կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-07 15:40
Սփյուռք

Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի Արտգործ Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Տուն Կանչել Անգարայի մօտ Գանատայի Դեսպանը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի Արտգործ Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Տուն Կանչել Անգարայի մօտ Գանատայի Դեսպանը

Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2020-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ մը յղեց Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Ֆրանսուա Ֆիլիբ Շամբայնին, յորդորելով՝ ջնջել տալ Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպանատան անխոհեմ թուիթըրեան գրառումը, որ կը վերաբերի Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքներուն: Աւելին, յանձնախումբը կը պահանջէ տուն կանչել դեսպանը՝ իր անպատասխանատու քաղաքական դիրքորոշումին համար, որ կը հակասէ պաշտօնական Օթթաուայի խաղաղութեան եւ հաւասարակշռուախ քաղաքականութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան:

Նշենք, որ Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2020-ին, Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպանատունը թուիթըրեան յայտարարութիւն մը կատարած էր, որուն մէջ կը շեշտուէր, որ Գանատան կ’աջակցի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ չի ճանչնար Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքները: Սակայն, յայտարարութիւնը չէր հաստատուած Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Յղուած նամակին մէջ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէր, որ Գանատան միշտ ալ հաւասարակշռուած մօտեցում ունեցած է Արցախի հիմնախնդրին խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ, հիմնուելով Մինսկի (ԵԱՀԿ) խումբի դիրքորոշումներուն վրայ, որ հաստատուած է Միջազգային իրաւունքի Հելսինկեան պայմանագրով ամրագրուած ինքնորոշման իրաւունքի եզրափակիչ որոշումով:

Նամակին մէջ մասնաւորաբար շեշտուած էր, որ այս թուիթըրեան գրառումը խոտոր կը հանդիսանար Գանատայի հաւասարակշռուած դիրքորոշումներուն եւ պէտք է անյապաղ ջնջուի: Իսկ այսպիսի յայտարարութիւններ ժխտական անդրադարձ կ՚ունենան ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական գետնի վրայ: Արտաքին գործերու նախարաութիւնը պէտք չէ արտօնէ իր արտասահմանեան դիւանագէտներուն, որ կառավարութեան դիրքորոշումներուն հակասող յայտարարութիւններ կատարեն:

Նշենք, որ վերոնշեալ նամակէն պատճէններ յղուած են նաեւ Գանատայի Վարչապետին, Փոխվարչապետին, խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւններու ղեկավարներուն եւ ընդիմութեան ներկայացուցիչներուն:

horizonweekly.ca