Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Թուրքիոյ նախագահը Արցախի հակամարտութեան օրակարգով նախաձեռնողականութիւն դրսեւորած է: Առաջարկած է քառակողմ ձեւաչափով` Ռուսիա, Թուրքիա, Հայաստան եւ Ազրպէյճան հանդիպում կայացնել: Տրուած ըլլալով, որ առաջարկողը Թուրքիոյ նախագահն է, ապա ուրեմն կ՛ենթադրուի, որ հանդիպումը կայանալու պարագային անիկա պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մէջ:
Օրակարգը եթէ Արցախի հիմնախնդիրն է, ուրեմն պէտք է փորձել դիտարկել, թէ ի՛նչ կը պատահի արցախեան դաշտին մէջ:
Պարզ դարձաւ, որ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները համաձայն եղած են միաժամանակեայ` Բերձորով եւ Ակնայով դէպի Ստեփանակերտ մարդասիրական բեռնատարներու մուտքին: Արցախի իշխանութիւններուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ իրենք որոշած են Կարմիր խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակի եւ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրախումբի հրամանատարութեան համատեղ առաջարկը` Բերձորի միջանցքով եւ Ակնայի ճանապարհով մարդասիրական բեռներու համաժամանակեայ տեղափոխումը իրականացնել:
Այս լրատուութեան կը յաջորդէր երկրորդ մը, որուն համաձայն աշխատանքներ կը տարուին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու հանդիպումը կազմակերպելու ուղղութեամբ: Աշխատանքները կը տարուին «միջնորդներ»-ու կողմէ: Այստեղ չէ հասցէագրուած միջնորդը: Բայց երբ երկու լուրերու յաջորդականութեան տրամաբանութիւնը նկատի ունենանք, ապա պարզ կը դառնայ Կարմիր խաչին հետ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան այս անգամ դիւանագիտական բաժինը: Այլ խօսքով` բեռնատարներուն Ստեփանակերտ ժամանումը կ՛իրականանայ ռուս խաղաղապահներով, իսկ Արցախ-Ազրպէյճան հանդիպումը կը կազմակերպուի նոյն միջնորդին քաղաքական դէմքերով:
Կը թուի, որ Ստեփանակերտ-Պաքու հանդիպման համար պիտի աշխուժանան նաեւ այն կողմերը, որոնք միջազգային երաշխաւորման գործիքակազմի ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէին:
Ռուսական գործօնի ներգրաւումը թէ՛ մարդասիրական օժանդակութիւններու Ստեփանակերտ ժամանման եւ թէ՛ Պաքու-Ստեփանակերտ հանդիպումները նախապատրաստելու ուղղութիւններով նախ անմիջական արձագանգ կը գտնեն Անգարայի մէջ:
Այս հանգամանքներով ալ պէտք է բացատրել Թուրքիոյ նախագահին նախաձեռնութիւնը` քառակողմ հանդիպում իրականացնելու առումով:
Անգարան Մոսկուան ներառելով, Մոսկուան հակակշռելու քայլ կ՛առնէ եւ կը փորձէ նախաձեռնողականութեամբ հանդէս գալ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութենէն դժգոհ էր Անգարան, որ մնայուն փորձ կը կատարէր միջնորդի կարգավիճակ ապահովելու:
Հիմա քառակողմ ձեւաչափ առաջադրելով Անգարան փորձ կը կատարէ ոչ միայն համամիջնորդի դեր ստանձնելու, այլ նաեւ` գլխաւոր միջնորդի:
Միջնորդի դեր ստանձնելու պատրաստակամութիւն տարբեր առիթներու յայտնած էր նաեւ Իրանը, որ թէ՛ կը յայտարարէ, որ Հայաստանի հետ իր սահմանային իրավիճակը կարմիր գիծ է, թէ՛ կը հաստատէ, որ Պաքուի հետ իր խնդիրները լուրջ չեն:
Պաքուն յայտնապէս կը խանդավառուի քառակողմով: Մոսկուան իր միջնորդական առանձնաշնորհեալ կարգավիճակէն զիջում կ՛ընկալէ առաջարկի ընդունումը:
Կարեւոր է Երեւանի պատասխանը, որ ցարդ խուսանաւումով կը բնութագրուի իբրեւ առաջին արձագանգ:
Քառակողմով Անգարան կը փոխաղերսէ Պաքու-Երեւան եւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացները:
Մինչեւ քառակողմին համաձայնիլը կամ չհամաձայնիլը, ռուսական գործօնի վերահսկողութեամբ մարդասիրական բեռնատարները կը ժամանեն Արցախ: Գուցէ նաեւ Մոսկուայի միջնորդութեամբ կը մեկնարկեն Ստեփանակերտ-Պաքու խօսակցութիւնները:
«Ա.»
aztagdaily.com