կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-11-09 19:30
Հասարակություն

Հալէպահայութիւնը համախումբ շարքերով յիշատակեց ՀՅԴ 131-ամեակը

Հալէպահայութիւնը համախումբ շարքերով յիշատակեց ՀՅԴ 131-ամեակը

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ․ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ, ՈՐՈՒՆ ԿԸ ՄԻԱՆԱՆ ԱՐՑԱԽՆ ՈՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԷՋԸ ՓԱԿԵՆՔ ԵՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԹԱՓՈՎ ԱՊԱՀՈՎԵՆՔ»

Դաշնակցութեան 131-ամեակի յիշատակումը Հալէպի մէջ աւանդաբար դարձած է ժողովրդային համախմբումի օր։ Օր մը, որուն ընթացքին հարիւրաւոր հալէպահայեր կը ժամանեն հանդիսութեան վայր՝ ունկնդրելու Դաշնակցութեան խօսքը հայութիւնն ու հայրենիքը յուզող հիմնական հարցերու շուրջ։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Առաքելական Համայնքի պետ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հայ Երիտասարդաց Միութեան, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, հայ համայնքապետներու, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան,Սուրիոյ Խորհրդարանի հայազգի անդամներու, Դամասկոսէն, Գամշլիէն, Լաթաքիայէն, Քեսապէն ժամանած ազգայիններու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամին, ՀՄԸՄ_ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեանց ներկայացուցիչներուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի քահանայից դասուն, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մշակութային, հայրենակցական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ նահատակուած հալէպահայ հերոսներու ընտանեկան պարագաներուն, Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2021_ին տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 131-ամեակին յիշատակումը «Գ.Եսայեան» սրահէն ներս։

Սրահի մուտքին հանդիսատեսները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ_ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային-յեղափոխական երգերով։ Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով։

Բեմին վրայ տեղադրուած պաստառին վրայ կ՞արտացոլային ժողովուրդին հետ մէկ ամբողջութիւն դարձած, անոր իղձերուն մարմնաւորումը հանդիսացած կուսակցութեան խորհրդանիշները։

Արաբերէն բացման խօսքով Յարութիւն Սիւնպիւլեան վեր առաւ հարենասիրութեան գաղափարը եւ անոր գերագոյն նպատակներուն համար իրենց կեանքը զոհաբերած նահատակներուն պատգամը։

Հայերէն բացման խօսքով Սեւանայ Հալլաճեան անդրադարձաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-ամեայ անխոնջ աշխատանքին՝ յանուն հայ ժողովուրդի բարօրութեան, հայրենիքի կերտման եւ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրականացման ։

Գեղարուեստական յայտագիրին բացումը կատարեց Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, որ յաջորդաբար, քառաձայն երգեցողութեամբ ներկայացուց «Առաքել Մուշեղ», «Թիկունքդ Լայն», «Ելիր Ի Զէն” , “Սիրիայից Շուշի” երգերը։ “Մեզ Միացնողը Դաշնակցութիւնն Է” երգին մենակատարն էր Եղիա Քիլէճեան։ Երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարն էր մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան_Տէրեան, դաշնամուրով խումբին կ՛ընկերակցէր դաշնակահար Լիզէթ Սերայտարեան,Աւընեան։

Այնուհետեւ Վիգէն Չաղլասեան Անդրանիկ Ծառուկեանէն եւ Պարոյր Սեւակէն բանաստեղծութիւններու համադրում մը ասմունքեց։ Սրահը քար լռութեամբ հետեւեցաւ Չաղլասեանի ասմունքին, որ ամոքեց ցաւոտ սրտերն ու մարելով յուսահատութեան նշոյլները՝ պայքարի ոգի ներշնչեց։

Հանդիսավարներ Սագօ Խալոյեան եւ Քրիստին Համմասեան, Պերճ Պօղիկեանի պատրաստած ՀՅԴ պատմութիւնը ամփոփող տեսերիզի ցուցադրութեան առընթեր, ներկայացուցին Դաշնակցութեան 131-ամեայ գործունէութիւնը։

Շրջանի խօսքը արտասանեց տոքթ․ Ռուբէն Գէորգեան։ Ան անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ անցնող երկու տարիներուն կազմակերպութեան ջանքերուն շնորհիւ իրականացած քաղաքական, պետական-յարաբերական, ցուցական-քարոզչական եւ համայնքային աշխատանքներուն, ապա եզրափակելով ըսաւ, որ կազմակերպութիւնը յանուն ժողովուրդին եւ հայրենիքին պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ 131-ամեայ իր երթին՝ նորանոր նուաճումներու ձգտելով։ (տոքթ․Ռուբէն Գէորգեանի խօսքը ամբողջութեամբ տեսնել «Գանձասար»ի Նոյեմբեր Բ. համարի 6-րդ էջին վրայ)։

Ընթերցուեցաւ այս առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շնորհաւորագիրը։ Շնորհաւորագիրներ յղած էին նաեւ հալէպահայ միութիւնները։

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Ան օրուան խորհուրդին ընդմէջէն ամփոփ վերլուծում մը կատարեց հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակին, ապա Դաշնակցութեան ուղին եւ տարած աշխատանքները պարզեց ժողովուրդին։

Անդրադառնալով Սփիւռքի մէջ թրծուած դաշնակցական երիտասարդութեան, բանախօսը, ըլլալով Հալէպի զաւակ եւ վերապրողներու սերունդի ժառանգորդ, յայտնեց, որ յանձնառու հայորդիներս, հայրենազուրկ սերունդի ամէն դառնութիւն եւ աքսոր ճաշակած, ապրած ենք անկախ Հայաստանի երազով, իսկ Հալէպը որպէս հայակերտման գլխաւոր հնոց մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ կերտած է Հայ Դատի պայքարի աննահանջելի վճռակամութիւն:

Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ Հայաստան ու Արցախ շարունակական գործուղումներուն եւ ազգային պարտականութիւններուն բերումով, ան դարձած է հայրենի եւ սփիւռքահայ մարդու միաձուլուած մէկ կերպար, որ իւրաքանչիւր հայրենակեդրոն հայորդիի էութիւնը կը հանդիսանայ այսօր։

Այնուհետեւ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց հայ քաղաքական կեանքին պարզած պատկերը 1980-ականներուն վերջաւորութեան եւ 1990-ականներու սկիզբը, դիտել տալով, որ վերջին երեսուն տարիներուն Հայաստանի անկախ պետականութիւնը վերահաստատած, Արցախը ազատագրած, ջաւախահայութիւնը վերաշխուժացուցած եւ Սփիւռքը հայրենակեդրոն ու պահանջատէր դարձուցած մեր ժողովուրդը արդարօրէն ցնծութեան պահեր կ’ապրէր, իսկ ՀՅԴ-ն իր առիւծի բաժինը բերած էր այդ ձեռքբերումներու իրականացման մէջ՝ ի գին մեծ զոհողութեանց։

Անդրադառնալով արցախեան վերջին պատերազմին, բանախօսը դիտել տուաւ․

«Պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած, նուիրուած էինք հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին չորս ուղղութիւններով՝

• Մարդոյժ – պահեստազօր
• Քաղաքական համաշխարհային զօրաշարժ
• Քարոզչական պատերազմ
• Նիւթական օժանդակութիւն

Հիասթափութիւնը ճնշող էր մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններու շղարշը պատռեցաւ եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ անցեալ տարուան 9 Նոյեմբերին»:

Ապա Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ յանուն ազգային պետականութեան վերականգնումին ընդդիմութեան տարած աշխատանքներուն, մեր հայրենիքին դիմագրաւած նորագոյն մարտահրաւէրներուն, ինչպէս՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կծիկին, սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացներուն, Հայաստանի գերիշխանութեան սպառնացող եւ Սիւնիքի կորստեան վտանգներուն ու ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան մօտեցումները այս մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ի խնդիր։

Եզրափակելով Տէր Խաչատուրեան ըսաւ․ «Այսօր Հայաստանի մէջ կը վերսկսի ժողովրդային դիմադրութեան շարժումը, որուն կը միանան Արցախն ու սփիւռքահայութիւնը, որպէսզի ժամանակաւոր պարտութիւններու էջը փակենք եւ շարունակուող պատերազմին յաղթանակը վերանորոգ թափով ապահովենք:

Անկախ պետականութիւնը ՀՅԴ-ի համար բարձրագոյն ու բացարձակ արժէք է: Ամէն զոհողութիւն արդարացուած է պաշտպանելու համար այդ անկախութիւնը եւ իր հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդին ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը»: (Բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ տեսնել՝ «Գանձասար» ի Նոյեմբեր Բ. Համարի 4-րդ էջին վրայ):

Սուրիոյ Հայ Առաքելական Համայնքի պետ Գերշ․ Տէր Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան իր սրտի խօսքը արտասանելով վեր առաւ 131 տարիներու ընթացքին դաշնակցական հերոսներուն զոհողութիւնը եւ Դաշնակցութեան մտքի տիտաններուն՝ հայրենիքի պաշտպանութեան, սերունդներու դաստիարակութեան եւ ազգային, հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման համար սփռած լոյսը։

«Դաշնակցութիւնը ուր որ ալ գնաց պաշպանեց հայը եւ հայութեան իրաւունքը։ Ցիրուցան եղած ժողովուրդ էինք, թափառական ժողովուրդ, Դաշնակցութիւնը տիրութիւն ըրաւ ժողովուրդին, յեղաշրջեց պատմութեան ընթացքը ու դէպի յաղթանակ առաջնորդեց զինք։ Դաշնակցութեան հիմնադիրները մեզի հայրենիք կտակեցին, պաշտպանեցին մեր հաւատքը, մեր լեզուն, մեր հայրենիքը։ Այս կազմակերպութիւնը հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը բարձր պահեց, կերտեց սերունդներ, որոնք ամենուր պաշտպանները հանդիսացան հայութեան։

«Բոլորս ալ երէկ հետեւեցանք նահատակներու յուշակոթողի բացման արարողութեան։ Նահատակ մեր տղաքը Հալէպի հայկական մեր թաղերը պաշտպանեցին։ Անոնք արիութեան այս դաստիարակութիւնը հո՛ս, ա՛յս միջավայրին մէջ ստացան եւ մեզ պաշտպանելէ ետք գացին պաշտպանելու մեր նուիրական հայրենիքը, Հայաստանը եւ Արցախը։ Փառք իրենց, փառք բոլոր մարտիկներուն, որոնք հերոսական զոհողութեամբ կը պաշտպանեն մեր արժէքները, մեր սրբութիւնները», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ ՀՅԴ քայրեգով։


Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան