Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Շաբաթ, 1 Յունիս 2019-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ արժանավայել հանդիսութեամբ յիշատակուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 101-ամեակը, կազմակերպութեամբ Հայ Երիտասարդական Միութեան:
Հայ ժողովուրդի յաղթական այս փուլը լուսարձակի տակ առնող սոյն ձեռնարկին իրենց ներկայութեամբ յատուկ երանգ տուած էին՝ այս առիթով Հայաստանէն ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Հոգեշնորհ Հայր Յովակիմ Աբեղայ Բանճարճեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Տատաղլեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, հայկական կազմակերպութիւններու, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Սրահի մուտքին, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը ազգային-հայրենասիրական երգերով դիմաւորեց հանդիսականները։
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սուրիոյ ու Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին անկախութեան ճանապարհին զոհուած հայ մարտիկներուն յիշատակը։
Հանդիսավարներ Վիգէն Չաղլասեան եւ Քրիստին Համմասեան յայտագիրի ընթացքին յաղթական մեր պատմութեան ականատես երեւելի դէմքերու խօսքերէն մէջբերումներ կատարելով առաւել հպարտութիւն ներշնչեցին:
Հայերէն բացման խօսքով Ծերուն Քահուէճեան ըսաւ, որ 100 տարի եւ աւելի անցած է փառապանծ այս յաղթանակէն, սակայն ամեակներն ու թիւերը չեն, որոնք պատմութեան հնչեղութիւն կու տան, այլ անոնց այժմէական անդրադարձը մեր ներկային: Ապա ան հաստատեց, որ սուրիահայութիւնը թէեւ կ’ապրի հայրենիքէն դուրս, սակայն անոր անբաժան մասնիկը ըլլալով միշտ կ’ապրի ու կը տագնապի հայրենիքին անվտանգութեան եւ գոյատեւման հրամայականներով:
Արաբերէն բացման խօսքով Աննա Պարսամեան ըսաւ, որ դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդը անսահման զոհողութիւններով, Օսմանեան Կայսրութեան վայրագութիւններուն դէմ դնելով մաքառեցաւ ու վերջապէս, 1918-ին, ազատ եւ անախ ապրելու իր երազը իրականացուց: Ապա դիտել տուաւ, որ սուրիահայութիւնը հպարտ ըլլալով նաեւ իր սուրիական ինքնութեամբ հաւատարիմ պիտի մնայ այս հողին, ժողովուրդին եւ վսեմաշուք նախագահին՝ միշտ նպաստելով երկրի վերելքին:
Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման փուլերն ու պետականաշինութեան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումները ներկայացուեցան տեսերիզի ցուցադրութեամբ ՝ «Ռուսական Նահանջէն Դէպի Հայաստան», «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն», «Հիմնադիրներ» եւ «Վարչապետներ» խորագրերով:
Գեղարուեստական յայտագիրով Շողեր Օհանեան-Քահքէճեան Առնօ Պապաճանեանի «Էլէկիա»ն նուագեց (դաշնամուր): Ապա հանդէս եկաւ մենակատար Մարիա Չիչեան՝ իր թովիչ ձայնով յաջորդաբար մեկնաբանելով «Երգ Կամաւորի» եւ «Քանքարաւոր Ընկեր» երգերը:
Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Յ.Թումանեանի «Հայրենիքիս Հետ» քերթուածով, զոր տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Գէորգ Շահինեան:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, յաջորդաբար ներկայացնելով «Իմ Հայաստան», «Հողին Երգը», «Երեւան» եւ «Սարդարապատ» երգերը:
Երիտասարդներու ակներեւ ներկայութիւնը,— ձեռնարկին կազմակերպումով, գեղարուեստական յայտագիրին մատուցումով, բացման խօսքերով, նոյնիսկ հանդիսականներու ջերմ ընդունելութեամբ,— կը խօսէր ազգային արժէքներու գիտակցութեան ու անոնց տէր կանգնելու նախանձախնդրութեան մասին։
Այս պանծալի տօնին առիթով խօսք առաւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան: Ան շնորհաւորելէ ետք ներկաները ըսաւ.«Մայիսեան հրաշափառ յաղթանակներուն համար որեւէ նախադրեալ գոյութիւն չունէր, ո՛չ տնտեսական, ո՛չ քաղաքական եւ ոչ ալ աշխարհաքաղաքական: Բոլոր հաշուարկները կը խօսէին այն մասին, որ 1918-ին հայ ժողովուրդը պէտք էր փակէր իր բազմադարեան պատմութեան ամենավերջին էջը: Հայ ժողովուրդը, սակայն, հաւատաց իր առաքելութեան ու բազկի զօրութեան, հաւատաց եւ սկսաւ կենաց մահու պատերազմ մղել, մարտնչել եւ յաղթել,արեան գնով մեզի փոխանցելով մեր կտոր մը հայրենիքը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Ահա այս է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան խորախորհուրդ պատգամը»:
Օրուան բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ անկախութեան խորհուրդին եւ քաղաքական ներկայ զարգացումներուն ու ըսաւ.« 28 Մայիսը՝ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն նուիրական էջը, արիւնով ու քրտինքով գրուեցաւ։ Անձեւ քաոսէն վերածնաւ մեր պետականութիւնը, Հայաստանը վերստին մաս կազմեց համաշխարհային ընտանիքին եւ հանդիսացաւ յառաջադէմ ու ընկերային արդարութեան վրայ ամրօրէն խարսխուած երկիր՝ ամէնէն դժնդակ պայմաններուն մէջ իսկ»:
Յակոբ ՏԷր Խաչատուրեան այնուհետեւ դիտել տուաւ, որ շուրջ երեսուն տարի առաջ, հոգեկան մեծ հրճուանքով ազատ ու անկախ Հայաստանին փոխանցեցինք սփիւռքեան աքսորի տարիներուն սրբութեան նման մեր պահպանած պետականութեան ու անկախութեան խորհրդանիշերը՝ եռագոյնը, օրհներգը, զինանշանը, ազգային գաղափարախօսութիւնը, բայց այդ հրճուանքը մերթ ընդ մերթ միախառնուեցաւ յուսախաբութեան հետ, երբ ՀՀ առաջին նախագահը քանդեց համահայկական համերաշխութիւնը եւ բաժանարար գիծեր ստեղծեց հայրենի ժողովուրդին շերտերուն եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ: Ապա յայտնեց, որ նմանօրինակ կացութիւն կ’ապրինք այսօր եւս, երբ հայրենիքի մէջ մեր ժողովուրդը սեւի ու ճերմակի բաժնելու ձգտումներ կը տեսնենք եւ երբեմն թոյն ու ատելութիւն կը տեղան հրապարակի վրայ փոխան սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան։ Վկայ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի, իր որդւոյն եւ թոռներուն հանդէպ ցուցաբերուած հակադաշնակցական անընդունելի մոլուցքը, որ պէտք էր դատապարտուէր իշխանութեան բարձրագոյն օղակներուն կողմէ, սակայն ցարդ կը սպասենք դատապարտումը:
Բանախօսը եզրափակելով միասնակամութեան կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդին, շեշտելով որ պէտք է ազգովին արժեւորենք եւ ձեռքէ խոյս չտանք Հայաստանի եւ Արցախի համար պատմական այս մեծ պատեհութիւնը՝ անկախութիւնը։ Պատրաստ ըլլանք զարգացնելու Հայաստանն ու Արցախը առանց զիջումներ կատարելու: Համախմբուինք մեր պետականութեան շուրջ ու դերերու արդար բաշխումով, զիրար ամբողջացնելով, բոլորին ուժերուն մէկտեղումով պահպանենք ու զօրացնենք մեր պետականութիւնը, զօրացնենք Արցախը, Ջաւախքը, Սփիւռքը՝ իրականացած տեսնելու մեր ազգային իղձերը։
(Բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք յաջորդիւ)։
Ընթերցուեցաւ միութիւններու, ինչպէս նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Սոցիալ, Դեմոկրատ, Հնչակեան Կուսակցութեան շնորհաւորագրերը։
Աւարտին խօսք առաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Հոգեշնորհ Հայր Յովակիմ Աբեղայ Բանճարճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ հայկական օրացոյցին մէջ նշուած ազգային գլխաւոր տօները, ինչպէս 301-ին Քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակումը, 451-ին Աւարայրի ճակատամարտը եւ 28 Մայիս 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը՝ դիտել տալով, որ բոլորն ալ պայքարի դրսեւորումներ են վասն Հայրենեաց եւ հաւատոյ։ Ապա Հայր Յովակին նկատել տուաւ, որ Աստուածաշունչի էջերուն մէջ իսկ լուսարձակի տակ առնուած է ազատութեան գաղափարը, որովհետեւ ազատութիւնը մարդ արարածին շնորհուած Աստուածատուր պարգեւ է, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի խլելու զայն մարդ արարածէն կամ ժողովուրդներէն։ Այդ իսկ պատճառով ինչպէս հայ ազգը, այնպէս ալ այլ ազգեր ու ժողովուրդներ պայքարած են յանուն իրենց ազատութեան եւ անկախութեան։ Տէր Յովակիմ այնուհետեւ կեդրոնացաւ երկու հիմնական գաղափարներու վրայ՝ Հայաստանի ներքին հզօրացման եւ մեր ժողովուրդի միասնակամութեան՝ ի Հայաստան, Արցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի։
Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ Տէր Յովակիմ Աբեղայ Բանճարճեանի «Պահպանիչ» աղօթքով։
Լուսին Ապաճեան-Չիլ Աբօշեան
«Գանձասար»