Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարզ դարձուց, որ քննարկումի մէջ է հայ-ազրպէյճանական սահմանի հայաստանեան հատուածին մէջ ԵԱՀԿ-ի դիտորդներ գործուղելու թեման:
Պաշտօնական Երեւանը կ՛ակնկալէ, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը փաստահաւաք բաժին կ՛ունենայ. եւ` փաստերը կը վկայեն, որ այն պնդումները, թէ տեղի ունեցած է եւ կը շարունակուի տեղի ունենալ ազրպէյճանական զօրքերու ներխուժում Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու ուղղութեամբ, կը համապատասխանեն իրականութեան: Հայկական կողմը ակնկալութիւն ունի, որ այս առաքելութեան կը վերագրուի նաեւ նոր յարձակումներ կանխարգիլելու անհրաժեշտ գործառոյթ:
Այս յայտարարութեան զուգակցուած է երկրորդ մը. ՀԱՊԿ-ը Հայաստանի դիմումին հիման վրայ որոշում կայացուցած է նախնական դիտորդական կամ փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկել: Անհրաժեշտ է գումարել ՀԱՊԿ-ի խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին կը քննարկուին նոր առաքելութեան գործուղման մանրամասնութիւնները: Այս պարագային կայ նաեւ հայկական կողմի ակնկալութիւնը, որ դաշնակից պետութիւնները տան գնահատական` Հայաստանի գերիշխան տարածքներու ուղղութեամբ իրականացուած ներխուժումին մասին:
Յայտարարութիւններուն երկու ուղղութիւններուն մէջ կան երանգային տարբերութիւններ: Առաջինի պարագային չ՛ակնկալուիր քաղաքական գնահատանք, Երկրորդի պարագային ակնկալութեան մէջ կայ քննադատութիւն Մոսկուայի նկատմամբ, որ հասցէականութիւն չէ ներառած իր յայտարարութիւններուն մէջ:
Երկրորդ տարբերութիւնը այն է, որ ԵԱՀԿ-էն կ՛ակնկալուի նոր յարձակումներ կանխարգիլելու գործառոյթ: Կանխարգիլումը բնականաբար դիտորդական առաքելութեամբ միայն բաւարար չէ իրականացնելը: Յաւելեալ գործիքակազմ կ՛ենթադրէ` զսպիչ գործառոյթներ ներառելու առումով:
Փաստահաւաքումն ու դիտորդականութիւնը երկու պարագային է. երկրորդին պարագային յաւելեալ կանխարգիլման գործառոյթներու ակնկալութիւն չկայ:
ԵԱՀԿ-ին նման առաքելութիւն վստահելու մասին առաջին անգամ ակնարկ կատարեց Ֆրանսայի նախագահը, երբ խօսեցաւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին մէջ միջազգային կառոյցներ ներառելու կարեւորութեան մասին, օրինակ տալով ՄԱԿ-ն ու ԵԱՀԿ-ը:
Եթէ արձանագրենք նաեւ, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդներ արդէն կը գտնուին պետական սահմանի հայաստանեան հատուածին վրայ, պարզ կը դառնայ այն սուր մրցապայքարը, որ տեղի կ՛ունենայ տարածաշրջանին ուղղութեամբ մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպայի, միւս կողմէ` Ռուսիոյ միջեւ: Այստեղ ածանցեալ դիրքի վրայ են Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, որոնք այս փուլին կ՛ուզեն հարցերը լուծել Մոսկուայի հետ համագործակցելով: Փաստօրէն, դիտորդներ չկան սահմանի ազրպէյճանական հատուածին վրայ: ՀԱՊԿ-ի ժամանելիք դիտորդական առաքելութեան վայրը եւս հայաստանեան հատուածին վրայ է: Եթէ ՀԱՊԿ-ի ուշացումը կը բացատրուի նշուած համագործակցութեամբ, ապա հակառակ կողմի շտապողականութիւնը եւ գործուղման արագութիւնը ուշագրաւ են: Հարցական կը մնայ ՀԱՊԿ-ի գործող նախագահութեան դերակատարութիւնը: Իսկ այդ առումով տրամաբանօրէն Երեւանին կը վերագրուի խորհուրդի նիստ հրաւիրելու նախաձեռնութիւնը: Երեւոյթ մը, որ արձանագրուեցաւ Ղազախստանի դէպքերուն առիթով, երբ Հայաստանը յայտարարեց, որ իր նախագահութեան օրով իմաստաւորուեցաւ ՀԱՊԿ-ի կառոյցը շտապ արձագանգումով եւ համապատասխան քայլ առնելով:
ԵԱՀԿ-ի առումով դիտարժան է նաեւ ԵԱՀԿ-ի մէջ ամերիկացի դեսպանին յայտարարութիւնը, թէ իր երկիրը վճռականօրէն կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի վստահութեան ամրապնդման եւ հակամարտութիւններու կանխարգիլման գործիքներու աշխուժացման: Այստեղ եւս կը խօսուի նոր յարձակումներու կանխարգիլման գործիքակազմի անհրաժեշտութեան մասին, ինչ որ զուտ դիտորդական առաքելութեան իրաւասութեան մէջ չի սահմանափակուիր:
Կը թուի, որ այս բոլորը կ՛ընթանան առ ի նախապատրաստութիւն սահմանազատման եւ սահմանագծման օրակարգի կատարումին: Մտահոգիչը այս հետեւողութեամբ հետեւեալն է: ԵԱՀԿ-ը լիազօրուած էր իր Մինսքի խմբակի համանախագահական ձեւաչափով միջնորդելու արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին: Հիմա լիազօրութեան դաշտի վերաձեւաւորում տեղի կ՛ունենայ այս ձեւով, գէթ երեւութապէս ոչ թէ համալրելով ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւնը, այլ շառաւիղային փոփոխութիւն կատարելով: Ինչ որ Արցախի խնդիրը խնամքով շրջանցելուն համազօր է:
«Ա.»
aztagdaily.com