կարևոր
1942 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-09-05 16:14
Հասարակություն

Սեպտեմբերի Երկուքը` Նոր Դարձակէտ

Սեպտեմբերի Երկուքը` Նոր Դարձակէտ

Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձին առիթը համահայկական զօրաշարժի առիթ հանդիսացաւ: Աւելի քան երկու տասնեակ վայրերու մէջ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռքեան գաղութներ, հայերը մեծաթիւ հաւաքուեցան, բողոքեցին ու պահանջներ ներկայացուցին: Անմիջական շարժառիթը` Արցախի շրջափակումը եւ Լաչինի միջանցքի փակ մնալը, բնականաբար լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացուց, սակայն պէտք չէ մոռնալ ինը ամիսներէ ի վեր շարունակուող ակներեւ անարդարութեան քաղաքական շարժառիթը: Ազրպէյճան վճռած է օրինական թէ ոչ օրինական բոլոր միջոցներով վերջ տալ Արցախի Հանրապետութեան գոյութեան, հայերէ դատարկել Արցախը եւ զայն կցել Ազրպէյճանին: Այս նպատակին գործնականացման համար Ազրպէյճան կարիքը ունէր իրաւական պատրուակի մը, զոր Նիկոլ Փաշինեան անզգուշութեամբ հայթայթեց, երբ առանց ապահովելու փոխադարձ համապատասխան զիջում մը, յայտարարեց` Արցախը մաս Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան: Անշուշտ կայ Արցախի հայութեան իրաւունքներուն վերաբերող հայաստանեան պահանջ մը` անորոշ ու անյստակ, ամէն պարագայի իր մէջ չներառնող ամէն ժողովուրդի իրաւունք հանդիսացող ինքնորոշումը:

Ամբողջ հայութիւնը, Արցախի անկախութեան օրուան նշումը դարձնելով բողոքի եւ պահանջատիրութեան առիթի, մերժեց Արցախի հարցին լուծարման ընթացակարգը, ահազանգ հնչեցուց եւ Արցախի հերոսական ժողովուրդին փոխանցեց իր զօրակցութեան հաւաստիքը:

Երեւանի ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքը, սեպտեմբեր 2-ի երեկոյեան, իր բնոյթով արտակարգ էր: Հայաստանի ժողովուրդի ստուար զանգուած մը եկաւ ցոյց տալու, որ ազատութեան, անկախութեան, ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան ոգին չէ մեռած: Ծովածաւալ բազմութիւնը ցոյց տուաւ, որ պատրանաթափութիւնը, պարտուածի հոգեբանական ընկճուածութիւնը, տեղատուական նկրտումները վերջ գտած են, ու Հայաստանի ժողովուրդը վերագտած է իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարի ուղին: Այդ ուղին էր, որ ապահովեց Արցախի ու Հայաստանի անկախութիւնը, 1990-ական թուականներու առաջին կէսի փառաւոր յաղթանակները: Պայքարելու այս տրամադրութիւնը` վերջապէս վերադարձած, պէտք է հունաւորուի եւ ծրագրուած յաջորդականութեամբ գործնապէս առաջ տարուի:

Ինչպէս 1988-ին, պայքարի նոր հոլովոյթին մեկնարկը կը տրուի Արցախէն: Արդարեւ, 1 սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան իր հրաժարական նամակը յանձնեց Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանին: Այս հրաժարականը նախապատրաստուած էր Սահմանադրական փոփոխութեամբ մը, որ ստիպողական պայմաններու առկայութեան` Ազգային ժողովի իրաւունք կը վերապահէ երկու երրորդ մեծամասնութեամբ ընտրելու պետութեան նախագահը: Օրէնքը կը տրամադրէ, որ երեք օրերու ընթացքին Ազգային ժողովը պէտք է ընդունի հրաժարականը, ապա յաջորդող եօթը օրեր ետք ընտրէ նոր հանրապետութեան նախագահ: Ոմանք կ՛ըսեն, որ խորհրդարանին կողմէ ընտրուած նախագահը պիտի չունենայ այն օրինաւորութիւնը եւ հեղինակութիւնը, որ ունէր ժողովրդային ընդհանուր քուէարկութեամբ ընտրուած արդէն նախկին նախագահը: Օրինաւորութեան աղբիւրը Սահմանադրութիւնն է ու անոր անշեղ գործադրութիւնը: 2020-ի մարտին իր ընտրութենէն, մայիսին պաշտօնի ստանձնումէն չորս ամիս ետք Արայիկ Յարութիւնեան դէմ յանդիման գտնուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին, պարտութեան, երկրի երկու երրորդի կորուստին, ապա շրջափակումին: Անցնող երեք տարիներուն ան չյաջողեցաւ ինքնուրոյն ու քաջ ղեկավար մը դառնալ ու մնայուն կերպով, իր ընտրութեան օժանդակած Նիկոլ Փաշինեանի հետեւորդը մնալ: Նոյնիսկ երբ Նիկոլ Փաշինեան յայտնապէս Արցախին վնասող քայլերու դիմեց ու ապակողմնորոշող յայտարարութիւններ կատարեց, Արայիկ Յարութիւնեան չյանդգնեցաւ հակադրուիլ անոր:

Արցախի նախագահին փոփոխութիւնը անոր քաղաքական կողմնորոշման փոփոխութեան եւ յստակեցման պիտի առաջնորդէ: Յստակ է, որ Հայաստանի իշխանութիւններէն կախուածութիւնը պիտի վերջ գտնէ, ու Արցախը իր անկախական ուրոյն դիմագիծը հրապարակայնօրէն պիտի դրսեւորէ: Ինչպէս կ՛ըսէ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատարի դերը ստանձնած Դաւիթ Իշխանեան, երկու հանրապետութիւններու միջեւ հակասութիւններու գոյութիւնը չ՛ենթադրեր յարաբերութիւններու խզում: Ընդհակառակը, յարաբերութիւնները, որոնք վերածուած էին Հայաստանի վարչապետին ու Արցախի նախագահին միջեւ միակողմանի կապին, հիմա պիտի ստանան հաստատութենական աւելի օրինաւոր ձեւ, ուրիշ խօսքով` Արցախի ժողովուրդին ձայնը լսելի պիտի դառնայ ու ազդէ քաղաքականութեան սահմանումին վրայ:

Յառաջիկայ ժամանակաշրջանը յղի է նորութիւններով: Յուսանք, որ բարերար ըլլան այդ նորութիւնները:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com