեան քաղաքականութիւնն է, եւ թէ ի՛նք չի բաժներ Հայաստանի Հանրապետութեան երիտասարդական, ուսանողական եւ կրթական հանրութեան դժգոհութիւններն ու տեսակէտները` կրթական եւ մշակութային քաղաքականութեան վերաբերող:

Փաստօրէն վարչապետը ամբողջութեամբ պատասխանատուութիւնը ինքնիր վրայ վերցուց Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան  չնաշխարհիկ նախարարին ապազգային քաղաքականութեան հետեւանքներուն, նաեւ`  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առկայ երիտասարդական ցասումը, կրթական, մշակոյթի եւ մտաւորական հանրութեան դժգոհութիւնները եւ առհասարակ հասարակութեան մօտ գոյութիւն ունեցող հիասթափութիւնները զանազան բնագաւառներուն մէջ ներկայ իշխանութիւններու վարած անհասկնալի, անորոշ եւ ձախաւեր քաղաքականութեան դէմ:

Արդեօք այս պահուան դրութեամբ եւ ներքաղաքական այս պայմաններուն տակ ժողովուրդէն ստացած ժամանակաւոր քաղաքական դիրքը կը ներէ՞, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները փորձեն ամբողջ 5000-ամեայ հայոց պատմութեան, աւանդութեան, արժէքներու, կենցաղավարութեան եւ ազգային բարքերու համակարգը վերատեսութեան ենթարկել:

Արդեօք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները 2018-ի արտահերթ ընտրութիւններուն իրենց վստահութեան քուէն վարչապետին տալով` զայն իշխանութեան հասցուցին, որպէսզի ազգային միասնականութիւնը փճանա՞յ, ռազմահայրենասիրութիւնը, լեզուն, գրականութիւնը, հայոց պատմութիւնը եւ կրօնական դասաւանդումը տրորի՞ կրթական կալուածներէն ներս եւ օտարածին բարքերն ու  արժէքները, այլասերածներու եւ դրանսգենտներու հովանաւորողներուն գործօնը գերակշռե՞ն ամբողջ երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան:

Արդեօք իրեն վստահութեան քուէն տուին, որպէսզի 30-ամեայ արցախահայութեան ազգային ազատագրական պայքարը խնդրոյ առարկա՞յ դառնայ, Սփիւռք-Հայաստան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կապերը խարխլի՞ն:

Արդեօք արտօնելի՞ է յայտարարողական տեսքով կաշառակերութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի կարգախօսին տակ ամէն ինչ իրար խառնել եւ վրէժխնդրութեամբ ու քաղաքական հաշուեյարդարի տրամաբանութեամբ երկիրը ղեկավարել եւ պայմանաւորել արտաքին քաղաքականութիւնը` խնդրոյ առարկայ դարձնելով Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, բանակի արդիականացումը եւ երկրի քաղաքական կայունութիւնը:

Հետեւաբար, վերոյիշեալ հարցադրումներուն լոյսին տակ, յանցագործութիւն մը կատարած պիտի չըլլանք, եթէ բարձրաձայնենք հետեւեալ մտածողութիւնը, մանաւանդ մեկնելով վարչապետին` կրթութեան եւ մշակոյթի վերաբերող վերջին դիրքորոշումներէն, գիտակցելով հանդերձ, որ վերջին խօսքը վերապահուած է ժողովուրդին. բայց եւ այնպէս արդեօք Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին հրաժարականի կողքին պէ՞տք է մտածել նաեւ վարչապետին կամ կառավարութեան հրաժարականի մասին կամ` արտահերթ ընտրութիւններու կարելիութեան մասին` տրուած ըլլալով, որ իրականութեան մէջ ներկայ իշխանութիւններու մէկուկէս տարուան ընթացքին արձանագրած «նուաճումները» ցարդ հետեւեալներն են` զանց առնելով վարչապետի բազմաթիւ լեզուական սայթաքումները` ասֆալթին փռելու եւ այլն, հասարակութեան շերտաւորում` սպիտակներու եւ սեւերու միջեւ, տնտեսական լուրջ ծրագիրներու եւ թիրախաւորուած ներդրումներու բացակայութիւն, Արցախի եւ Հայաստանի ղեկավարութեանց միջեւ աննախընթաց լարուածութիւն, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւնները զաւթելու բացայայտ ճիգ: Ասոնց կողքին Արցախի բանակցային գործընթացին լուծման գծով առնուազն անորոշութիւն, որուն վառ ապացոյցը կը հանդիսանայ վարչապետի` յարափոփոխ յայտարարութիւնները, արտաքին ճակատի վրայ տիրող անորոշութիւնը, որուն վառ դրսեւորումը հանդիսացաւ «Պի.Պի.Սի.» յայտագիրին ընթացքին արտաքին գործոց նախարարի անհասկնալի պահուածքը, ազգային բանակի հրամանատարութեան արժանապատուութիւնը եւ մարտունակութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող խորհրդարանական յանձնաժողովի մարզանքները, ազգային արժէքներու նկատմամբ յստակ անտեսում եւ նոյնիսկ հեգնանք, ինչ որ կը վերյիշեցնէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի տխրահռչակ յայտարարութիւնը, որ` «ազգային արժէքային համակարգը կեղծ կատեգորիա է»:

Արդարեւ, խորապէս համոզուած ենք, որ սիրոյ եւ համերաշխութեան 2018-ի ապրիլ-մայիս ամիսներու ժողովրդային եւ ուսանողական շարժումներու ելակէտը բնաւ վերոնշեալները չէին հանդիսանար, այլ ընդհակառակը, տուեալ արդարացի ժողովրդային շարժումներու շնորհիւ յառաջացած իշխանափոխութիւնը պէտք է ծառայեցնել իր բուն նպատակին եւ պէտք չէ մսխել անհանդուրժողականութեան եւ անհատական վրէժխնդրութեան յորձանքին մէջ: 2018-ի  դեկտեմբեր 9-ի արտահերթ ընտրութիւններէն ձեւաւորուած մեծամասնութիւնը եւ կազմուած կառավարութենէն ակնկալուածը եւ սպասուածը` թէ՛ Հայաստանի հանրութեան, եւ թէ համայն հայութեան կողմէ, բոլորովին այլ էին: Ինչպէս աշխարհով մէկ բոլոր ժողովրդային երիտասարդական եւ ուսանողական շարժումները, որոնք միանշանակ կը միտին իշխանափոխութեան անցեալը մերժելու, ուրուագծելու ապագայի հորիզոնները աւելի խաղաղ, անկաշկանդ եւ բարօր կեանք մը ապրելու ձգտումները որեւէ կարգախօսի տակ պէտք չէ տեղի տան քաղաքական արկածախնդրութիւններու, հետապնդումներու եւ յարատեւ ցնցումներու փորձութեանց, ի խնդիր տակաւի՛ն պատերազմի սպառնալիքի տակ գտնուող տուեալ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւման, երկրի ժողովրդավարութեան խորացման, կաշառակերութեան, փտածութեան եւ մենաշնորհներու դէմ արդիւնաւէտ գործունէութեան ծաւալման. այս բոլորը բնականաբար ազգային միասնականութեան անփոխարինելի քաղաքականութեան ներքոյ, որ խարիսխը կը հանդիսանայ երկրի կայունութեան, անվտանգութեան, տնտեսական բարգաւաճման, ներդրումային թիրախաւորուած ծրագիրներու իրականացման եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման, ինչ որ սոսկալի կերպով կը բացակայի Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան մէջ:

Մելիք Գարագավորեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ