կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-18 14:03
Քաղաքական

Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Պարկըրի Վերընտրութեան

Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Պարկըրի Վերընտրութեան

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է զօրակցիլ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրի ընտրապայքարին, որ սկսած է պատրաստուելու Մարտ 2020ին տեղի ունենալիք գաւառի 5րդ ընտրատարածքի ընտրութիւններուն։

Նշենք, որ Պարկըր ներկայիս Լոս Անճելըս գաւառի 5րդ ընտրատարածքը կը ներկայացնէ վերահսկիչներու խորհուրդին մէջ։

«Հայ Դատը սերտ եւ արդիւնաբեր յարաբերութիններ ունի Պարկըրի հետ եւ վստահ ենք, որ յարաբերութիւնները նոյն մակարդակով պիտի շարունակուին, այս ընտրաշրջանի հայութեան ձայնը յստակօրէն հասցնելով վերահսկիչներու խորհուրդին», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։

Հայութեան ի նպաստ անոր քայլերէն մէկն է մէկ միլիոն տոլարի աջակցութեան ապահովումը Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանին։ Ան նաեւ ամէն տարի Ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակած է, մեծարելով շարք մը հայ քաղաքացիներ եւ կազմակերպութիւններ։

Պարկըր շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ցուցաբերած զօրակցութեան համար, զայն, ինչպէս նաեւ գաւառին հայերը վերահսկիչներու խորհուրդին մէջ ներկայացնելու առիթը պատիւ մը համարելով։

asbarez.com