Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին ելոյթները պետական առաջնորդի անյարիր, չըսելու համար անվայել, դրսեւորումներ էին, որոնք միայն կը ծառայեն վարչապետական հանգամանքի նուաստացման հաչս ժողովուրդին եւ արտաքին աշխարհին։ Ցաւալիօրէն, այս իրողապէս առկայ երեւոյթը Հայաստանը նաեւ կը մղէ դէպի ժողովրդավարութեան վիժեցման ու սահմանադրական տագնապի խոցելի կացութիւններու։
Հետեւելով իր յաճախակիօրէն կրկնուող նոյնանման արտայայտութիւններուն, չենք կրնար համոզուած ըլլալ, որ վարչապետը իրազեկ չէ ներքին ցնցումներ պատճառող իր ելոյթներու խորքին ու տարողութեան։ Թերեւս ան անկարող է զանազանել այն պարզ իրականութիւնը, որ ընդդիմութիւնը կառավարութեան դէմ չէ, այլ՝ դէմ է որոշ բնագաւառներու մէջ կառավարութեան վարքագծին եւ գործունէութեան։ Որքան կառավարութիւնը, նոյնքան ալ ընդդիմութիւնը մտահոգ է երկրի ու ժողովուրդի վիճակով եւ յանձնառու է անոր բարելաւման։
Դժբախտաբար, վարչապետը եսակեդրոն մտայնութեամբ ու հոգեբանութեամբ կ՚ընկալէ թէ՛ խորհրդարանական եւ թէ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան աշխատանքներն ու առաջադրութիւնները։ Վարչապետը այսպիսի վերաբերմունք կը ցուցաբերէ յատկապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նկատմամբ։ Այդ վերաբերմունքը կ՚անցնի անտեսումէն մինչեւ գռեհկութեան մակարդի իջնող արտայայտութիւններ, ուր իր վարչապետական բառապաշարը կ՚աղքատացնէ «թարախ-բացիլ»ով, «քաղաքական մեռել»ով կամ «քաղաքական գերեզման»ով։
Միայն մենատիրական մտայնութեամբ ու հոգեբանութեան վարակուած քաղաքական առաջնորդ մը կրնայ այսպիսի սպառնական ու երեւակայական դրսեւորումներ ունենալ ընդդէմ Դաշնակցութեան նման ընդդիմութեան մը, որուն հաւատոյ հանգանակն ու գործունէութիւնը տեւաբար եղած են հայութեան համար ու ի սպաս Հայաստանի։
Բայց այս վարակուածութիւնը կը ներկայացնէ ախտանշանը աւելի խորին տագնապի մը, որ Դաշնակցութենէն անդին կ՚երթայ եւ կը հարուածէ ուղղակի երկրի սահմանադրական կարգն ու ժողովրդավարութիւնը։
Սահմանադրութեան տառին ու ոգիին եւ ժողովրդավար կառավարման առկայութեան հիմնական յատկանիշն ու գրաւականը ընդդիմութեան ազատ գոյութիւնն ու գործունէութիւնն է։ Խորհրդարանի ու կառավարութեան կողքին ու անոնց զուգահեռ ընդդիմութիւնը բաղկացուցիչ մասն է պետութեան։ Առանց կառավարութեան ու խորհրդարանի, ինչպէս եւ առանց անկաշկանդ ընդդիմութեան չեն կրնար գոյատեւել իրաւական պետութիւնն ու ազատ ժողովրդավարութիւնը։
Իրաւական պետութեան եւ ազատ ժողովրդավար դրութեան մէջ ուժը ի սկզբանէ կը պատկանի ժողովուրդին, որ տարբեր տարողութիւններով ու այլազան մակարդակներով կը մասնակցի երկրի ղեկավարման աշխատանքներուն։ Այս ինքնաբերաբար կ՚ենթադրէ, որ երկիրը պիտի ունենայ մեծամասնութեան կամքով առաջացած կառավարութիւն մը։ Մեծամասնութիւնը կը կազմուի «գլուխներ» հաշուելով՝ ոչ թէ գլխատելով։ Պիտի ըլլայ նաեւ փոքրամասնութիւնը, որ մեծամասնութեան ենթարկուելով հանդերձ պիտի արտայայտէ, պաշտպանէ ու հետապնդէ իր սեփական տեսկէտերը, որոնք յաճախ չեն համընկնիր մեծամասնութեան տեսակէտերուն։
Հետեւաբար, իրաւական պետութեան եւ ազատ ժողովրդավարութեան տակ մեծամասնութիւնը որոշիչն է երկրի վարքագծին, որուն պիտի ենթարկուին թէ մեծամասնութեան եւ թէ փոքրամասնութեան մաս կազմող քաղաքացիները։ Սակայն մեծամասնութիւնը եւ փոքրամասնութիւնը անցումային պիտակաւորումներ են։ Անոնք յարափոփոխ են ըստ քաղաքացիներու դիրքորոշումներուն։ Այսօրուան մեծամասնութիւնը կրնայ վաղը վերածուիլ փոքրամասնութեան, եւ փոխադարձաբար։ Այս յարափոփոխութեան ոգիին ու էութեան շարժիչ ուժերը կը հանդիսանան կառավարութիւնը եւ ընդդիմութիւնը։ Այսօրուան կառավարութիւնը կրնայ վերածուիլ վաղուան ընդդիմութեան, եւ փոխադարձաբար։
Այսօր, Հայաստանի մէջ այս ուժական (dynamic) փոխյարաբերութեան քանդումն է, որ տեղի կ՚ունենայ։ Մեծամասնութիւն հասկացողութեան այլակերպումը իրագործելու համար, օրուան իշխանաւորները ընդդիմութիւնը լռեցնելու եւ հասարակական ու քաղաքական ասպարէզէն դուրս մղելու գործին լծուած են։
Մեծամասնութեան ու ընդդիմութեան հասկացողութեամբ գոյութիւն ունին կառավարման երկու հակադիր դրութիւններ՝ «ժողովուրդի ժողովրդավարութիւն» (people's democracy) եւ ազատ ժողովրդավարութիւն։
«Ժողովուրդի ժողովրդավարութեան» տակ երկրի ամբողջ ժողովուրդը նոյնացուած են մեծամասնութեան հետ։ Այսինքն, փոքրամասնութիւն եւ ընդդիմութիւն գոյութիւն չունին եւ չեն կրնար ունենալ։ Այսպիսի ժողովրդավարութեան ներկայացուցիչներն են համայնավար վարչակարգ հաստատած երկիրները, ուր ցանկացած քուէարկութեան արդիւնքը 99 տոկոսը կ՚անցնի՝ ի նպաստ այն միայնակ թեկնածուին, որ քուէաթուղթին վրայ է։ Այսպէսով կը կազմուի «մեծամասնութիւնը»։ Այս մեծամասնութիւնը մնայուն է, անփոփոխ է։ Գոյութիւն չունի ընդդիմութիւն, որ հանդուրժելի ըլլայ «ժողովուրդի» ժողովրդավարութեան։
Ազատ ժողովրդավարութեան մէջ միատեղ կը գոյատեւեն ու կը գործեն թէ՛ մեծամասնութիւնը եւ թէ փոքրամասնութիւնը։ Մեծամասնութիւնը անպայմանօրէն միշտ ճիշդ չէ, իսկ փոքրամասնութիւնը անպայմանօրէն միշտ սխալ չէ։ Երկուքին միջեւ զանազանութիւնը յարափոփոխ է, քանի որ անսալով հակառակ տեսակէտներու, մեծամասնութեան մէկ մեծամասնութիւնը կը միանայ փոքրամասնութեան՝ առաջացնելու համար նոր մեծամասնութիւն։
Այս յարափոփոխութիւնը իրաւական պետութեան եւ իրաւ ժողովրդավարութեան գոյութեան ու գոյատեւման հիմնական երաշխաւորներն է։ Այդ յարափոփոխութեան կայացման ու իրականացման հիմնական դերակատարը ընդդիմութիւնն է։
Վարչապետ Փաշինեանի նախորդները, պոլշեւիկեան Հայաստանի ղեկավարներէն մինչեւ վերանկախացած Հայաստանի ղեկավարները առաւել կամ նուազ չափով հետամուտ եղած են «ժողովուրդի» ժողովրդավարութեան՝ կեղծ ժողովրդավարութիւն մը, որ իր կեղծութեան մերկութիւնը ծածկած է «ժողովուրդ» պիտակի թզենիի տերեւով։
Վարչապետը, սակայն, երկու տարիէ ի վեր կը գլէ ու կ՚անցնի իր նախորդներուն «ժողովրդավարութեան» սահմանները։ Անշուշտ, վարչապետը լաւատեղեակ է, թէ ո՞ւր կը կայանայ իր «ժողովուրդի ժողովրդավարութեան» բանալին։ Քանդել ու հրապարակէն դուրս վանել ընդդիմութիւնը, որպէսզի առաջացուի իր մնայուն «մեծամասնութիւնը»։
Այսօր, Հայաստանի վերեւ կը սաւառնի վարչապետական դիկտատուրայի ուրուականը, որ կը հիւծէ իրաւական պետութեան հիմերը եւ կը կրծէ ժողովրդավարութեան սիւները։
Սեդօ Պոյաճեան
Յունիս 12, 2020
Լոս Անճելըս