կարևոր
4603 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-28 17:15
Քաղաքական

Ազգային ուժերու համախմբումով կարող ենք բեկանել պատմութեան ընթացքը. Հակոբ Տեր-Խաչատուրյան

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյանի ելույթը պետականության վերականգնման 105-ամյակին նվիրված միջոցառման ժամանակ.

Սիրելի ժողովուրդ,

Մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք հայոց հրաշափառ յարութիւնն էր: Մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն յաղթանակն է Մայիս 28ը, որմով ապահովուեցան մեր ժողովուրդի գոյատեւումը եւ աշխարհի քարտէսին վերադարձած իր անկախ հայրենիքին մէջ ապրելու եւ զարգանալու հնարաւորութիւնը:

Օրհասական այդ օրերուն հայ ժողովուրդը կարողացաւ զարթնեցնել իր մէջ այն ուժականութիւնը, որ խիզախ եւ ներշնչող հայրենակերտ ղեկավարներու առաջնորդութեամբ, հայութիւնը վերածեց երկաթեայ բռունցքի:

Եւ տեղի ունեցաւ հրաշքը, բռնցքուած ժողովուրդը ետ մղեց թրքական բանակը եւ կերտեց հայկական Առաջին հանրապետութիւնը:

Դաշնակցութիւնը ստանձնելով երկրի ղէկը լծուեցաւ պետականութիւնը կազմակերպելու, յառաջդիմական հիմքեր հաստատելու եւ հայացնելու գործին: Անձեւ քաոէսէն կերտեց արդիական կարգեր, հասաւ ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացի կարիքներուն, հաստատեց հայեցի կրթութեան համակարգ եւ համալսարան, կարեւորեց հայ կանանց դերակատարութիւնը եւ 1919ին նոյնիսկ հռչակեց միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրականացման գործընթացը:

Այսօր ալ հայրենիքը ճգնաժամի մէջ է. բայց երբեմնի հայրենանուէր իշխանութեան փոխարէն ունինք պարտուողական, յանձնուողական եւ իր էութենէն դատարկուած պետական ղեկավարութիւն. 1918ի առաջնորդները նուիրումով եւ անսասան հաւատքով տոգորուած պատասխանատու անձինք էին, որոնք գերագոյն զոհողութիւներու գնով անհնարինը հնարաւոր կը դարձնէին. այսօր ալ լուծումը նոյնն է՝ մենք պարտաւոր ենք հաւատալ մեր ուժերուն, յաղթահարել հիասթափութիւնները եւ մերժել մեզ պարտադրուած կեղծ արժէքներն ու օրակարգերը:

Մենք Արցախեան ճակատի վերջին պարտութիւնը լոկ ճակատամարտի կորուստ կը նկատենք ու անպայման յաղթելու ենք շարունակուող պատերազմին.

Մենք Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան պարտուողական եւ յանձնուողական քաղաքականութեան կտրուկ դէմ ենք եւ անպայմանօրէն վերականգնելու ենք հայ ժողովուրդի մարտունակութիւնը եւ Մայիսեան գոյամարտերու օրինակով սխրանքներ գործելու կամքը.

Մենք կ’ապրինք այնպիսի տարածաշրջանի մէջ, ուր թոյլը չի կրնար գոյատեւել. մենք կարող ենք եւ պէտք է կերտենք ուժեղ պետութիւն՝ հզօր բանակով, որպէսզի զարգանանք առանց զիջելու. եւ պարտաւոր ենք կանխել որեւէ կենսական զիջումներ ենթադրող պայմանագիր, բացառելով առանց ժողովուրդի անմիջական մասնկացութեան որեւէ համաձայնութեան կայացում:

Եւ մենք կը խոստանանք դաշնակցականի վայել վճռակամութեամբ շարունակել պայքարը:

Այո, մենք տէրն ենք մեր հայրենիքին.

Այո, մենք պաշտպանն ենք Հայաստանի ու Արցախի բոլոր իրաւունքներուն, որոնցմէ որեւէ նահանջ անթոյլատրելի է.

Մենք մարտահրաւէրներէ երկնչողը չենք. մենք վստահ ենք, որ ազգային ուժերու համախմբումով կարող ենք բեկանել պատմութեան ընթացքը, ինչպէս կատարեցինք Սարտարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտներու արդիւնքով:

Եւ հանրապետութեան հիմնադիր Արամի յուշարձանի առջեւ հաւաքուածներս՝ այսօր կը վերանորոգենք մեր ուխտը ազատագրելու հայրենիքն ու հայութիւնը ամէն տեսակի կապանքներէ ու անիրաւութենէ:

Կեցցէ’ Հայաստանը,

Կեցցե’ն Արցախի հանրապետութիւնն ու Արցախահայութիւնը,

Կեցցէ’ աշխարհատարած ողջ հայութիւնը:

2023 Մայիս 28
Երեւան