կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-03-23 15:09
Տարածաշրջան

Նորընտիր ԱԺ-ն ձև ու մարմին պիտի տա արդար հայրենիք ունենալու` քաղաքական մեր տեսլականին. ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ի հայտարարությունը

Նորընտիր ԱԺ-ն ձև ու մարմին պիտի տա արդար հայրենիք ունենալու` քաղաքական մեր տեսլականին. ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ի հայտարարությունը

Անկախ պետականութեան, արդար ու բարեկեցիկ հասարակութեան կերտման ի խնդիր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի հարուստ կենսափորձ: Նորանկախ Հայաստանի քաղաքական կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, իշխանութեան թէ ընդդիմութեան դիրքերէն, Դաշնակցութիւնը իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերած է հայրենիքի հզօրացման եւ պետական համակարգի ժողովրդավարականացման երթին:

Դաշնակցութեան քաղաքական հետեւողական ու անդուլ պայքարով Հայաստան օժտուած է նոր սահմանադրութեամբ եւ խորհրդարանական նոր համակարգով, որուն ամրագրումը պիտի կատարեն յառաջիկայ 2 ապրիլին ընտրական նոր օրէնքով տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւնները:

Հայաստան ի վերջոյ պիտի թօթափէ նախագահական կեդրոնացեալ դրութիւնը եւ պիտի որդեգրէ կառավարման նոր համակարգ, յուսատու նոր սկիզբ մը նշելով մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար: Նորընտիր Ազգային ժողովը ձեւ ու մարմին պիտի տայ արդար հայրենիք մը ունենալու քաղաքական մեր տեսլականին:

Այսօր, հայրենի իշխանութեան մաս կազմելով, Դաշնակցութիւնը գործնապէս արդէն ձեռնարկած է հայ կեանքի զանազան մարզերուն մէջ այդ տեսլականին իրականացման քայլերուն: Այդ քայլերը սակայն կը կարօտին յաւելեալ խորացման, ամրապնդման ու զարգացման, որուն համար անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդին ամբողջական նեցուկը` ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրով առաջադրուած որակական փոփոխութիւնները իրենց լրումին հասցնելու համար:

Կը հաւատանք, որ որքան ուժեղ ըլլայ Դաշնակցութիւնը, այնքան աւելի կայուն, արդար եւ խաղաղ կ՛ըլլայ Հայաստանը:

Արդ, մեր ժողովուրդը հրաւիրուած է 2 ապրիլին Դաշնակցութեան տալու իր վստահութեան քուէն` երաշխաւորելու համար երկրին մէջ թափ առած լայնածաւալ փոփոխութիւններու ընթացքը եւ մասնակից դառնալու համար երկրի յառաջընթացի համազգային ճիգին:

Մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար նշանակալից այս հանգրուանին, կ՛ողջունենք այս ընտրութիւններուն յաջողութեան համար Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան ի գործ դրած բոլորանուէր ճիգերը եւ կը վերահաստատենք ժողովրդավարական կարելի բոլոր միջոցներով պատասխանատու պետութիւն եւ համերաշխ հասարակութիւն ունենալու մեր անզիջելի կամքն ու վճռակամութիւնը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ