կարևոր
2356 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-30 13:45
Հասարակություն

Հալեպահայութիւնը համախումբ շարքերով տօնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 105-ամեակը

Հալեպահայութիւնը համախումբ շարքերով տօնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 105-ամեակը

Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 105-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Մայիսի երեկոյեան, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Հայ Երիտատարդաց Միութեան։

Տօնախմբութեան ներկայ էին նաեւ Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան ընդհ. պատասխանատու գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, մարդասիրական առաքելութեան 12-րդ խումբի հրամանատար փոխգնդապետ Միքայէլ Մկրտիչեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամներ Ժիրայր Րէիսեան եւ դոկտ. Լուսի Իսկէնեան, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական եւ Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան անդամներ, հալէպահայ մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ ու մեծաթիւ հալէպահայեր։

Կլիմայի կտրուկ փոփոխութիւնը արգելք չեղաւ հալէպահայերու խուռներամ ներկայութեան: Երիտասարդներ, պատանիներ ու տարեցներ անտեսելով անձրեւն ու հովը գրաւած էին իրենց տեղը Ճեմարանի շրջափակին մէջ: Տօնը բոլորին համար արժէք ու խորհուրդ ունէր:

Տօնակատարութեան մասնակիցները դիմաւորեցին ՀՄԸՄ-ի արի-արենոյշներն ու փողերախումբը։

Տօնակատարութիւնը ընթացք առաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ քայլերգներով:

Բացման հայերէն խօսքով Նանար Պապեան-Քիլէճեան դիտել տուաւ, որ ճեմարանի բակէն ներս համախմբուած ենք վերանորոգելու մեր ուխտը, վերահաստատելու այն պատմական իրողութիւնը, որ հարկ է գոյատեւել Սարդարապատ կերտած սերունդներու ոգիով, հարկ է կերտել արժանավայել սերունդներ՝ թրծուած ազգային դաստիարակութեամբ ու գիտակցութեամբ, սիրելով հայրենիքը, ճանչնալով անոր դարաւոր պատմութիւնը եւ պահանջատէրը մնալով անոր արդար իրաւունքներուն: Արաբերէն բացման խօսքով Վերա Թովմասեան վեր առաւ հայ ժողովուրդին ձեռք բերած մայիսեան յաղթանակները, Սուրիոյ ժողովուրդին ճգնաժամէն ետք կերտած յաղթական ուղին, ինչպէս նաեւ այսօրուան շրջափակուած Արցախի մէջ ազատութեան համար մարտնչող եւ պայքարող հայութեան անկոտրում կամքը։
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ ՀՅԴ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան երգչախումբին ազգային, յեղափոխական երգերու ելոյթով, գեղ. ղեկավարութեամբ Յովիկ Պարսումեանի:

Այնուհետեւ հանդէս եկան Համազգայինի Բ. Կանաչեան Երաժշտանոցի դասատուները: Այսպէս. Ռոպէրթ Ամիրխանեանի «Երազ Իմ Երկիր»-ը նուագեցին Անի Պօղիկեան (դաշնամուր) եւ Տեսիլ Սարեան (ջութակ), իսկ Արա Գէորգեանի «Արցախ»-ը՝ Անի Պօղիկեան (դաշնամուր) եւ Մեղրիկ Տօնոյեան (կողմնասրինգ/ֆլիւթ)։

Հայրենասիրական քերթուածներու համադրում մը՝ Սիամանթոյի «Ասպետին Երգը», Աւ. Իսահակեան «Ռազմակոչ»-ը, ներկայացուցին Վեհան Պարսումեանը, Համազասպ Շաքարեանը եւ Լիլիթ Ժամկոչեանը։
Ապա Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբը «Հզօր Արցախ» պարով հայ մշակոյթին ինքնատպութիւնը ցոյց տուաւ։

Օրուան բանախօսն էր այս առիթով Պէյրութէն ժամանած ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէի անդամ, հրապարակագիր, Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» տպարանի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան։

Հաւաթեան նախ լուսարձակի տակ առաւ Հարաւային Կովկասի լարուած իրավիճակն ու Հայաստանին սպառնացող վտանգները եւ ըսաւ. «Վտանգը այլեւս տեսանելի իրականութիւն է բոլորին համար. թշնամին դարձեալ հասած է Երեւանի դարպասին, եւ արդէն ‎ֆ‎իզիքապէս ներկայ է հոն՝ ազատօրէն կը դեգերի Երեւանի փողոցներուն մէջ, հայրենիքի սահմանները մնացած են անտէր, հարուածուած են հայոց բանակի յենասիւները, օրէ օր կը խորանայ ազգի երկփեղկումը, պառակտումը, պարտուողականութիւնը ամէն օր քիչ մը աւելի կը սրսկուի հայ մարդու երակներուն մէջ»։

Ապա անդրադառնալով ՀՀ դիւանագիտութեան բացթողումներուն, նկատել տուաւ, որ Հայաստան զիջած է իր տեղն ու դերը տարածաշրջանին մէջ եւ դադրած է գործընթացներուն մէջ դերակատար դառնալէ ու պարզապէս այդ գործընթացներուն հետեւանքով իրեն պարտադրուած հայրենակործան ուղղութիւնն է, որ կ՛որդեգրէ, այսպէս կոչուած յանուն ,խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացմանե։
Այնուհետեւ բանախօսը համեմատական մը ըրաւ 28 Մայիսի նախօրեակին ու ներկայ տիրող պայմաններուն, դրացի երկիրներու ծաւալապաշտ նկրտումներուն եւ հայութեան դիմադրութեան ու պայքարին միջեւ, դիտել տալով որ 28 Մայիսի մեծագոյն ձեռբերումը կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, որ պետականութեան կողքին կերտուեցաւ քաղաքական ու պահանջատիրական նկարագիրով ուժեղ հայ անհատը, որ յարութիւն տուաւ հայութեան իրաւունքներու հետապնդման եւ նպատակներու իրագործման պայքարի գիտակցութեան։

Հաւաթեան անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումէն անմիջապէս ետք ռազմական յաղթանակները քաղաքականութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ ամրագրելու առաջին հանրապետութեան ղեկավարութեան արդիւնաւէտ գործընթացին, յայտնելով որ թէեւ անկախութիւնը երկար չտեւեց, սակայն փաստօրէն այդ աննահանջ պայքարին արգասիքը հանդիսացաւ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու ծաւալումը եւ արցախեան պահանջատիրական պոռթկումը, հուսկ՝ Հայաստանի վերանկախացումը։

Բանախօսը այնուհետեւ անդրադարձաւ 28 Մայիսի ներդրումին Զանգեզուրի հայացման առումով, շնորհիւ Գարեգին Նժդեհի անկոտրում կամքին ու պայքարին, ինչպէս նաեւ 28 Մայիսի կարեւոր արգասիքներէն հանդիսացող ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր Ժողովին՝ անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ գումարման, որ Հայ Դատի հետապնդման նոր դարձակէտ մը հանդիսանալով Արմէն Գարոյի ղեկավարութեան կը յանձնէր «Նեմեսիս» գործողութիւնը՝ պատժելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան հեղինակներն ու ջարդարարները։

Ապա շեշտեց, որ այսօր «Նեմեսիս»-ի նուիրուած յուշակոթողի տեղադրումը հայրենի հողին վրայ պատգամ մըն է թշնամիին, որ հայութիւնը ոչ մէկ ատեն համակերպող է իրեն պարտադրուած կացութեան եւ արդարադատ բազուկներ ծնած ժողովուրդը, ա՛նտարակոյս, գիտէ կերտել նոր «Նեմեսիս»-ներ։ Ապա շեշտեց, որ ընդունելի չէ մտածելն անգամ, թէ այսօր յօդս պիտի ցնդի աւելի քան հարիւրամեակ մը ծաւալած հայութեան յաղթերթը, կամ հայութիւնը պիտի ընկալէ Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ հրամցուող պարտուողական ու յանձնուողական ամէն տեսակի համաձայնագիր։

Հաւաթեան այնուհետեւ անդրադարձաւ Հալէպահայ գաղութի ազգային, անշեղ ուղիին, դիտել տալով, որ 28 Մայիս 1988-ին Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան բացման հանդիսութեան, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ եւ անդամ հանգուցեալ Հրաչ Տասնապետեան կը յայտարարէր, որ Արամ Մանուկեան ժողովրդային տան բացումը ոչ միայն յիշատակի եւ յարգանքի սոսկական ոգեկոչում մը կ՛ընծայէ հայ ազատագրական պայքարի մեծագոյն դէմքերէն մէկուն՝ Արամ Մանուկեանին, այլեւ ինքնաբերաբար կը լեցուի 1918 թուականի Մայիսի հերոսամարտերուն մթնոլորտով։ Բանախօսը նկատել տուաւ, որ Սփիւռքի մէջ ու հայրենիքի, իրերայաջորդ սերունդներ իրենք զիրենք ճանչցան Սարդարապատով, եւ շատեր նոյն խոյանքով արժանի դարձան հանգչելու սարդարապատեան պատուանդանին վրայ։‎ Այդ սերունդները անցեալի նուաճումները շաղկապեցին մեր ներկային հետ, եւ Սարդարապատի զանգերը ամէնօրեայ դրութեամբ ղօղանջեցին մեր կեանքին մէջ։ Այստեղ բանախօսը վեր առաւ Հալէպի հայաշատ թաղերու պաշտպանութեան ղեկավար, նահատակ Ռա‎ֆֆի Պչաքճեանի, ինչպէս նաեւ Արցախի պաշտապանութեան համար նահատակուած Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլեմեանի եւ Յակոբ Աստարճեանի օրինակները, որոնք թշնամիին մէկ թիզ հող չզիջելու պողպատեայ համոզումով տոգորուած էին։

Եզրափակելով բանախօսը ըսաւ․ ,Հազարաւոր հայորդիներու արեամբ ձեռքբերուած հայկական հողատարածքները մեր սրբավայրերն են ու արժանապատուութիւնը, մեր իրաւունքը ըլլալէ առաջ։ Հետեւաբար, թող ոչ ոք կասկածի մեր ժողովուրդի հերոսական ճախրանքին ու հրաշագործ ուժի արտայայտութեան վրայ, ան ի վիճակի է կերտելու նոր հրաշքներ եւ հայկական նոր ասպետութիւններ։ Այդ հողերը կը պատկանին 10 միլիոն հաշուող հայութեան, եւ ո՛չ պարտուողական ստորագրութիւնները, ո՛չ ալ մեծապետական հաշիւները կրնան շեղեցնել մեզ մեր այս դար մը եւ աւելի կենսափորձով նուաճած համոզումէն։
«Թէ ապագայ կա՞յ, այո՛, հաստատ կայ։ Այդ ապագան սակայն պայմանաւորուած է ազգային լիիրաւ պետութեան կերտումով եւ պետականութեան հիմերը 28 Մայիսի ձեռք բերուած ազգային պետականութեան հետ ամրօրէն օղակելով»։
Պէյրութէն ժամանելով տօնախմբութեան գեղարուեստական յայտագիրին կը մասնակցէին նաեւ ազգային երգերու մեկնաբան Յովիկ Քէշիշեան եւ երգեհոնահար, երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեան, որոնք ազգային-յեղափոխական երգերով ոգեշնչեցին երիտասարդութիւնը։

Աւարտին իր հայրական պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեան։ Սրբազան հայրը ըսաւ․ «105 Տարի առաջ ամէն տեսակ դժուարութիւներով հանդերձ խումբ մը հայեր հայրենասիրութեամբ, ապագայատեսիլ հայեացքով ու խիզախութեամբ տոգորուած հրաշք գործեցին, երբ յարմար ժամանակին դէմ դնելով մեր ազգին ու հայրենիքին դէմ հիւսուող բոլոր դաւերուն, մեր ժողովուրդը դուրս բերին ստրկամտութենէն ու պայքարելով անկախ հայրենիք կերտեցին»։

Ապա զուգահեռներ գծելով Քրիստոսի կեանքի մէկ հանգրուանին ու մեր ներկային միջեւ ըսաւ. «Ցաւ ի սիրտ կ’ըսեմ. Յիսուսի ամենամօտիկ աշակերտներէն, այսպէս կոչուած իր ընտանիքի անդամներէն մէկը, դաւաճանեց իրեն, սակայն Քրիստոս հակառակ այս իրողութեան իր աշակերտներուն ըսաւ, որ եթէ զիս կը սիրէք, իմ ճամբէս պիտի գալէք։ Դժբախտաբար այսօր Հայաստանի մէջ ալ պարտադրանքով թէ այլ պայմաններու բերումով նոյնը կը կատարուի, հոն ալ դաւաճանութիւն տեղի կ’ունենայ, սակայն եթէ մենք կը սիրենք Հայաստանն ու Արցախը, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ պարտաւոր ենք պաշտպանել զանոնք ու սատար կանգնիլ անոնց, մէկդի դնելով մեր տարակարծութիւնները։

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց տօնակատարութիւնը կազմակերպողներուն եւ մասնակցողներուն, Պէյրութէն ժամանած բանախօս Յակոբ Հաւաթեանին, երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեանին եւ մենակատար Յովիկ Քէշիշեանին, որոնք յանձն առին Լիբանանէն Սուրիա ժամանել՝ մասնակցելու այս տօնակատարութեան։

Տօնախմբութիւնը աւարտին հասաւ սրբազան հօր պատգամով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։