Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
1990ին, երբ դաշնակցական ականաւոր գործիչ Ակնունին, Նիւ Եորքի մէջ հիմը կը դնէր Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ), ան քաջ գիտէր, թէ իր պաշտելի կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նախատեսած միութիւնը, իր արմատները պիտի հաստատէր հայրենիքի եւ համայն աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող հայկական գաղթօճախներուն մէջ։
Այո, ան համոզուած էր կանացի եզակի այս կազմակերպութեան յաջողութիւններուն, որովհետեւ անոր շարքերուն մէջ պիտի ընդգրկուէին գիտակից երիտասարդ ու զոհաբերուող հայուհիներ եւ մանաւանդ՝ ամուր հայկական ընտանիքներ կերտող հայ մայրեր։ Այս հաստումներու լաւագոյն փաստը աշխարհատարած ՀՕՄի 110 տարիներու մարդասիրական գործունէութիւնն է։ Իր երազած հայրենիքի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ արմատաւորումն է։ Իր արդար ու խղճամիտ գործունէութիւնն է, իրեն դիմող անօթեւանին, ուսանողին ու կարօտեալին գուրգուրանք ցուցաբերելու հրամայականն է։
Այս բոլորի լոյսին տակ, բնական էր, որ ՀՕՄի մեծ ընտանիքը ձեռնածալ պիտի չմնար, ի տես տնտեսական ճգնաժամին եւ անոր զուգահեռ ընթացող համատարած Գորոնա ժահրի գործող ահաւոր աւերներուն։ Ոտքի է ՀՕՄի մեծ ընտանիքը, աշխարհատարած իր բիւրաւոր անդամներով եւ առանց խտրութեան օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ սփիւռքի եւ հայրենիքի կարիքաւոր անհատներու, ընտանիքներու եւ հանրութեան սպասարկող առողջապահական կեդրոններու։
Մարդասիրական այս ծառայութիւններու ծիրէն ներս, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը Չորեքշաբթի, 28 Յուլիս 2020ին, յատուկ պատուիրակութեամբ մը այցելեց Շիրակի մարզ։ Պատուիրակութեան մասկը կազմէին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Համեստ Պէօճէքեան, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Մարինէ Համբարձումեան եւ փոխատենապետ Սիլվա Եուզպաշեանի, որոնց միանալու պատիւը ընծայուեցաւ նաեւ ինծի՝ յօդուածագրիս։ Այցելութիւնը նպատակ ունէր Գիւմրիի Ինֆեկցիոն եւ ՀՕՄի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան հիւանդանոցներուն նուիրլու այնքան էական երեք Քարդիոմոնիթոր բժշկական սարքաւորումներ։ Նկատի ունենալով Գորոնա ճահրի վտանգաւոր տարածումը, համաձայնութիւն գոյացած էր կարեւոր այս երեք բժշկական սարքաւորումնբերու յանձնումը կատարել Շիրակի մարզպետարանը։
Առաւօտեան մեկնեցանք Գիւմրի, ուր մեզի միացաւ ՀՕՄի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Ծննդատան գլխաւոր բժիշկ տոքթ. Վահրամ Միրզոյեանը։ Ցաւ ի սիրտ պէտք է նշել, թէ Շիրակի Մարզպետարանի շէնքէն ներս հանդիպեցանք Մարալիկ հիւանդանոցի խումբ մը բուժաշխատողներու, որոնք եկած էին իրենց բողոքը յայտնելու մարզպետին, ակնարկուած հիւանդանոցի դռները փակելու տխուր առիթով։ Սրտցաւ ունկնդրեցինք գանգատները, յաջողութիւն մաղթեցինք անոնց եւ ուղղուեցանք մարզպետարանի ընդունարանը, ուր մեզ դիմաւորեցին Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեանը, Մարզպետարանի առողջապահութեան բաժնի պետ Լէյլի Ասլանեանը եւ Գիւմրիի Ինֆէկցիոն հիւանդանոցի տնօրէն Աստղիկ Բէյբութեանը։ Հադիպումը անցաւ շատ ջերմ ու սիրալի մթնոլորտի մէջ։ Մարզպետը քաջածանօթ ըլլալով ՀՕՄի հայրենանուէր գործունէութեան 1988ի ահաւոր երկրաշրժէն սկսեալ մինչեւ օրս, առաջին հերթին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՕՄին եւ ընդգծեց անոր հայրենանուէր գործունէութիւնը յատկապէս հայրենիքի մէջ։ Ապա, Մարինէ Համբարձումեան անդրադարձաւ այցելութեան նպատակին եւ ՀՕՄի Հայաստաի շրջանի լայնածաւալ գործունէութեան մասին, իսկ Համեստ Պէօճէքեան՝ ՀՕՄի հայրենի եւ աշխարհատարած լայնածաւալ աշխատանքներուն։
Առիթը պատեհ նկատելով, մարզպետին յիշեցում կատարուեցաւ, որ 1988ի երկրաշարժի առիթով բացուած եւ երկար տարիներ շրջանի հայութեան օգտակար հանդիսացած ՀՕՄի Գիւմրիի Հոգեբանական կեդրոնի սեփականաշնորհման գործընթացքին լուծում տալու մասին։ Մարզպետը խոստացաւ հետապնդել հարցը եւ հարկն ու պատշաճը կատարել, միաժամանակ խնդրելով ՀՕՄի ներկայացուցիչներէն այդ գծով բացատրողական գրաւոր դիմում կատարել մարզպետարանին։
Այնուհետեւ, Շրջաային Վարչութեան ատենապետ Մարինէ Համբուրձումեան, ՀՕՄի անունով Գիւմրիի Ինֆեկցիոն հիւանդանոցի տնօրէնին յանձնեց երկու Քարդիոմոնիթոր բժշկական սարքաւորումները եւ այնուհետեւ միասնաբար ստորագրեցին համապատասխան փաստատուղթը։
Յետմիջօրէին, տոքթ. Վահրամ Միրզոյեաի հետ մեկնեցանք ՀՕՄի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Ծննդատուն, որ իր գոյութեամբ եւ շրջանին մատուցած ծննդաբերութեան եւ առողջապահական ծառայութիւններով հպարտանք է բոլորիս։ Ծննդատան մուտքին մեզ ուրախութեամբ դիմաւորեցին ծննդատան բժիշկեներէն տոքթ. Տիգրան Յարութիւնեանն ու գլխաւոր հիւանդապահուհի Սուսաննա Բաղդասարեանը։ Հոն էին նաեւ հինգ մայրեր, իրենց նորածիններուն հետ։ Անոնք եկած էին ծննդաբերութիւնը քաջալերող, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորած «Երկրորդ աղջիկ զաւկի ծնունդ տուած մայրեր»ու տրամադրուած դրամական պարգեւները։ Ծրարները յանձնեց Համեստ Պէօճէքեան։
Ապա շրջեցանք ծննդատան տարածքը եւ մօտէն ծանօթացանք անոր աշխատնքներուն, կարիքներուն եւ մի քանի օր առաջ Ծննդատան ՀՕՄի կողմէ նուիրուած Քարդիոմոնիթոր բժշկական սարքաւորման։ Ուրախալի էր իմանալ, որ Ծննդատունը լիովին կը բաւարարէ անմիջական իր շրջապատի ծննդաբերութիւնները, ակնաբուժումներն ու աոռջապահական այլ կարիքները։
Գնահատելով ծննդատան ծառայութիւնները, նոյն օրը երեկոյեան, ՀՕՄի պատուիրակութիւնը հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ վերադարձաւ տուն։ Ճամբու վրայ այցելեց նաեւ Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցին եւ ծունկ մը աղօթք կատարեց եկեղեցւոյ բակը թաղուած Գէորգ Էմինի շիրիմին առաջ, Աստուծմէ հոգիի խաղաղութիւն խդրելով մեծանուն բանաստեղին։
Բնական է, միօրեայ այս առաքելութեամբ ՀՕՄի աշխատանքները չեն աւարտիր։ Կասկած չունինք, որ ՀՕՄի շարքերը իրենց գործունէութիւնը հաւատքով պիտի շարունակեն եւ համոզումով պիտի իրականացնեն կանացի այս մեծ կազմակերպութեան հետապնդած նպատակները, ջանասէր առաքեալները հանդիսանալով անոր սրբազան առաքելութեան։
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ