կարևոր
1555 դիտում, 9 ամիս առաջ - 2023-12-14 17:16
Հասարակություն

Հալէպահայութիւնը համախումբ շարքերով յիշատակէց ՀՅԴ 133-րդ ամեակը

Հալէպահայութիւնը համախումբ շարքերով յիշատակէց ՀՅԴ 133-րդ ամեակը

Տիգրան Ճինպաշեան․ «Անհրաժեշտութիւն կայ ընդդիմադիր ու ազգային ուժերը միաւորելու եւ ազգային փրկութեան ճակատ մը ստեղծելու»

Դաշնակցութեան օրը այս տարի կը յիշատակենք Արցախի կորուստին ցաւը ապրելով, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կանգնելով։

ՀՅԴ 133-ամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 10 Դեկտեմբերին, արցախահայութեան ինքնորոշման օրը, անկախութեան հանրաքուէին օրը, որ իրականացած էր 10 Դեկտեմբեր 1991-ին։ Այսօր բռնի խլուած է պատմական Արցախը ու բոլորովին անտեսուած արցախահայութեան ինքնորոշման միջազգային իրաւունքը։

Այս ծանր իրողութեան ընդառաջ հայէպահայեր հաւաքուած էին լսելու Դաշնակցութեան խօսքը։

Հանդիսութեան հրաւիրեալները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային- յեղափոխական երգերով եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն ընկերակցութեամբ «Գ․ Եսայեան» սրահին մուտքին։

Հայ Երիտասարդաց Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած հանդիսութեան ներկայ էին հայ երեք համայնքապետները, Սուրիոյ խորհրդարանի եւ Ազգային երեսփոխաններ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի Կեդր․ Վարչութեան եւ Հայ Բարեգործական Ընդհ. Միութեան ներկայացուցիչները, հալէպահայ մշակութային, բարեսիրական, մարզական, երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ, Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Հայր Լեւոն Վրդ. Եղեայեան, հոգեւոր հայրեր, դաշնակցութեան համակիրներ եւ մեծաթիւ հայորդիներ, ինչպէս նաեւ այս առիթով Հալէպ ժամանած լիբանանահայ ազգային գործիչ Տիգրան Ճինպաշեան։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յիշատակը նահատակներուն։

Ձեռնարկի կարգախօսն էր «Կամքի կորովով, բազուկի ուժով»։

Բացման հայերէն խօսքով Փաթիլ Գասապեան-Վարդապետեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը տկարութիւն չի ճանչնար ու պիտի շարունակէ իր ողջ կարելիութիւններով նեցուկ կանգնիլ հայ ժողովուրդին, Հայաստանին ու արցախահայութեան, պարտութիւնները յաղթահարելու եւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու ռազմավարական նոր մօտեցումներով, անվհատ ու միասնական ջանքերով։
Արաբերէն բացման խօսքով Արա Մութաֆեան վեր առաւ հայրենիքին ու ազգային մշակոյթին արժէքը, շեշտելով որ ազգերը կորուստի կը մատնուին առանց մշակոյթի, առանց հողի, հետեւաբար ալ սերունդներուն մէջ հարկ է միշտ վառ պահել հայրենիքի ու ազգային մեր ժառանգութեան պահպանման ու անոնցմով իսկ զարգացնալու եւ ամրանալու տենչը։

Գեղարուեստական յայտագիրով նախ հանդէս եկաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեան Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի։ Երգչախումբը մեկնաբանեց «Արցախին», «Մեզ Միացնողը Դաշնակցութիւնն է», «Դարձիր Իմ Անի», «Հայ Զինուոր» եւ «Դէպի Սասուն» երգերը։

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր կը ներկայացուէին Արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ Դաշնակցական ազատամարտիկներուն մարտերը, արցախեան ազատամարտին մէջ հայութեան միասնական պայքարը, ազատագրման օրերը, նահատակներուն պատկերներն ու պատգամները, ապա նաեւ Արցախի բռնագրաւումն ու գերիները, որոնց կարգին Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը, որ յանձնառութեամբ ստանձնեց իր պաշտօնը՝ քաջ իմանալով պայքարի իր ճամբուն յառաջացող վտանգը, ապա գերեվարուեցաւ քաղաքական այլ դէմքերու հետ միասին Ատրպէյճանի կողմէ։

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ։ Այսպէս՝ Անի Պօղիկեան (դաշնամուր), Նայիրի Նագգաշեան-Մինասեան (կողմնասրինգ), նուագեցին «Ազատ Հայաստան»-ը, Ռուզան Պարսումեան (դաշնամուրի) Լիլա Սահակեան(ջութակ) նուագեցին «Իմ Հայրենիք»-ը, իսկ Վիգէն Չաղլասեան եւ Աննա Պարսումեան ասումնքեցին Վահագն Դաւիթեանի «Զարկ, Իմ Զարմանալիդ» քերթուածը։ Յատկանշական էին երաժշտական կտորներու եւ քերթուածին ընտրութիւնները, տպաւորիչ էին կատարողները՝ իրենց որակաւոր ելոյթներով։

Այնուհետեւ հանդիսավարներ՝ Ծերուն Գահուէճեան եւ Մարմանդ Գեւոյեան ընթերցեցին այս առիթով յղուած Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեանց խօսքերը։

Օրուան բանախօսն էր ազգային գործիչ, հրապարակախօս Տիգրան Ճինպաշեան։ Բանախօսը յայտնեց, որ տարեկան այս հաշուետուութեան առիթով, հայ ժողովուրդին ու հայոց հայրենիքին ծառայութեան համար կատարուած աշխատանքի թէ՛ յաջողութիւններուն, թէ՛ ձախողութիւններուն անդրադառնալով կը վերանորոգենք մեր ուխտը՝ տէր կանգնելու բովանդակ հայութեան պահանջներուն ու շահին։ Ապա անդրադարձաւ Դաշնակցութեան դաւանանքի չորս ուղղութիւններուն՝ ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական, բացատրեց անոնց իւրաքանչիւրը, դիտել տալով որ այս ուղղութիւններով տարուող գործունէութեան նախապատուութեան կարգը կ՛որոշէ Դաշնակցութեան ընդհ․ ժողովը իր սահմանած ռազմավարութեամբ, նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, հայութեան ապրած երկիրներու եւ յատկապէս հայաստանամերձ շրջաններու ընդհանուր վիճակը, Հայաստանի կացութիւնը, հայ ժողովուրդի պատրաստակամութիւնը եւ ՀՅԴ շարքերու պարզած վիճակը։

Սահմանուած ռազմավարութիւնը այս տուեալները նկատի կ՛առնէ ու պարտադիր կ՛ըլլայ ՀՅԴ-ի բոլոր շրջաններուն համար։

Ապա բանախօսը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք քաղաքական կեանքի մէջ արձանագրուած վերիվայրումներուն ու նկատել տուաւ․

«Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, թէ կը վարեն քաղաքականութիւն մը, որ Հայաստանը պիտի վերածէ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի։ Կ՛ըսեն ու կրկնեն, որ մեր հայրենիքը Հայաստանի Հանրապետութիւն կոչուող պետութիւնն է միայն, ո՛չ Արցախ կայ, ո՛չ Արեւմտեան Հայաստան։ Հայ Դատ գոյութիւն չունի, ցեղասպանութիւն չէ պատահած, Հայաստանի մէջ Արցախի պետական հիմնարկներու, իբրեւ գաղթական իշխանութիւն, գործունէութիւնը կը նկատուի վտանգաւոր Հայաստանի պետական անվտանգութեան համար։ Շփոթելով իշխանութիւնը պետութեան հետ ամէն քննադատութիւն կը մեր մերժուի եւ ընդդիմադիրները հալածանքի կ՛ենթարկուին։ Անգամ մը եւս ՀՅ Դաշնակցութիւնը կանգնած է իր սկզբունքներուն հաւատարմութեամբ գործելու դժուար ու պատասխանատու ուղիին առջեւ»։

Ապա շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը ստեղծուած կացութեան դիմաց ձեռնածալ չի կրնար մնալ, փորձելով մէկտեղ պահպանել Հայաստանի ներքին խաղաղութիւնը։

«Դաշնակցութիւնը ձեռնածալ չի կրնար մնալ Հայոց պատմութիւնը ժխտող, Հայ Դատը նսեմացնող երեւոյթներուն նկատմամբ։ Ստեղծուած նոր ու աննախընթաց կացութեան յանդիման , բոլոր ազգային ուժերը, անոնց կարգին Դաշնակցութիւնը կ՛որոնեն կացութիւնը շրջելու ուղիներ, առանց ապակայունացնելու Հայաստանն ու թշնամիին համար նորանոր յարձակումներու առիթներ ստեղծելու։
«Անհրաժեշտութիւն կայ ընդդիմադիր ու ազգային ուժերը միաւորելու եւ ստեղծելու ազգային փրկութեան ճակատ մը։

«Հայաստանէն Սփիւռք Բոլորին ճիգերը պիտի միաւորուին ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան։ ՀՅԴ-ն վերահաս վտանգին դիմաց վերանայման պէտք է ենթարկէ իր ռազմավարութիւնն ու ստանձնէ հայրենիքի փրկութեան գործին ղեկավարութիւնը», եզրափակեց բանախօսը։

Օրուան եզրափակիչ պատգամով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեան շեշտեց, որ ազգին ու հայրենիքին ծանր վիճակին ի տես համախմբուած շարքերով հարկ է գործել ու ապաւինիլ մեր հաւաքական իմաստութեան՝ յանուն մեր տեսլականներու իրականացման, թէկուզ երկար ժամանակի վրայ։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով ապա ՀՅԴ քայլերգով: