կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-28 20:56
Քաղաքական

Խոնարհելով Անգարայի պահանջներուն առջեւ` Թրամփ դարձեալ չկրցաւ ցեղասպանութիւն բառը գործածել

Խոնարհելով Անգարայի պահանջներուն առջեւ` Թրամփ դարձեալ չկրցաւ ցեղասպանութիւն բառը գործածել

ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ

Հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը անցեալ տարի ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, նախագահ Տանըլտ Թրամփ յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով չկրցաւ արտասանել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը, շարունակելով հաւատարմօրէն հետեւիլ Անգարայի կողմէ սահմանուած ուրացման քաղաքականութեան:

Արդարեւ, Ցեղասպանութեան 105ամեակին վերաբերեալ իր տարեկան յայտարարութեան մէջ ան օգտագործեց միայն «Մեծ Եղեռն» եզրը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան խստօրէն դատապարտեց այս խուսափումը՝ յիշեցնելով, որ ուրացման այս քաղաքականութիւնը Անգարայի կողմէ արտադրուած է եւ արտածուած Ամերիկա, ուր անիկա կը գործածուի Թրամփի կողմէ։

Իր կարգին, նախագահական թեկնածու Ճօ Պայտըն  խոստացաւ յստակէն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, երբ նախագահ ընտրուի, դրուատելով այդ գծով Քոնկրեսին հաստատած բանաձեւերը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Թրամփի ուղերձը՝ պնդելով, որ անիկա կատարուած է «ներքաղաքական նկատառումներով» եւ չունի որեւէ իրաւական ուժ՝ աւելցնելով. «Կը մերժենք այդ յայտարարութեան պնդումները»:

asbarez.com