Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Այսպէ՛ս, ուղղակի աքցանի մէջ բռնուողը Ստեփանակերտն է, իսկ Երեւանն ալ աքցանին կոթերը բռնողներէն մէկն է, որ կը ներկայանայ հորին մէջ պարան երկարողի դիրքէ:
Իսկ թէ այդ պարանով ապահո՞վ է հոր իջնելը, կամ կարելի՞ է անոր միջոցով ջուր դուրս բերել․․․։ Տրուած տեղեկութիւնները բազմաթիւ հարցադրումներու դիմաց դուռ կը բանան, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութեան գործունէութիւնն ու ձեռք բերած «շօշափելի» եւ «պտղաբեր» արդիւնքները։
Երբ Մոսկուան շարունակ կը կրկնէ այն յանկերգը, թէ առանց իր միջամտութեան եւ ներկայութեան՝ կարելի չէ լուծել արցախեան «Գորդեան հանգոյց»ը (անշուշտ իբրեւ հայ իրաւունք ունինք ապշահար դառնալու, տեսնելով, որ ռուս խաղաղապահ ուժերու քիթին տակ, Ատրպէյճանի բանակը անցարգել մը զետեղած է Արցախը Հայաստանի կապող ճամբուն վրայ, վերջ տալով Պաքուի իշխանաւորներուն հլու կամակատարներուն՝ այսպէս կոչուած «բնութեան պաշտպան»-ներու ներկայութեան), Ուաշինկթըն իր կարգին ձեռնածալ չէ մնացած եւ կ՛ուզէ մօտէն հետաքրքրուիլ Կովկասեան բարձրաւանդակի տագնապով։
Շաբաթներէ ի վեր, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն գործի լծուած էր եւ բարձր մակարդակի հանդիպումներ կազմակերպած, որպէսզի մեկնարկը տայ հաշտութեան համաձայնութեան, մրցելով Մոսկուայի հետ։
Այս նպատակով, Պլինքըն հեռաձայնային կապ հաստատած էր երկու երկիրներու ղեկավարներուն՝ բռնատէր Ալիեւի եւ «ազգընտիր» Փաշինեանի հետ եւ արծարծած՝ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուող նիստերուն վերաբերող հարցեր, որոնց շուրջ ահա դէմ դիմաց կը նստին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, նոյնինքն Պլինքընի կնքահայրութեամբ։
Քանի մը օրուան վրայ պիտի երկարին նախարարական հանդիպումները, որուն մեկնարկը տրուած ժամերուն, հետեւեալ փրոթոքոլային հաստատումը կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին կողմէ. «Մենք յոյս ունենք, որ այս շաբթուան ընթացքին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները անկեղծ ու ուղիղ քննարկումներ պիտի կատարեն՝ հարցերու կարգաւորման ճանապարհին։ Եւ մենք յանձնառու ենք աջակցելու այդ ջանքերուն»։
Հարց է, թէ ինչպիսի՞ ճկունութիւն պիտի կարենայ կիրարկել Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարը։ Հարցումը նո՛յնքան կարեւոր եւ անկիւնադարձային կշիռ ունի, որքան ունեցաւ Արցախեան պատերազմին մեծ յաղթականը՝ «Պայրաքտար»-ը…։
Միրզոյեան պիտի կարենա՞յ գոնէ «երկաթեայ շերեփ»-ի մը կոթը ունենալ ձեռքին, պահպանելու համար Արցախի (ու Հայաստանի) գէթ մնացորդացը, չիյնալով «կառուցողական քննարկումներու» ծուղակին մէջ։ Նախընթաց փորձառութիւնները կ’ըսեն, որ ան (եւ զինք Ուաշինկթըն առաքող «պոս»-ը) այս գործին մարդը չէ, կամքն ալ չունի: Այս իշխանութիւնը կամք ցուցաբերած է միայն… նահանջի եւ պարտութեան ճամբուն մէջ:
Պլինքըն շարունակ կը կրկնէ, որ Կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ, կայուն խաղաղութիւն կերտելու միակ ուղին՝ ուղիղ երկխօսութիւնն է, պէտք է գործի լծել դիւանագիտութիւնը։ Սակայն արեւու լոյսէն աւելի՛ յայտնի է, որ բաւարար չէ կողմերուն միջեւ հարթակ ստեղծելը, երբ ահաւասիկ հինգ ամիսէ ի վեր կղզիացած ու աշխարհէն կտրուած է Արցախը։ Կացութիւն՝ որ հետզհետէ աւելի՛ կը վատթարանայ. նորագոյն ապացոյցը՝ ազերի բանակին կողմէ պաշտօնապէս նոր անցարգելին հաստատումն է, իսկ անդին, մարդկային աղէտին ծալքերը կը բազմանան։
Ա․Մ․Ն․ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղակալ Վետանթ Փաթէլ մերթ ինքնավստահութեամբ եւ մերթ կմկմալով կը շեշտէ, թէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւն ստեղծելը հնարաւոր է։
Խօսքերով եւ քիփլինկեան «եթէ»-ներով կարելի չէ առաջնորդուիլ եւ սպասել։
Ուաշինկթընը, Մոսկուան, Լա Հէյը, Սթրազպուրկը․․․եւ արար աշխարհը թող իմանան, որ Արցախն ու արցախցին պաշարուած են, հոն այլ տեսակի ջարդ մը կը կատարուի։ Հայրենիքին տիրութիւն ընող արցախցիին եւ համայն հայութեան համար, այս վիճակը ընդունելի չէ, պէտք է փշրել բոլոր շղթաները: Երեւանի մէջ իշխանութեան ղեկը ունեցող խմբակը իրաւունք չունի հայրենի հողեր յանձնելու եւ պատրուակելու, որ «խաղաղութիւն պիտի բերէ», որովհետեւ բաց աչքերով կը տեսնենք, որ ան, ի շարս ալ խոստումներու՝ անկարող է իրականացնել խաղաղութիւն բերելու խոստումն ալ:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական