Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ռուսական «Վակներ» ստորաբաժանման դիմած ապստամբական գործողութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ: Արագ բռնկման եւ նոյնքան հանգուցալուծման պատճառները տակաւին պարզ չեն:
Քաղաքական հետեւանքներ կ՛արձանագրուին անպայման: Անվտանգային մարզի կարեւորագոյն պաշտօնատարներու փոփոխութիւնները չեն բացառուած, հակառակ անոր որ պաշտօնական յայտարարութիւններով կը հաստատուի, որ անվստահութեան հարց գոյութիւն չունի սկսելու համար պաշտպանութեան նախարարին նկատմամբ որուն դէմ էր ուղղուած հիմնականին մէջ Վակների ապստամբութիւնը:
Ստորաբաժանումները վերադարձած են իրենց ճամբարները: Խնդիրը, աւելի ճիշդը` նման գործողութիւններու դիմելու ենթահողը չէ չէզոքացուած սակայն: Մոսկուան առաջադրանք ունի վնասազերծելու ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու յատուկ առաջադրանք ունեցող նման ստորաբաժանումները:
Ռուսիան ուրեմն, ընդհանրապէս թէ՛ արտաքին ճակատի վրայ պատերազմը շարունակելու, թէ՛ ներքին առումով նման հաւանական ապստամբութիւններ կանխարգիլելու յատուկ ռազմաքաղաքականութիւն իրականացնելու հրամայականին առջեւ կանգնած է:
Այս բոլորին մէջ պէտք է շատ ճշգրիտ աշխատցնել հայկական ոսպնեակը: Ռուսիոյ թուլացումէն մեր պարագային առաջինը կ՛օգտուի Ազրպէյճանը: Ո՛չ Ուաշինկթընի բարձրացուցած միջազգային երաշխիքներու տեսութիւնը, ո՛չ եւրոպական բարձրագոյն ատեաններէն հնչած Ազրպէյճանը դատապարտող կոչերը, ո՛չ ալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները կրնան պաշտպանել Արցախի ժողովուրդը, որ Հակարիի կամուրջի շախաղուած փակումով ամբողջովին շրջափակուած է:
Ռուսիոյ ներքին անկայունութեան իրավիճակով գերխանդավառուող շրջանակները հայկական ոսպնեակով իրադարձութիւնները դիտարկելու պարագային կը համոզուին, որ նման պայմաններու մէջ ռուսական դիրքերու տկարացումը տարածաշրջանին մէջ կը բարձրացնեն Ազրպէյճանի` առիթէն օգտուելու կարելիութիւններու աստիճանաչափը:
Թուրքիոյ նախագահը առաջինն էր, որ իր ռուս գործընկերոջ ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէր: Զօրակցելու երեւոյթը կը յիշեցնէր շրջուած ձեւով ռուսական զօրակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ փորձուած զինուորական յեղաշրջման առիթով:
Այս անվերապահ ու ամբողջական զօրակցութիւնը աննկատ չ՛անցնիր Միացեալ Նահանգներու կամ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին կողմէ: Անոնք բաւարարուեցան ընդգծելով, որ արտաքին միջամտութիւն, խրախուսանք կամ մասնակցութիւն գոյութիւն չունի Ռուսիոյ մէջ կատարուածին առումով:
Հայկական ոսպնեակով ուրեմն, որքան ալ պարզ դառնայ ռուս-թրքական դաշինքի հաստատման միտումը, այդուհանդերձ նոյնքան յստակ է, որ Արցախի պաշտպանական գիծը այսօր ռուս խաղաղապահներն են: Այդ պաշտպանական գիծի վերացումը առանց որեւէ այլ երաշխիքի յստակացման ցեղային զտումի օրակարգը կ՛առարկայացնէ:
Այդ պաշտպանական գիծի առկայութեամբ հանդերձ Արցախը այսօր ամբողջական շրջափակման տակ յայտնուած ըլլալով, ենթակայ է ցեղային զտումի:
Այս հանգամանքներէն մեկնած առաջնային օրակարգը Արցախը ապաշրջափակելն է: Պաշտօնական Մոսկուայի վերջին յայտարարութեան մէջ կար հասցէականութիւն եւ ակնկալութիւն Ազրպէյճանէն` վերացնելու շրջափակումը:
«Վակներ»-ի ստորաբաժանումները վերադարձած են իրենց ճամբարները: Ցնցուած է սակայն Ռուսիոյ կայունութիւնը, արտաքին պատերազմին վրայ աւելցնելով ներքին մարտահրաւէր մը: Իրադարձութիւնները գերարագ են: Համապատասխան կշռոյթով պէտք է դիտարկում կատարէ հայկական ոսպնեակը` արագ դատումներ չընելու եւ անհիմն դիրքորոշումներ չարձանագրելու համար, որոնք կրնան ճակատագրորոշ հետեւանքներ ունենալ տարածաշրջանին եւ մեզի համար:
«Ա.»
aztagdaily.com