Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Համազգային»-ի 95-ամեակը նշող տարին փակելէ առաջ արդար է անդրադառնալ իր հիմնադիրներու տեսլականին եւ մտածել՝ ինչպէ՛ս հաւատարիմ մնալ անոր ու յանձն առնել շարունակել երթը այս մեծ առաքելութիւն ունեցող կազմակերպութեան։
Կ՚արժէ այստեղ կարճ մէջբերում մը ընել այն յօդուածէն, որ Վահան Նաւասարդեան գրած է «Համազգային»-ի հիմնադրութեան մասին։ Որքան ալ հետաքրքրական ըլլան իր տուած այլ մանրամասնութիւնները, այստեղ կ՚ուզեմ տալ այդ հիմնադրութեան որոշումը կայացնող ժողովի նկարագրութեան հետեւեալ հատուածը.
Ժողովականները բաժանուած էին երկու մասի. մէկը, գլխաւորութեամբ [Լեւոն] Շանթի, համեստ ծրագրի կողմնակից էր,— «Լոյս» անունով ընկերութիւն հաստատել՝ միայն մէկ երկրորդական վարժարան հիմնելու ծրագրով։ Շանթի հետ էր [Նիկոլ] Աղբալեանը, ասելով՝ «շատ բան կ՚ուզեմ. տուողը ո՞վ է. գիտնանք քչով գոհանալ, եթէ քիչն էլ լինի՝ նորէն շատ է»։
Միւս մասը կողմնակից էր աւելի լայն ծրագրի, համագաղութային ծաւալով կրթական մշակութային կազմակերպութիւն ստեղծելու առաջադրութեամբ, որի առաջին ձեռնարկը պիտի լինէր — իր սկզբնական շրջանին, քանի կազմակերպութիւնը ծաւալած չէր գաղթաշխարհի մէջ — հիմնադրումը միայն մէկ երկրորդական վարժարանի։
Այս երկրորդ տեսակէտի ջերմ պաշտպաններից էի ես՝ ինձ հետ ունենալով մասնաւորաբար Համոյին [Օհանջանեան] եւ Ստեփանին [Եսայեան]։
Մտքերի երկարատեւ փոխանակումից յետոյ յաղթանակեց այս վերջին տեսակէտը։ Եւ իմ առաջարկով ընդունուեց հետեւեալ անունը նորաստեղծ կազմակերպութեան համար — «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւն»1։
Հեռուն նայող, լայն հորիզոնի վրայ բացուող հայեացք մը, որը մերը ըլլալու է ամեն ժամանակէ աւելի։ Ահա հինգ բառեր, որոնք կը բնութագրեն կազմակերպութիւնը եւ անոր էութիւնը՝ հայ – կրթական – հրատարակչական – համազգային – ընկերութիւն։ Այդ բառերէն մէկը յետոյ աւելի ընդլայնելով պիտի դառնայ «մշակութային» եւ կազմակերպութիւնը այսօր պիտի կրէ «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն» անունը, եւ անունի վերածուած ածականը, դրուելով սկիզբը, պիտի ստանայ ա՛լ աւելի մեծ առում։
Այո, ի զուր չէ, որ մեծ տեսաբանը՝ Նաւասարդեան, պնդած է այդ առաջին՝ «համազգային» բառին վրայ։ Այդ բառին մէջ կայ ամբողջ աշխարհ մը՝ հայաշխարհը, եւ ահա այդ բառն է, որ կը նշէ կազմակերպութեան դիրքաւորումը. ան չէ՛ կուսակցութեան մը, կողմի մը կազմակերպութիւնը, որքան ալ վայելէ անոր հովանաւորութիւնը ու անոր գաղափարականին ջատագովը ըլլայ ան. իր նպատակը համազգային է, իր կոչումը համազգային է, իր ներուժը համազգային է։ Ատկէ մեկնելով պիտի ըսենք նաեւ իր աշխատանքը համազգային պիտի ըլլայ, այսինքն՝ բոլոր առնչուած կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն հետ գործակցաբար պիտի զարգացնէ իր գործունէութիւնը Սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի։
Երկրորդ բառը «հայ»-ն է։ Այդ ալ պատահականութեամբ չէ, որ ընտրուած է։ Պարզապէս հայկական կազմակերպութիւն մը ըլլալը չէ՛, որ կը նշուի այդ բառով։ Ան հայ է իր ուղն ու ծուծով եւ իր հայ ըլլալո՛վ է, որ համամարդկային է։ Ան հայութեա՛ն կը ծառայէ եւ հայութեան ծառայելո՛վ է, որ մարդկութեան կը ծառայէ։ Հայութեա՛ն մտահոգութիւններն են իր օրակարգին վրայ, հայութեան կարիքներն են իր ծրագրերուն հիմքը։ Ինչպէս պարզապէս ածական մը չէ «համազգային»-ը, այնպէս ալ պարզապէս ածական մը չէ «հայ»-ը, այլ՝ պատկանելութիւն մը, այդ պատկանելութեան խոր գիտակցութիւն մը։ Ինքնութիւն մը, բայց առանց այլամերժութեան եւ առանց ցեղապաշտութեան, ինչ որ յարիր պիտի չըլլար Դաշնակցութեան իսկ գաղափարաբանութեան։
Հիմա նայինք «կրթական» եւ «մշակութային» բառերուն, որոնք կը ճշտեն ծիրերը այս կազմակերպութեան գործունէութեան, եւ անդրադառնանք, թէ «կրթական»-ը զետեղուած է «մշակութային»-էն առաջ։ Առանց կրթականին, մշակութայինը ինչպէ՞ս կրնայ գոյութիւն ունենալ։
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»ի հիմնադրութեան յայտարարութեան օրը՝ 28 մայիս 1928
Գահիրէի Սու րբ Գրիգոր Լու սաւորիչ եկեղեցւոյ առջև
Նպատակ չունիմ թուելու «Համազգային»-ի անցնող 95 տարիներու կատարուած աշխատանքները այս ծիրերէն ներս. ատոնք արդէն կը պատկանին պատմութեան։ Ատոնց գնահատումն ալ կը թողեմ ապագայ պատմաբաններուն։ Բայց չեմ կրնար չանդրադառնալ ներկայ կարիքներուն, որոնք պիտի ճշտեն մեր գալիք ուղին։
Ինծի համար այսօր թիւ մէկ խնդիրը մեր լեզուի պահպանումն է՝ հայերէնի՛ պահպանումը. Ոչ թէ միայն արեւմտահայերէնի, այլ հայերէնի՝ իր երկու լեզուաճիւղերով, որոնք կը գտնուին աղաւաղման, խաթարման ու ի սպառ անհետացման վտանգին առջեւ։ Լեզուի պահպանումը՝ իր բոլոր ստորոգելիներով կամ բոլոր առնչումներով, դպրոցներու հարիւրապատիկ բազմացումով Սփիւռքի մէջ, այդ դպրոցներուն համար ուսուցիչներու դաստիարակութեամբ, ամենուրեք տեղւոյն յարմար կրթական ծրագրերու եւ դասագրքերու պատրաստութեամբ, գրականութեան զարգացումով, մանաւանդ մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական տարիքներուն համար, ժամանակակից բառարաններու եւ լեզուի ուսուցման անհրաժեշտ քերականութեան եւ ուղղախօսութեան դասագրքերու հրատարակութեամբ՝ մասնագիտական պատրաստութեամբ ու ներկայ արդի մօտեցումներուն համապատասխան։
Մշակութային գործունէութիւնը պիտի գայ ամբողջացնելու կրթական գործունէութիւնը. թատրոնը, մանաւանդ արդի կեանքին առնչուած հայերէն նոր թատերախաղերով, շարժանկարն ու այլազան տեսանիւթերը, երգն ու պարը, ասոնց բոլորին անհրաժեշտ ղեկավարներու եւ դերակատարներու մասնագիտական պատրաստութիւնը, ներկայացումները, անոնց հիւրախաղերը եւ այլն, եւ այլն։ Այս ծիրէն ներս ալ տակաւին թանգարանները՝ ներառելով անոնց ստեղծումը Սփիւռքի բոլոր հայաշատ վայրերուն մէջ եւ չանտեսելով «Համազգային»-ի բոլոր մակարդակներու վարչութիւններու եւ գեղարուեստական խումբերու, ինչպէս նաեւ անհատ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու արխիւներու պահպանումը՝ թուայնացմամբ եւ այլապէս, արուեստագէտներու գործերու փրկութիւնը անոնց մահէն ետք՝ երբ անժառանգ կը մեկնին այս աշխարհէն, գիտաժողովներու յաճախակիացումը եւ այդ ոչ միայն հայրենիքի մէջ։
Խօսելով հայրենիքի մասին, կ՚ուզեմ շեշտել, թէ որքան կարեւոր է «Համազգային»-ի տարածումը բոլոր մարզերուն եւ բնակավայրերուն մէջ, անոր գործունէութեան ընդլայնումը՝ առկայ գեղարուեստական խումբերու գործակցութեամբ, արուեստագէտներու քաջալերումը եւ տակաւին ինչեր։
«Համազգային»-ին կ՚իյնայ նաեւ քաղաքական բոլոր մակարդակներուն վրայ՝ համաշխարհային, շրջանային թէ տեղական, կապեր ունենալ կրթական թէ մշակութային կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու թէ անհատներու հետ՝ ներառեալ լրատուական մարզէն ներս՝ փոխադարձ ծանօթացման եւ համագործակցութեան համար, միշտ ի նպաստ ու ի փառս համայն հայութեան։
Այս բոլորը, սակայն, պիտի ըսուի դրամի կը կարօտին։
Եւ ահա կու գանք կազմակերպութեան անունին վերջին բառին՝ «միութիւն»։ Գիտենք, չէ՞, որ միութիւնը զօրութիւն է։ Աւելին ըսելու պէտք կա՞յ։
95 տարի առաջ, Եգիպտոսի մէջ, օրուան նեղ պայմաններով, «Համազգային»-ը հիմնելու համար եթէ հիմնադիրները յաջողեցան գոյացնել անհրաժեշտ հազար եգիպտական ոսկին, այսօր հայութեան ունեցած անբաւ հարստութեամբ հնարաւոր չէ՞ ստեղծել 1000 միլիոնի դրամագլուխ մը եւ ծրագրումով անցնիլ գործի՝ քայլ առ քայլ իրականացնելու նոր վարժարան առ նոր վարժարան, նոր ծրագիր առ նոր ծրագիր։
Անկասկած կարելի է, եթէ ըլլան գիտակցումը, հաւատքն ու կամքը։
Հաւատարիմ՝ հիմնադիրներու տեսլականին։
——————————————————————————————————————————
1 Վահան Նաւասարդեան, «Համազգային»ի եւ իր ճեմարանի հիմնադրութեան շուրջ, Յուսաբեր (բացառիկ՝ նուիրուած Վահան Նաւասարդեանի յիշատակին), տպարան «Յուսաբեր», 1957, Գահիրէ (պահած եմ ուղղագրութիւնը այնպէս ինչպէս տպուած է այնտեղ – Վ-Ա.)
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ