Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հազիւ երդման արարողութիւնը կատարած, Էրտողան պաշտօնական յայտարարութեամբ մը հրապարակեց իր նոր կառավարութեան կազմը։
Տեղին է «նոր» եզրոյթը գործածել, երբ նկատի ունենանք, որ 18 անդամներէն 16-ը կառավարական մակարդակի վրայ նոր դէմքեր են եւ միայն երկուքը՝ համեմատաբար երկրորդական նախարարներ՝ առողջապահութեան եւ զբօսաշրջութեան, պահած են իրենց պաշտօնը։
Իր ղեկավարած «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան միջավայրէն մասնագէտներու վստահելով, Էրտողան կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ «փոփոխութիւն ու բարգաւաճում» կը բերէ։ Փոփոխութիւն մը՝ որ շատ մը դէտերու կարծիքով՝ շատ աւելի ամուր, փորձառու եւ հաստատ հիմերու վրայ կառչելու գործընթացի մը սկիզբն է։
Շատերու համար մեծ անակնկալ մը չէր արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի փոխարինումը, թէեւ յստակ է որ ան կը մնայ իր «սուլթան»-ին հլու կամակատարը, որեւէ ժամանակ, որեւէ այլ պաշտօն ստանձնելու կամ պարտականութիւն կատարելու։
Չաւուշօղլուէն շատ աւելի փորձառու աղուէս մը՝ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին ղեկավար Հաքան Ֆիտանը ստանձնած է դիւանագիտութեան պետի պաշտօնը: Ան 2010-էն ի վեր կը վարէր գաղտնի սպասարկութեան ղեկը. 2016-ին կրցած էր շրջանցել իր ներկայ «պոս»-ը տապալելու կարգ մը այլ բանակայիններու փորձերը, որոնք միայն մետասաներորդ պահուն ձախողեցան։
․․․Եւ հիմա պահ մը մտածել, որ արդէն իսկ գերակայութիւն ունեցող Չաւուշօղլուի փոխարէն, հայ-թուրք յարաբերութիւններու փողոցներուն մէջ «խաղաղութիւն մուրացող» Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր դիմաց պիտի ունենայ շատ աւելի արմատական, կարծր եւ ռազմա-դիւանագիտութիւն կիրարկող Ֆիտանը։ Ըստ կարգ մը դէտեր կը յիշեցնեն, որ «թրքական դաստիարակութիւն» ունեցող Միրզոյեանի ու նմաններու համար սա մտահոգիչ չէ:
Ֆիտանի առաջին գործերէն պիտի ըլլայ ամէն գնով «ծունկի բերել» Շուէտը, որպէսզի ան կասեցնէ քրտական այլախոհ կազմակերպութիւններու իր հողին վրայ գործունէութիւնը, որպէսզի Շուէտ կանաչ լոյս ստանայ ՆԱԹՕ մուտք գործելու։ Առաջին նշանները ի յայտ եկան քանի մը օր առաջ, երբ Սթոքհոլմ Թուրքիա ղրկեց Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) մէկ ղեկավարը, որ իբրեւ ահաբեկիչ ամբաստանուած ու հետապնդման ենթակայ էր Թուրքիոյ մէջ, եւ տարիներ առաջ ապաստանած էր Շուէտ: Իսկ թէ նման քայլ ինքնագլո՞ւխ տրուած որոշում է, թէ «վերերէն» թելադրուած, արդէն բոլորովին այլ հարց է:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնին, իբրեւ Ֆիտանի յաջորդ, Էրտողան նշանակած է այլ հլու եւ հնազանդ կամակատար մը, այլապէս իր անունը արձանագրած էր նախորդ կառավարութեան օրերուն եւ կը վարէր նախագահին խորհրդականի եւ մամլոյ խօսնակի պաշտօնը. Իպրահիմ Քալըն:
Արտաքին ոլորտէն փոխադրուին ներքին դաշտ. արդեօք Էրտողան փորձած է հեգնականօրէն ձե՞ռք երկարել նախագահական ընտրութիւններուն իր գլխաւոր մրցակիցը եղող Քըլըճտարօղլուին, որուն ղեկավարած ընդդիմադիր «վեցանկիւն սեղան» դաշինքը պահանջած էր պաշտօնազրկել եօթը տարիէ ի վեր ներքին գործոց նախարարութիւնը վարող Սուլէյման Սոյլուն, որովհետեւ ան Էրտողանի ընդդիմադիր շարժումը «Արեւմուտքի աջակցութիւնը վայելող քաղաքական յեղաշրջման փորձ» որակած էր: Սոյլու կ՛այպանուէր, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ընտրական զեղծարարութիւններու եւ արդիւնքները կեղծուելուն մէջ։
Փաստօրէն, Սոյլուն փոխարինուեցաւ այլ «Սոյլու»-ով մը՝ Պոլսոյ նախկին նահանգապետ Ալի Երլիքայայով: Սա ցուցանիշ կը նկատուի, որ զեղծարարութիւններն ու կեղծիքները «արդարօրէն դէպի բարգաւաճում» պիտի շարունակուին յառաջիկայի տարբեր մակարդակի ընտրութիւններուն. եւ այն ատեն, այլ բազմանկիւն ընդդիմութիւն մը թող պահանջէ անոր պաշտօնազրկումը եւ մատնուի «վեցանկիւն»-ին ճակատագրին։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ փոփոխութիւն եւ բարգաւաճում կրած է. հրաժարեալ Հուլուսի Աքարի պաշտօնը ստանձնած է բանակի զօրավար Եաշար Կիւլեր, որ իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ֆիտանի նման, բանակայիններու Յուլիս 2016-ի ընբոստութեան օրերուն, Էրտողանի մօտիկ փաղանգին կը պատկանէր: Հաւանական է, որ այդ հաւատարմութեան ճամբով, ան ալ պաշտօնի բարձրացում ստացած էր։
Էրտողանի թագադրութեան օրն իսկ, լիրային արժեզրկումը մրցանիշ հաստատեց տոլարին դիմաց, բնագաւառ մը, որ յարատեւօրէն խոցելի մնացած էր նախկին կառավարութեան օրերուն։ Եւ ահա, վերստին պաշտօնի կանչուած է Մեհմետ Շիմշէքը։ Անոր կայծակը (շիմշէք կը նշանակէ կայծակ) արդեօք ի՞նչ զօրութիւն պիտի ունենայ լիրայի վերարժեւորման դիտանկիւնէն, կը մնայ անյայտ, սակայն Թուրքիա վստահաբար յոյսերը կապած է դաշնակիցներուն, որոնք պատրաստ են փրկութեան ձեռք երկարելու հին «հիւանդ մադ»ուն եւ աչք փակել անոր ոճրային բոլոր արարքներուն վրայ:
Ինչ կը վերաբերի արդարութեան նախարարութեան՝ անխուսափելի էր, որ պաշտօնը պիտի վստահուէր «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան անդամներէն Եըլմազ Թունչին։
Յստակ է, որ Թուրքիոյ մէջ «արեւուն տակ նորութիւն պէտք չէ փնտռել» յառաջիկայ հինգ տարիներուն, այլ՝ միեւնոյն քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի շա՛տ աւելի արմատական ոճով եւ տարածքով։ Տասնեակ մը ափրիկեան երկիրներու ղեկավարներու ներկայութիւնը ցայտուն փաստ մըն է։ Թուրքիոյ արեւելքցի եւ արեւմուտքցի գործակիցները շա՜տ զօրաւոր ստամոքս ունին այս բոլորը մարսելու համար…
Իսկ «հայկական ստամոքս»-ը արդեօք պիտի շարունակէ՞ մարսել Էրտողանեան «արդարութիւն ու բարգաւաճում»-ը, երբ օր ցերեկով ականատես ենք, որ ՔՊ-ական ղեկավարութիւնը կը յամառի խաղաղութեան ճամբան փնտռել Անգարայի մէջ. նորագոյն փա՞ստը՝ վարչապետին Անգարա այցելութիւնը, ներառեա՛լ գորշ-գայլականներու հետ տեսակցութիւններն ու ցնծագին եւ խոնարհագին լուսանկարները։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական