կարևոր
2884 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-10-24 12:07
Քաղաքական

Ակնարկ. «Անլուծելի Խնդիրներու Կեդրոն»-ին Առթած Մտավախութիւնը

Ակնարկ. «Անլուծելի Խնդիրներու Կեդրոն»-ին Առթած Մտավախութիւնը

Անգարան եւ Պաքուն անհանգստացած են ԵԱՀԿ-ի առած քայլերով` Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծին ուղղութեամբ: Նկատենք անմիջապէս, որ ԵԱՀԿ-ի դիտորդական առաքելութիւնը գործուղուած է սահմանագիծին հայաստանեան կողմը: Ազրպէյճանը դիմում չէ կատարած ԵԱՀԿ-ին այս առումով: Ընդհակառակը դէմ է, որ նման ձեւաչափով առաքելութիւն իրականացուի իր եւ Հայաստանի սահմանային գօտիին մէջ:

Այս գործողութիւններուն դէմ է նաեւ Անգարան, որ միջնորդական թէ դիտորդական առաքելութիւնները կը դիտարկէ Անգարա-Մոսկուա ընդհանուր համաձայնութիւններու շրջածիրին մէջ:

Փաստօրէն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ, որ ԵԱՀԿ-ը ինքզինք «անլուծելի խնդիրներու կեդրոն» հռչակած է, եւ թէ` Հայաստանի վերաբերեալ վերջին որոշումը կը հակասէ կազմակերպութեան պահանջներուն եւ լիազօրութիւններուն: Սեփական դիրքորոշումը պարտադրելու փորձը եւ գոյավիճակի ձեւաւորումը անընդունելի է: Իսկ այսօր առաքելութիւն կամ դիտորդներ ուղարկելով ԵԱՀԿ-ը կը փորձէ անտեսել Ազրպէյճանի դիրքորոշումը: Չաւուշօղլուի համոզումով` Հայաստանին աջակցելու ցանկութիւն կայ:

Թուրք նախարարը չէ մոռցած վերստին յիշեցնելու Հայաստան-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացներուն փոխկապակցուած ըլլալը` ընդգծելով, որ այս յարաբերութիւններու բնականոնացումէն ամէնէն շատ Եւրոպան է, որ կը շահի:

Ըսուածը շատ պարզ է: ԵԱՀԿ-ը թող չմիջամտէ այս գործընթացներուն: Կ՛ընթանան բանակցութիւններ եւ այդ բանակցութիւններու արդիւնաւորումով Եւրոպան շահաւոր դուրս կու գայ: Յայտարարութեան մէջ ամէնէն մտահոգիչ կէտը, որ կ՛ընդգծուի, այն է, որ ԵԱՀԿ-ը նոր գոյավիճակ (սթաթիւս քօ) կը ստեղծէ շրջանին մէջ, ինչ որ կը խանգարէ թուրքեւազրպէյճանական շտապողականութիւնը: Նոր գոյավիճակի ստեղծման մտահոգութիւնը Անգարայի ներկայացուցիչը բանաձեւած է անլուծելի խնդիրներու կեդրոն բնութագրելով ԵԱՀԿ-ը:

Թրքական անհանգստութիւնը կ՛երեւայ նաեւ Պաքուի պետական շրջանակներուն մէջ: ԵԱՀԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի ներկայացուցչութիւնը ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի մէկ նիստին յայտարարութիւն տարածած էր, ուր կը մեղադրէ ԵԱՀԿ-ն միակողմանի որոշումներ կայացնելու մէջ եւ կը սպառնայ չքննարկել կառոյցի յաջորդ տարուան նախահաշիւի նախագիծը:

Ազրպէյճանական յայտարարութիւնը փորձ կը կատարէ Եւրոպական Միութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ը իրար հակադրելու` ընդգծելով, որ ԵԱՀԿ-ի առած քայլերը կը հակասեն Փրակայի համաձայնութիւններուն, ըստ որոնց` սահմանագիծ կը գործուղուէր Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը:

Պաքուի պաշտօնական յայտարարութիւնը աւելի հեռու կ՛երթայ: Կը հաստատէ, որ ԵԱՀԿ-ի առած միակողմանի քայլը հետագային կը սահմանափակէ ԵԱՀԿ-ին` իբրեւ տարածաշրջանին մէջ միջնորդի դերը եւ աւելիով կը նուազեցնէ վստահութիւնը այդ կազմակերպութեան նկատմամբ, եւ որուն հեղինակութիւնը արդէն իսկ վնասուած է, որովհետեւ կրկնակի չափանիշեր գործածելէ եւ Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանական տարածքներու «գրաւումէն» բացի ոչինչով զբաղած է:

Այսքան ծանր ամբաստանութիւններ ԵԱՀԿ-ի հասցէին: Պաքուն այս ձեւով կը հաստատէ, որ ԵԱՀԿ-ն միակողմանի քայլերու կը դիմէ, աջակցելով Հայաստանին: Աւելի՛ն. կը յայտարարէ, որ մինչեւ այժմ արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւններու ընթացքին ԵԱՀԿ-ը ոչինչ ըրած է բացի կրկնակի չափանիշեր կիրարկելէ եւ Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանական «գրաւեալ» տարածքները ընդունելէ:

Ուղերձը ԵԱՀԿ-ի դերակատարութեան մերժումն է, ո՛չ միայն ներկայ սահմանագծման-սահմանազատման գործընթացին մէջ դեր ստանձնելէ, այլ նաեւ` ԵԱՀԿ-ի միջնորդական ձեւաչափի արցախեան հակամարտութեան ուղղութեամբ վերագործարկման: Փրակայի գործընթացին եւ անկէ բխած Եւրոպական Միութեան առաքելութեան համաձայն է Պաքուն, մինչ կտրուկ կը մերժէ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը, զոր Անգարան եւս անլուծելի խնդիրներու կեդրոն կը նկատէ: Այս տարբերութիւնը, որ կը ցուցաբերեն Անգարան եւ Պաքուն` Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՀԿ-ի միջեւ ունի իր բացատրութիւնը անշուշտ:

Եւրոպական Միութիւնը որքան ալ միջնորդական զուգահեռ ձեւաչափ է, այդուհանդերձ թուրքեւազրպէյճանական ընկալումով կը փոխարինէ ԵԱՀԿ-ը, որ այս պարագային թէ՛ Անգարայի եւ թէ՛ Պաքուի յայտարարութիւններով նոր գոյավիճակ ստեղծելու ընթացքին մէջ է. երկուքը նաեւ կը յիշեն արցախեան հակամարտութեան միջնորդական ձեւաչափը, որ տակաւին հանգուցալուծման չէր հասած եւ իբրեւ այդպիսին չէր աւարտած իր առաքելութիւնը: Իսկ նոր գոյավիճակը կը խանգարէ թուրքեւազրպէյճանական շտապողականութիւնը:

«Ա.»

aztagdaily.com