Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը բազմաշառաւիղ փոփոխութիւններու ենթարկելու յայտարարութիւններ կը կատարուին: Արաբական աշխարհին մէջ Քաթարի նկատմամբ արաբական պետութիւններու յարաբերութիւններու վերաբնականոնացման գործընթաց, Եւրոպական Միութեան հետ լարուածութեան մեղմացում, Փարիզ-Անգարա ուղղակի մերձեցում ուղենշող խօսակցութիւն, Երեւանի նկատմամբ արձակուած ուղերձներ, եւ հիմա` Ուաշինկթընի հետ նոր էջ բանալու մասին պաշտօնական յայտարարութիւն:
Դէպի Եւրոպա յարաբերութիւններու վերափոխման առումով Անգարա նախ կը յայտարարէր, որ Ֆրանսայի հետ աշխատանք կը տարուի երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման համար ճամբու քարտէս գոյացնել` նշելով, որ այդ ուղղութեամբ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է: Յաւելելով, որ Չաւուշօղլու նշեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ ունեցած է «շատ կառուցողական» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որ պսակուած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճամբու քարտէսի կազմութեան շուրջ համաձայնութեամբ:
Թրքական դիւանագիտութեան պետին համաձայն, ամբողջ Եւրոպական Միութեան հետ իր երկրին յարաբերութիւնները կարիքը ունին «աւելի լաւ մթնոլորտի» ապահովման:
Եւրոպական յանձնաժողովի արձագանգը չէր ուշանար. յանձնաժողովի նախագահը կը յայտարարէր, որ Եւրոպական Միութիւնը կը ձգտի վերականգնել Թուրքիոյ հետ կառուցողական յարաբերութիւնները: Իսկ այս առումով պարզ կը դառնար, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ եւրոպացի պաշտօնատարներու միջեւ տեսազանգի ընթացքին քննարկուած է «կառուցողական յարաբերութիւններու վերականգնման ուղղութեամբ գործնական քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը»: Շրջուած էին նաեւ Երոպական Միութեան անդամակցութիւնը մերժելու Անգարայի նախապէս կատարած յայտարարութիւնները: Էրտողան Եւրոպական Միութիւնը յորդորած է «Պրեքզիթ»-էն ետք Թուրքիան ընդունիլ միութեան կազմին մէջ:
Այնուհետեւ կը հրապարակուէր Մաքրոն-Էրտողան սիրաբանական նամակագրութիւնը:
Հետագայ յայտարարողական իրադարձութիւնները ըստ էութեան ածանցեալ նիւթեր են յարաբերութիւններու վերաբնականոնացման առաջադրանքին:
Արաբականին եւ եւրոպականին առընթեր կը սպասուէր հիմնական շառաւիղը. դէպի Ուաշինկթըն ուղերձը, որ չուշացաւ: Այսպէս` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութիւնը ստանձնելէն ետք Անգարան վերստին պիտի առաջարկէ Ուաշինկթընի հետ աշխատանքային միացեալ խմբակ յառաջացնել` քննարկելու համար ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելուն առնչուած թեքնիք կողմերը:
Ըստ թուրք նախարարին, իր երկիրը անկեղծ ջանք պիտի թափէ բարելաւելու ամերիկեան վարչակազմին հետ յարաբերութիւնները` նոյն գործելաոճը ակնկալելով Պայտընի վարչակազմէն:
Այս երեք ուղղութիւններէն առայժմ ամերիկեանը ունի որոշ տարբերութիւն: Եթէ արաբականն ու եւրոպականը ընդառաջած են Անգարայի վերաբնականոնացման յայտարարութիւններուն եւ դրական նախանշաններ ցոյց կու տան, ապա ամերիկեանը տակաւին լուռ է, չըսելու համար, որ կը շարունակէ երեւութական անհանգստութիւններ դրսեւորել Անգարայի նկատմամբ:
Ուաշինկթըն անցեալ ամիս Անգարայի դէմ հաստատեց երկար ատենէ ի վեր սպասուած պատժամիջոցներ` «Էս-400» համակարգեր գնելուն համար: Թուրքիա այդ քայլը նկատեց «մեծ սխալ», ինչպէս նաեւ բացառեց, հակառակ ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլալուն, այդ քայլին պատճառով ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրէն հեռացուիլը:
Ռազմական առեւտուրի գործարկում-առկախում այս բեմականացումը եթէ ընդունինք, որ կը սատարէ Թուրքիոյ ամերիկեան Տրովադայի ձիի կարգավիճակի ամրապնդման, ապա աւելի ըմբռնելի կը դառնայ, որ Ուաշինկթընը ինչո՛ւ ականատեսի դիրքերէ հետեւեցաւ կովկասեան պատերազմին, որուն համար նոյնքան միջազգային իրաւասութիւն ունէր, որքան Մոսկուան: Այդ ամբողջ պատերազմին մէջ Ուաշինկթըն ամէնէն շատ շահագրգռուած էր Իրանի սահմաններուն խոցելի դառնալու, Իրանի սահմանային փոփոխութիւններու, իրանամերձ գօտին ահաբեկչական տարրերով ողողելու հարցերով: Անգարան լիարժէք ծառայեց այդ առաջադրանքին:
Չի բացառուիր, որ նոր վարչակարգը որոշէ միջնորդի դերը վերստանձնել` վերագործարկել տալով ԵԱՀԿ-ն ու միջնորդական աւանդական ձեւաչափը:
Հետաքրքրական է, որ Անգարան արտաքին քաղաքականութեան բազմաշառաւիղ փոփոխութիւններու քաղաքականութիւն կ՛որդեգրէ արցախեան պատերազմի հրադադարէն ետք միայն: Այսինքն, ռուսական համատեղ գործողութիւններ իրականացնելէ եւ Կովկասի մէջ զինուորական ներկայութիւն արձանագրելէ ետք:
Թուրքիոյ նախագահին գրասենեակը Էրտողան-Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը մեկնաբանելով վստահեցուցած է, որ Ռուսիան եւ Թուրքիան կը ձգտին ստեղծել պայմաններ, որոնք ազրպէյճանցիներուն եւ հայերուն պիտի արտօնեն միասին ապրիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` առանց խաղաղապահ կամ հսկողութեան առաքելութեան գործունէութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութեան:
Եթէ նկատենք, որ թրքական զօրամիաւորները Կովկաս տեղակայուած են արդէն իբրեւ Ազրպէյճանի մէջ ռազմախարիսխ ունեցող երկիր, իսկ Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւնը կ՛իրականացնեն ռուսական զօրքերը, ապա այս յայտարարութիւնը կ՛ընկալուի իբրեւ ռուսական ուժերու Արցախէն հեռացման պահանջ Անգարայի կողմէ:
Հիմա պէտք է սպասել, որ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի հետ մերձեցման առաջադրանք յայտարարող Անգարայի այս քայլերը ինչպէ՛ս պիտի ընկալէ Մոսկուան: Մանաւանդ որ իր խաղաղապահ առաքելութեան ժամանակաւոր բնոյթի պահանջ կը հնչեցնէ իրեն հետ համատեղ գործողութիւններ իրականացուցած Անգարան:
«Ա.»
aztagdaily.com